ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սանձազերծուած պատերազմը ուր որ է շաբաթէ մը ի վեր ընթացքի մէջ է։ Թէեւ առաջին հայեացքով ուժերու յարաբերակցութիւնը անհամեմատելի է կողմերու միջեւ, սակայն, այս հանգամանքը վերջնականօրէն արգելք չ՚ըլլար, որպէսզի ամբողջ տարածաշրջանին տեսակէտէ լուրջ սպառնալիք մը չյառաջանայ։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ թէեւ Իրան լուրջ կորուստներ կու տայ եւ դիմադրունակութիւնը զգալիօրէն նուազած է, սակայն, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ անկանխատեսելի իրավիճակը հետզհետէ աւելի կը խորանայ։
Երէկ, Իրանի կողմէ արձակուած հրթիռ մը՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ օդային մարզը անցնելով ուղղուեցաւ դէպի Թուրքիա։ Այդ հրթիռը անմիջապէս ոչնչացուեցաւ՝ Միջերկրականի արեւելքին տեղակայուած ՆԱԹՕ-ի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ։ Հրթիռի կտորները ինկան Հաթայի կարգ մը գաւառակները։ Դէպքին հետեւանքով ոեւէ մէկը չտուժեց եւ տուժող մըն ալ չեղաւ։
Յամենայնդէպս, այս իրադարձութիւնը Անգարա-Թեհրան առանցքին վրայ որոշ վերիվայրումի մը պատճառ դարձաւ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թուրքիա փոխադարձելու իրաւունքը ինքզինքին կը վերապահէ՝ իրեն ուղղեալ ամէն տեսակ թշնամական վերաբերմունքի դէմ։ ՆԱԹՕ-ն ալ պախարակեց Թուրքիոյ թիրախաւորուած ըլլալը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ստեղծուած իրավիճակին մէջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարը ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ պատերազմի ընդլայնումը ինչպիսի ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Ֆիտան զրոյցի ընթացքին Թուրքիոյ զգուշացումները փոխանցեց Իրանին։
Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա կայունութեան կղզի մըն է տարածաշրջանէն ներս։ «Այս դժուարին օրերուն մեր գործը բախտի չենք վերապահեր։ ՆԱԹՕ-ի հետ մեր նախազգուշական միջոցները ձեռք կ՚առնենք։ Մեր զգուշացումները կը կատարենք, որպէսզի անգամ մըն ալ չկրկնուի», ըսաւ նախագահ Էրտողան։ Բաց աստի, ան շեշտեց, որ Թուրքիա պիտի չյայտնուի այն ծուղակներուն մէջ, ուր ոմանք կը ջանան ներքաշել զինքը։
Մինչ այդ, ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ ալ հաղորդուեցաւ, որ Իրանէն դէպի Թուրքիա հաւանական զանգուածային գաղթերու պարագային վարկածներ օրակարգի վրայ կը գտնուին եւ ձեռք կ՚առնուին համապատասխան նախազգուշական միջոցները։ Այսպէս, առաջին փուլին Թուրքիա շուրջ 90 հազար հոգի տարողութեամբ ճամբարի մը պատրաստութիւնը արդէն իրականացուցած է։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ տեղեկացուեցաւ, որ պատերազմի առաջին հարիւր ժամի ընթացքին երկու հազար թիրախ արդէն հարուածի ենթարկուած է։ Սա պատերազմի վեցերորդ օրուան դրութեամբ հրապարակուած տուեալ մըն է։