ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ԵՒ ՏԷՅՎԻՏ ԼԵՄԻ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ կարեւոր հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լեմիի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ, ուր Ֆիտան եւ Լեմի կը գտնուէին ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին մասնակցելու նպատակով։ Այս ծիրէն ներս կազմակերպուեցաւ շփումը, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ 

Ֆիտան-Լեմի զրոյցին տեւողութեան շօշափուեցան Թուրքիա-Անգլիա համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Անգարա-Լոնտոն առանցքին վրայ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ։ Նախարարները կանգ առին նաեւ միջազգային անվտանգութեան խնդիրներու վրայ։

Շաբաթ, Ապրիլ 5, 2025