ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԱԷՍԹՐՕ ԽՈՐԷՆ ՄԷՅԽԱՆԷՃԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի երաժիշտ, խմբավար Խորէն Մէյխանէճեան, որ անփոխարինելի վաստակ ներդրած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազան երաժշտութեան աւանդոյթներու եւ ընդհանրապէս դպրոցի յարատեւութեան ճանապարհին։ Իր կորուստը վրայ հասած է յետ հիւանդութեան ու պատճառ դարձած՝ համատարած վշտի։ 

Խորէն Մէյխանէճեան երէց սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն մին էր՝ մանաւանդ արուեստագէտի հանգամանքով վայելած յարգանքով ու հեղինակութեամբ։ 1937 թուականին Հայաստանի մէջ ծնած էր Խորէն Մէյխանէճեան, որ ուսանած էր Էջմիածնի եւ Երեւանի երաժշտանոցներուն մէջ։ Իր տաղանդն ու լրջութիւնը բարձր գնահատուած էին երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Իրեն վստահուած էր Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի երգչախումբին ղեկը։ Միեւնոյն ժամանակ, տակաւին սովետական շրջանին, Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի փոխ-խմբավարը եղած էր՝ դառնալով մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի լծակիցը։ 

Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Հայրապետի օրհնութեամբ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հրաւէրով, վաղ 90-ականներուն ուղեւորուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Շրջանի առաջնորդին՝ այժմու Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ Նիւ Եորք հաստատուելէ վերջ, մաէսթրօ Խորէն Մէյխանէճեան սփիւռքեան եկեղեցական երաժշտութեան մղիչ ուժերէն մին դարձած էր ու միշտ գնահատուած ամերիկահայ շրջանակներու կողմէ։ Ան մինչեւ մեր օրերը վարեց Նիւ Եորքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարի երգչախումբը, որ իր մականին ներքեւ հասաւ գագաթնային որակի։ Մէյխանէճեան չէր բաւարարուած միայն առաջնորդանիստ մայր տաճարով եւ Նիւ Եորքի մերձակայ ծուխերու եկեղեցիներու երգչախումբերուն համար ալ ի սպաս դրած էր իր փորձառութիւնը։ Առաջնորդարանի կողմէ ստեղծուած սրբազան երաժշտութեան մասնաւոր բաժանմունքին գլուխը անցած էր՝ լիուլի արդարացնելով իր վրայ դրուած յոյսերը։ Աշխարհիկ երաժշտութեան ուղղութեամբ ալ կարեւոր գործունէութիւն ծաւալած էր մաէսթրոն, որ հեղինակած էր նաեւ գիրքեր։ 

Տասնամեակներու անխափան նախանձախնդիր սպասաւորութեամբ բոլորին սիրտը գրաւած մաէսթրօ Խորէն Մէյխանէճեան, դժբախտաբար, վերջին օրերուն աչքերը փակեց կեանքին՝ իր ետին թողլով բարի յիշատակ մը եւ իր ծով վաստակին նկատմամբ անսահման երախտագիտութիւն։ 

Այսօր, Նիւ Եորքի մէջ տեղի կ՚ունենայ իր թաղումը՝ մինչ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգը։

Երկուշաբթի, Մայիս 5, 2025