ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունիի քաղաքիս մէջ տեղի ունեցած համերգին արձագանգները կը շարունակուին։ Հարպիյէյի «Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի դահլիճի երդիքին տակ Շահան Արծրունի հերթական անգամ խոր տպաւորութիւն գործեց իր ունկնդիրներուն վրայ։ Նուագահանդէսի առընթեր, դասախօսութեան համազօր ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Արդարեւ, մեծանուն վարպետը երգացանկի հեղինակները ներկայացուց՝ կեանքի ոդիսականով եւ ստեղծագործական ուղիով։ Բոլորը այդ ճոխ տեղեկութիւնները ընկալեցին՝ Շահան Արծրունիի դաշնամուրի կատարողական անկրկնելի տաղանդին ականջ տալով։ Կարճ խօսքով, Շահան Արծրունիի համերգը մասնակիցներուն համար եղաւ թէ՛ մեծ վայելք մը եւ թէ անմոռանալի յիշատակ մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 5, 2025