ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՏԱՐԱՆՑՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ եւ Ղազախիստանի վարչապետ Օլժաս Պեքթենով երէկ վարեցին բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին օրակարգի վրայ եկան ուժանիւթի միջոցներու տարանցման հեռանկարները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քոպախիծէ յայտնեց, թէ Թիֆլիզ կ՚ողջունէ Աստանայի ուժանիւթի միջոցներու՝ մասնաւորապէս նաւթի եւ նաւթամթերքներու փոխադրման ծաւալներու բարձրացման հեռանկարները։ Սա կը նախատեսուի Վրաստանի փոխադրութեան ենթակառուցուածքներով եւ Սեւ ծովու նաւահանգիստներու միջոցաւ։

«Միջազգային հաղորդակցութեան ուղիները թոյլ կու տան, որ մենք դառնանք թուային հանգոյց Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ», ըսաւ Քոպախիծէ եւ աւելցուց, որ Վրաստան հնարաւորութիւն ունի կապող օղակ մը դառնալու Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Ասիոյ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Ասիոյ միջեւ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2025