«ԱՐԱՐԱՏ-73»Ը ՍՊԻՏԱԿ ՊԱՍՏԱՌԻՆ
Հայկական շարժանկարի սիրահարները վերջին շաբաթներուն անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն «Ոսկէ տուպլ» ժապաւէնը, որու առաջին հանդիսաւոր ցուցադրութեան արձագանգներն ալ կը շարունակուին: Սա Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին ֆութպոլի մէջ թէ՛ ախոյեան եւ թէ բաժակակիր դարձած «Արարատ» ֆութպոլի խումբին վերաբերեալ ֆիլմ մըն է: «Արարատ-73»ը այժմ կը ցոլանայ մեծ պաստառին, ինչ որ բոլորին յիշողութիւնը կը թարմացնէ, առասպելական այդ խումբի վերաբերեալ նորովի ընկալումներ կը ձեւաւորուին եւ ամենակարեւորը՝ սա լաւատեսութիւն ու եռանդ կը ջամբէ մերօրեայ հանդիսատեսին:
«Ոսկէ տուպլ» ժապաւէնի արտադրիչն ու բեմագրութեան համահեղինակն է Վալերի Սահարեան: Ընկերային ցանցերու վրայ այս վերջինը ֆիլմի ցուցադրութեան առթիւ կատարած է գրառում մը, ուր նշուած է հետեւեալը.
«Երկար ճանապարհէ, նկարահանումներէ, անհանգստութիւններէ եւ սպասումներէ յետոյ, «Ոսկէ տուպլ»ը վերջապէս մեծ պաստառներ կը բարձրանայ: Այս նախագիծը աւելին է՝ քան պարզապէս ֆիլմ մը: Սա պատմութիւնն է «Արարատ-73»ի ու այն մարդոց, որոնք հաւատացին, պայքարեցան ու յաղթեցին: Ֆիլմը այն մասին է, թէ ինչպէս մեծ մարզանքը տաք, ազնիւ ու իսկապէս մարդկային սիրտ մը ունի: Պատմութիւն մըն է այն երկրի մասին, ուր ապրած ենք մենք, մեր ծնողները եւ մեր ախոյեանները: Անկեղծօրէն կը հաւատամ, թէ կը զգանք այն ամէնը, ինչ դրած ենք այս աշխատանքին մէջ՝ զգացումներ, յիշողութիւն, սէր ու յարգանք անցեալի նկատմամբ»: