ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ռուսաստանի գործընկերներուն հետ աշխատանքային քննարկումներ կը կատարուին՝ երկրի երկաթուղիի կառավարումը այլ երկրի մը փոխանցման հարցին շուրջ: TRIPP նախաձեռնութեան աստիճանական հասունացման զուգահեռ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ կը բերէ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի հետ ջերմ յարաբերութիւններու տէր երրորդ երկրի մը՝ հայկական երկաթուղիի ցանցի կառավարումը յանձնելու խնդիրը: Ինչպէս ծանօթ է, Ռուսաստանի երկաթուղային ընկերութիւնը կը կառավարէ Հայաստանի երկաթուղային ցանցը՝ Հարաւ-կովկասեան երկաթուղիներ ընկերութեան միջոցաւ:

Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ այս հարցին: Կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ վարչապետը նշեց. 

«Աշխատանքային մակարդակով քննարկումներ կան Ռուսաստանի մեր գործընկերներուն հետ: Եւ մենք հարցին վերաբերեալ նաեւ որոշ ըմբռնում կը տեսնենք. բան մը, որու համար շնորհակալ ենք, որովհետեւ դարձեալ կ՚ըսեմ՝ մեր ըսածին մէջ Ռուսաստանի դէմ ուղղեալ որեւէ բան չկայ: Մենք ուղղակի մեր գործընկերներուն հետ կը բաժնենք առարկայական իրավիճակը՝ ըսելով, որ Հայաստան այս իրավիճակին մէջ պարզապէս իր մրցակցային առաւելութիւնները կը կորսնցնէ եւ մենք ուրիշ որեւէ մղում չունինք եւ յոյս ունիմ, թէ մենք կը կարողանանք հասնիլ յստակ լուծումներու»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց, որ Հայաստան երբեք իր առջեւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները վատթարացնելու կամ Ռուսաստանի շահերուն վնասելու խնդիր չէ դրած ու պիտի չդնէ: «Հայաստանի մօտեցումը միշտ հետեւեալն է. առաջնորդուիլ բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերով», աւելցուց ան:

Ի լրումն այս բոլորին վարչապետը զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալը. «Ես չեմ յիշեր, որ երբեւէ յայտարած ըլլամ, որ մենք կ՚երթանք Արեւմուտք: Սովորաբար, ես կ՚ըսեմ, որ մենք որեւէ տեղ ալ չենք երթար»: 

Հայկական երկաթուղիի ցանցի կառավարումը ռուսական ընկերութենէն առնելով այլ կողմի մը յանձնելու խնդիրը միջոցմէ մը ի վեր առարկայ է քննարկման: Այս ամբողջին մէջ օրակարգի վրայ եկած են նաեւ Հայաստանի երկաթուղիի որոշ հատուածներու վերանորոգման վերաբերեալ հարցեր: Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք միջոց մը առաջ յայտնած էր, որ իր երկիրը պատրաստ է Հայաստանի հետ բանակցիլ այդ հատուածներու նորոգութեան հարցին շուրջ: Ի պատասխան՝ Փաշինեան նշած էր, որ նախ վերանորոգութիւնները պէտք է ըլլան եւ աւելի վերջ կարելի է բանակցիլ: Իր կարգին, Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանն ալ ըսած էր հետեւեալը. «TRIPP-ով անցնող երկաթուղիի կառավարման հարցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՚առաջնորդուի բացառապէս իր շահերով»:

Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու այս հարցին կապակցութեամբ վերջին օրերուն նշած էր, որ այլ որեւէ երկիր Ռուսաստանի նման պիտի չկարողանայ կառավարել հայկական երկաթուղային ցանցը:

Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ նշած էր, որ ռուսական ընկերութիւնը Հայաստանը չի զրկեր մրցակցային առաւելութիւններէն, այլ ընդհակառակն: 

ԺՈՂՈՎ

Միւս կողմէ, երէկ, Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը: Նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան: Քննարկուեցան տարածարշրջանէ ներս ստեղծուած անվտանգային իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր: Օրակարգի վրայ եկան նաեւ հաղորդակցութիւններու բնականոն գործունէութեան ապահովման վերաբերեալ խնդիրներ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ տրուեցան համապատասխան յանձնարարականներ:

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ: Կողմերը մտահոգութիւն յայտնեցին եւ նշեցին լարուածութեան ապագայ սրման միտուած գործողութիւններէ զերծ մնալու կարեւորութիւնը: Անոնք ընդգծեցին կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:

Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով նշեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան կարեւորութիւնը, նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերու շուրջ:

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2026