ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՕՐԵՐ, ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ՎԻՃԱԿ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կը շարունակեն թիրախաւորել Իրանը։ Պատերազմը արդէն ուր որ է շաբաթէ մը ի վեր ընթացքի մէջ է եւ ծանրածանր հետեւանքներ կ՚ունենայ բոլոր առումներով։ ԱՄՆ եւ Իսրայէլ թէեւ յայտարարած էին, որ իրենց բուն թիրախը Իրանի վարչակարգն է, սակայն, դաշտի վրայ իրականութիւնը այն է, որ անոնք առանց ոչինչ խնայելու յառաջ կ՚ընթանան։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թուրքիա ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Անգարայի ղեկավարութիւնը անմիջական կապի մէջ է թէ՛ կողմերուն եւ թէ միջազգային դերակատարներուն հետ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ մօտաւոր անցեալին բաղդատմամբ աննախընթաց օրեր կ՚ապրուին եւ իւրաքանչիւր օր պատերազմներուն վրայ կ՚աւելնայ նոր մը։ «Ի յայտ եկած է ռիսք մը, թէ կրակը շատ աւելի ընդարձակ տարածում մը կրնայ գտնել», ըսաւ ան՝ յիշեցնելով, որ Թուրքիա բոլոր նախազգուշական միջոցները ձեռք կ՚առնէ։
Ըստ Էրտողանի, Իրանի դէմ ուղղեալ օդային յարձակումները եւ տարածաշրջանային լարուածութիւնը սարսափելի համեմատութեան մը հասած է։ Տնտեսութեան, առեւտուրի, անվտանգութեան, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան ոլորտներու վրայ այժմու իրադարձութիւնները բացասական ազդեցութիւն կը գործեն, ինչ որ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձուի։ «Մեր սահմաններու եւ օդային մարզի անվտանգութեան առումով դոյզն իսկ թերացում մը եւ տատամսում մը չենք ցուցաբերեր», ըսաւ Էրտողան։
Մինչ այդ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Վերջին օրերուն Պաքուի ղեկավարութիւնը կը պնդէ, որ Իրանէն անօդաչու թռչող սարքեր թիրախաւորած են Նախիջեւանը։ Թեհրանի ղեկավարութիւնը կը հերքէ այս պնդումները։ Յամենայնդէպս, Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ պատերազմական մթնոլորտին մէջ ստեղծուած է լարուածութիւն։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ խիստ ազդարարութիւններ կ՚ուղղէ Իրանին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Հաքան Ֆիտանն ու Ճէյհուն Պայրամովը երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Նախիջեւանի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։