ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Էրտողան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ արդիւնաւէտ, ծաւալուն եւ անկեղծ զրոյց մը ունեցած է իր ամերիկացի պաշտօնակցին հետ։ Երկու նախագահները փոխադարձ հրաւէրներ ուղղեցին իրարու՝ մինչ Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ կարճ ժամանակի ընթացքին հանդիպման մը հնարաւորութիւնը կը ստեղծուի։

Էրտողան եւ Թրամփ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ վերահաստատեցին իրենց կամքը։ Այս ամբողջին մէջ առանձնակի ուշադրութեան առարկայ դարձուեցաւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան խթանումը։ 

Միջազգային օրակարգի առաջնահերթ խնդիրները եւս Էրտողանի եւ Թրամփի օրակարգին վրայ էին։ Կազզէի պատերազմը, Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը, Իրան-ԱՄՆ բանակցութիւնները արժեւորուեցան անոնց կողմէ։ Ի լրումն այս բոլորին, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրիոյ իրադրութեան՝ մինչ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ այդ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը։

Երեքշաբթի, Մայիս 6, 2025