ՈՐԵՒԷ ԱՐԳԵԼՔ ՉԿԱՅ
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար խոչընդոտ մը չկայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ յանձնաժողովի նախագահը ըսաւ. «Որեւէ խնդիր չկայ, որպէսզի յարաբերութիւնները ամբողջ ծաւալով չկարգաւորուին։ Եւ մենք այս առումով կը սպասենք Թուրքիոյ գործօն քայլերուն»։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ Խանդանեան խօսեցաւ նաեւ կողմերու միջեւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ամրապնդման ուղղեալ միջոցառումներու շուրջ։ Ան այս ամբողջին մէջ մեկնաբանեց նաեւ THY-ի դէպի Երեւան թռիչք հաստատելու որոշումը։ «Թրքական օդային ընկերութեան Հայաստանի շուկայ մուտքը միշտ քննարկուած է, բայց միշտ քաղաքական պատճառներով չէ մտած։ Չեմ գիտեր, թէ ե՛րբ կ՚ըլլայ, որովհետեւ այնտեղ կան թեքնիք եւ իրաւական հարցեր, բայց, սա յառաջիկային տեղի կ՚ունենայ», յայտնեց յանձնաժողովի նախագահը։
THY-ի դէպի Երեւան չուերթ հաստատելու որոշման վերաբերեալ յայտարարութիւնը յաջորդած էր յատուկ ներկայացուցիչներու վերջին հանդիպման։