ԿԵՊԵԼԷԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Ատրպէյճան։ Ան կը մասնակցի Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթաժողովին, որ Կեպելէի մէջ տեղի կ՚ունենայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի տանտիրութեամբ։

Նախագահ Էրտողան երկկողմանի հանդիպումներ ալ կ՚ունենայ այս երկօրեայ հաւաքի շրջանակներէն ներս։ Կեպելէի գագաթաժողովը նախատեսուած է՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան նիւթերուն շուրջ։ Մասնակիցները կ՚արժեւորեն միջազգային կամ տարածաշրջանային բնոյթով հիմնախնդիրները, թրքական աշխարհէ ներս համագործակցութեան ամրապնդման եւ բարգաւաճման զարգացման հարցերը։

Գերաստիճանին կը նախորդէ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025