Երեքշաբթի 14, Հոկտեմբեր 2025
ՆՈՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ
Ֆրանսայի մէջ ներքին քաղաքական տագնապ մը կը խորանայ։ Այսպէս, վարչապետ Սեպաստիան Լըքոռնիւ հրաժարեցաւ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ նշանակուելէ ընդամէնը երեք շաբաթ վերջ։ Այսպէսով ան եղած է Ֆրանսայի ամենակարճ պաշտօնավարած վարչապետը։
9 սեպտեմբեր 2025 թուականի նշանակումէն ի վեր ան աշխատանք կը տանէր նոր դահլիճը ձեւաւորելու ուղղութեամբ։ Լըքոռնիւի պատրաստած կառավարութեան կազմը երկրէն ներս դժգոհութեան այնքան մեծ ալիք մը յառաջացուցած է, որ ան յարմար դատած է հրաժարիլ։ Մաքրոն արդէն ընդունած է Լըքոռնիւի հրաժարականը։
Ֆրանսայի մէջ կառավարութեան իրերայաջորդ փոփոխութիւնները սկսած են սպառնալ երկրի կայունութեան՝ մանաւանդ, որ ընդդիմութիւնը կը բարձրաձայնէ նաեւ հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի պահանջը։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025