ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս շարունակուեցաւ Օսմանեան շրջանի արքունի ճարտարապետներու՝ Պալեան բարեյիշատակ գերդաստանի անդամներու ոգեկոչման աւանդութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հանդիսապետութեամբ, շաբաթավերջին Պալեաններու յուշադամբանին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սկիւտարի քաղաքապետ Սինեմ Տետեթաշ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։

Այս ոգեկոչումը ամէն տարի կը համընկնի Պալեաններու յուշարձան-շիրմի վերաբացման տարեդարձին։ «Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ եւ Հրաչ Քըրմըզեանի բարերարութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը եւ տարիներու հոլովոյթին մէջ կը բիւրեղանայ անոր նշանակութիւնը։

Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ բաժանմունքէն ներս տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որու մասնակիցները ջերմօրէն հիւրընկալուեցան ատենապետուհի Նատին Փիլիկօղլուի գլխաւորած «Հայճար»ի վարչութեան կողմէ։

Պալեան գերդաստանի ճարտարապետական աւանդին շուրջ մասնագիտական արժեւորումով մը հանդէս եկաւ արուեստի պատմութեան ոլորտի հեղինակաւոր ներկայացուցիչներէն տքթ. Էլմոն Հանչէր։ Քաղաքապետ Տետեթաշն ալ արտայայտուեցաւ՝ Իսթանպուլի ընդհանուր դիմագծին վրայ Պալեաններուն կողմէ թող-ւած վառ հետքերուն մասին։ Յայտագրի տեւողութեան ողջոյնի խօսք մըն ալ արտասանեց Նատին Փիլիկօղլու, իսկ հուսկ բանքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Պալեաններու ճարտարապետական ժառանգութիւնը կարեւորեց այն տեսանկիւնէն, թէ այդ մէկը ինքնութեան պահպանման խրախուսման ուղղեալ գործօնի մը վերածուած է մեր համայնքին տեսակէտէ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։

Միւս կողմէ, այս ծրագրին զուգահեռ՝ նոյն գերեզմանատան մէջ վերյիշուեցան անմոռանալի բանաստեղծներ՝ Մատթէոս Զարիֆեան եւ Պետրոս Դուրեան, նաեւ լուսահոգի Տ. Շահան Արք. Սվաճեան, որոնց շիրիմներուն վրայ հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ։ Ս. Խաչ դպրեվանքի սաներէն Եւա Խուտոյեան եւ Արեգ Չաթաք արտասանեցին ոգեկոչեալ բանաստեղծներու գործերէն նմոյշներ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025