ԳԼՈՒԽՆԵՐ

Լրագրութիւնը, ըստ էութեան, կ՚ընկալուի՝ որպէս հարցում տալու արհեստ։ Ճիշդ հարցադրումը ի յայտ կը բերէ նաեւ լրագրսղի տուեալ նիւթի տիրապետման խորքը, ենթակային ու խնդրին նկատմամբ առառրկայական դիրքաւորումով հանդերձ։ Տեղին համեմատ վարպետութեան դրսեւորում կը համարուի նաեւ՝ անպատասխան մնացած կամ թողուած հարցումով պայմանաւորուած պարագան։ Օդի մէջ մնացած հարցումը նաեւ ենթակայի ոտքի տակի գետինը կրնայ սահեցնել՝ յաչս հետեւողին։

Էլըն Ուացի փիլիսոփայութիւնը կ՚ըսէ. «Մշտապէս անլոյծ մնացած հարցումները կրնան կասկած յառաջացնել՝ որպէս սխալ հարցադրումներու հետեւանք»։

Յամենայնդէպս, մշտական պարագաները, յարատեւութեան սահմանումները կը փոխուին՝ խաղի կանոններու փոփոխութեան զուգահեռ։ Շատերու յիշողութեան մէջ վստահաբար թարմ մնացած ըլլայ՝ արհեստական բանականութեան մարդամեքենաներու Զուիցերիոյ աննախընթաց մամլոյ ասուլիսը։ Լրագրողները իւրաքանչնւր հարցման պատասխանին համար շնորհակալութիւն կը յայտնէին մարդամեքենաներուն։ Ի դէպ, անոնք զերծ էին թէ՛ օդի մէջ հարցում թողելու եւ թէ ոտքի տակի գետնի սահեցման վտանգէն՝ քանի մամլոյ ասուլիսի աւարտին աշխատողներ զանոնք յանգցուցինանջատման կոճակէն ու շալակելով դահլիճէն դուրս հանեցին՝ դէպի բեռնատարներ։ Բայց ապահովաբար կու գան նաեւ այն ժամանակները, երբ մարդիկ դահլիճներու ելքին մարդամեքենաներուն ճանապարհ ալ կը զիջեն՝ դուռը պահելով, ժպտադէմ, երկիւղով, կոճկուած փաճկոնով, խոնարհաբար՝ ըստ կենցաղաին եւ արարողակարգային պատշաճութիւններու։

Կարծես քանի մը հիմնական գլուխի տակ ուսումնասիրելու նիւթ է. փիլիսոփայութիւն, օրինաչափութիւն, երեւակայութիւն՞ պարզամտութիւն։

Ահա՛, ուրեմն…

Ուրբաթ, Փետրուար 7, 2025