Կիրակի 8, Մարտ 2026
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարարները քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները՝ մտահոգութիւն յայտնելով իրավիճակի շարունակական սրման կապակցութեամբ։ Ֆիտան եւ Միրզոյեան կարեւորեցին տարածաշրջանէ ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատումը։
Միւս կողմէ, նոյնպէս երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ հեռաձայնով զրուցեց Վրաստանի իր պաշտօնակցին՝ Իրակլի Չիքովանի հետ՝ քննարկելով Մերձաւոր Արեւելքի վիճակը։
Շաբաթ, Մարտ 7, 2026