ԵՐԵՒԱՆ ՄԱՐԱԹՈՆ 2025

Հայկական մարմնամարզական աշխարհը վերջին օրերուն հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ Երեւանի մարաթոնին։ Աշնան բարենպաստ եղանակի պայմաններուն ներքեւ կեանքի կոչուեցաւ այս մարզական ծրագիրը, որ արժանացաւ համատարած ուշադրութեան։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին ստեղծուեցաւ արտասովոր մթնոլորտ։ «Երեւան մարաթոն 2025»ը արդէն տասներորդն էր իր նմաններու շարքին եւ իբր այդ յոբելենական բնոյթ կը կրէր։

Զանազան սերունդներէ մարզասէրներ եւ մարզիկներ մասնակցութիւն բարին մարաթոնին, որու աւարտին դափնեկիրները ստացան իրենց մրցանակները՝ մինչ բոլոր մասնակիցները արժանացան մարզասէրներու գնահատանքին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2025