ՀԱԼԷՊԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Սուրիոյ ներքին կայունութեան վերահաստատման ճանապարհին արձանագրուած վերիվայրումները միշտ կը յառաջացնեն մտահոգութիւն եւ օրակարգի վրայ կը զբաղեցնեն առաջանահերթութիւն։ Վերջին օրերուն Հալէպի մէջ մահացու բախումներ տեղի ունեցան Սուրիոյ կառավարական ուժերուն եւ քրտական զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ։ Այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ հրադադար հաստատուած է կողմերուն միջեւ։

Վերջին օրերու բախումները պատահած են Հալէպի քրտաբնակ թաղամասերուն մէջ։ Սուրիոյ բանակի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական զօրքերու միջեւ ծագած են բախումները։ Ըստ էութեան, այս լարուածութիւնը յառաջացած է՝ Դամասկոսի կողմէ այդ շրջանի ելք ու մուտքի ուղղութիւններուն վրայ վերահսկման կէտեր հաստատելու նախաձեռնութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Այդ կարգադրութիւնը պատճառ դարձած է բողոքի ալիքի մը։ Անվտանգութեան ուժերը արցունքաբեր կազ օգտագործած են ցուցարարներու դէմ եւ այսպէսով ծնունդ առած են բախումները, որոնց ժամանակ օգտագործուած են նաեւ ծանր զինատեսակներ։

Հրադադարի հաստատման վերաբերեալ հաղորդումներուն մէջ շեշտուած են, որ դէպքերը խլած են զոհ մը ներքին անվտանգութեան ուժերէն, որոնց շարքերէն չորս հոգի ալ վիրաւորուած է։ Քաղաքացիական անձերու շրջանակին մէջ ալ զոհուած է կին մը, կան տասնեակ վիրաւորներ, որոնց յստակ թիւը յայտնի չէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2025