ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՄՐՑԱՆԱԿ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի բարերար Կիրակոս Գույումճեան վերջերս արժանացած է պատուաբեր մրցանակի մը։ Այսպէս, իրեն շնորհուած է Քուէյթի Մարդասիրական բարեկամութեան միութեան բարձրագոյն պարգեւը։ Այս կառոյցը կը գործէ 2018 թուականէն ի վեր՝ հետամուտ ըլլալով աջակցիլ ուսանողներու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու, նաեւ բժշկական օժանդակութեան խրախուսման։
Կիրակոս Գույումճեանի պարգեւը յանձնուած է սոյն միութեան տարեկան ընթրիքին ժամանակ, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Նկատի ունենալով, որ վերոյիշեալ ուղղութիւններով Կիրակոս Գույումճեան բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ մրցանակը իրեն յանձնուած է, այլ անձնաւորութիւններու առընթեր։
Կիրակոս Գույումճեան բազում շրջանակներէ ներս բարի հանբաւ կը վայելէ՝ որպէս գործարար, բարերար եւ գիրքերու հեղինակ։
Պարգեւատրման երեկոյթին ներկայ գտնուած է նաեւ Քուէյթի մօտ Հայաստանի դեսպան Արսէն Առաքելեան։