ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ ԲԱՆԱԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Օսլոյի մէջ տեսակցեցաւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Պարթ Էյտէնի հետ։ Երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, նաեւ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Հիւսիսային Եւրոպայի եւ Պալթեան երկիրներու հետ համագործակցութեան։ Ուստի, Երեւան շահագրգռուած է երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացմամբ։ Բաց աստի, հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ Նորվեկիոյ շարունակական աջակցութիւնը՝ իր զարգացման օրակարգին։ Արդարեւ, Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ Նորվեկիա միշտ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային հարցերուն նկատմամբ։

Միրզոյեան Օսլոյի մէջ յայտարարեց նաեւ, որ երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին իր պաշտօնակցին ներկայացուցած է տարածաշրջանի իրադարձութիւնները եւ հերթական անգամ վստահեցուցած է, որ Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ խաղաղութեան օրակարգին։

Ի լրումն այս բոլորին, Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստան կը գործադրէ բոլոր ջանքերը՝ տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութիւն հաստատելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր՝ խաղաղութեան դարաշրջան մը բանալու առաջադրութեամբ։

Օսլոյի մէջ Արարատ Միրզոյեան այցելեց նաեւ Ֆրիտրիխ Նանսէնի կաճառը։

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2025