ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐ ԵՒ ՄՐՑԱԿԻՑՆԵՐ
Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութեան յաջորդած իրադարձութիւնները միջազգային օրակարգի կիզակէտին են։ Էսատի տապալումը, անշուշտ, անկիւնադարձ մըն էր եւ այդ փուլէն ի վեր կ՚ըսուի, որ Իրան տուժած է առաւել չափով։ Տարբեր առումներով անսպասելի դէպքեր տեղի ունեցան Սուրիոյ մէջ։ Ճիշդ է, որ շատերու համար արդէն յստակ էր, թէ երկիրը՝ որպէս իշխանութիւն եւ բանակ, կը գտնուէր հիւծուած վիճակի մը մէջ, սակայն, ոչ ոք կը մտածէր, թէ Ռուսաստանն ու մանաւանդ՝ Իրանը այսքան արագ կերպով իրենց ձեռքերը պիտի լուային Պեշար Էսատէն եւ անոր իշխանութենէն։ Պարզ է, անշուշտ, որ պատերազմի առաջին իսկ օրէն Սուրիոյ մէջ կար ուժերու մեծ պայքար մը։ Էսատ, որ ժառանգորդ-գործիչ մըն էր, կը հաւատար, թէ Իրանի ու անոր շիի իշխանակարգին նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը բոլոր առումներով զինք պիտի փրկէր։ Չմոռնալ, անշուշտ, որ Սուրիոյ բանակին տկարութիւնը բոլորին համար երեւելի դարձաւ 2012-2015-ի ժամանակաշրջանին։ Անշուշտ, այդ փուլէն ետք էր, որ Իրանի համաձայնութիւնը ունենալէ անմիջապէս վերջ Էսատ աղերսեց Ռուսաստանի նեցուկը։ Ու յանուն արդարութեան պէտք չէ անտեսել, որ Սուրիոյ անկեալ իշխանութիւններուն կեանքը երկարեցաւ՝ յատկապէս Ռուսաստանի ուժերու նեցուկին շնորհիւ։ Մինչ Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ը (իրանամէտ ուժ) կը կռուէր գետնի վրայ եւ ծանր հարուածներ կը հասցնէր սիւննի խմբաւորումներուն, անդին Ռուսաստանի ռազմաօդային ուժերը հրաշալի գործ կատարելով ճանապարհ կը բանային Էսատի թուլացած բանակին, որպէսզի վերջինս քալէր դէպի Հալէպ ու քաղաքը դուրս բերէր պաշարումէ։ Եւ այդպէս, 2016 թուականին Հալէպը դուրս կը բերուէր մեծ պաշարումէն, սակայն, Սուրիոյ իշխանութիւնները ոչինչ կ՚ընէին, որպէսզի քաղաքը իրողապէս շնչէր ու մանաւանդ՝ վերապրէր։ Եւ այս պատկերը տարածուած էր ամբողջ երկրով մէկ։ Սուրիոյ բոլոր քաղաքները կերպով մը լքուած էին իրենց ճակատագրին ու ասոր զուգահեռ՝ միայն մայրաքաղաք Դամասկոսը որոշ կենդանութեան ու եռանդի մը նշանները ցոյց կու տար։ Այս վիճակը, անշուշտ, տարածուեցաւ ինն տարիներու վրայ, մինչ Էսատն ու իր նեղ շրջանակը արտաքին աշխարհին կը ներկայանային՝ որպէս յաղթողներ, որոնք տիւ ու գիշեր տարուած էին երկիրը վերկանգնելու կարեւոր գործին։ Բայց, արտաքին աշխարհին ներկայացուած այդ պատկերը իրականութենէն շատ հեռու էր ու այդ նոյն պատճառով էր, անշուշտ, որ Սուրիոյ բանակը ի տարբերութիւն 2011 թուականի դէպքերուն՝ կռուելու փոխարէն իր զէնքերը գետին կը նետէր, այդպէսով ալ իր դռները կը բանար Իտլիպէն Հալէպ, ապա Դամասկոս արշաւած ընդդիմադիր խմբաւորումներուն առջեւ։
Այս բոլորին զուգահեռ՝ կային, անշուշտ, ներքին խլրտումներու հարցեր, որոնք առաւելաբար կապուած էին Սուրիոյ արտաքին դաշինքներուն, կեցուածքներուն եւ ընելիքներուն հետ։ Այս կէտին վրայ երեւան կու գար, որ Սուրիոյ իշխանութիւններու զանազան օղակներուն մէջ կար ընկալումներու մեծ տարբերութիւն մը։ Մինչ Պեշար Էսատ կը փորձէր նոր մօտեցումներով մերձենալ արաբական աշխարհին, անդին անոր եղբայրն ու իր օղակները կը հաւատային, թէ ժամանակը չէ Իրանի գօտիէն հեռանալու։ Ու հաւանաբար սա եղաւ պատճառը՝ Սուրիոյ վարչակարգի այսքան արագ տապալման։ Այլ խօսքով՝ Սուրիոյ խաղին մէջ մեծ դեր եւ ազդեցութիւն ունեցան ներքին խնդիրները, տեսակէտներու եւ գործելաոճի տարբերութիւնները։ Այս բոլորը թէեւ այլեւս կը պատկանին անցեալին, սակայն, Սուրիոյ ապագան պատկերացնելու տեսակէտէ կը ներկայացնեն կարեւորութիւն։
Այսօր Սուրիոյ ընդհանուր ընթացքին վրայ Թուրքիան ի վիճակի է ուղղակիօրէն ներգործելու։ Յամենայնդէպս, թէ՛ մօտաւոր անցեալի իրադարձութիւնները եւ թէ Էսատի անկման յաջորդած քանի մը յայտարարութիւններ դուռ կը բանան ենթադրելու, թէ Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւնները հարիւր տոկոսով հարթ կրնան չըլլալ։
Սուրիոյ մէջ, ըստ միջազգային մամուլի որոշ հրապարակումներու, կ՚աճի Իրանի եւ շիի զինեալներու դէմ դժգոհութիւն: Վերնախաւի որոշ ներկայացուցիչներ կը համարեն, որ Սուրիան Իրանի պատճառով դարձած է Իսրայէլի թիրախը: Թէ երկրի հիւսիսին հետ կապուած ի՞նչ համատեղ ծրագիր ունին Թուրքիան եւ Ռուսաստանը, կարելի է միայն ենթադրել։ Արտառոցը այս իրավիճակին մէջ Իրանի դիրքորոշումն է, որ փաստացի կը նպաստէ Սուրիոյ հիւսիսի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան պահպանման:
Անգարա յաճախ կը բարձրաձայնէ ապագայի վերաբերեալ պատկերացումները։ Թուրքիա եւ Իսրայէլ կը ջանան հասարակաց յայտարար մը գտնել Սուրիոյ պարագային։ Այս մթնոլորտին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն նաեւ այլ զանազան վերլուծութիւններ, ըստ որոնց՝ Ռուսաստանն ու Իրանը ո՛չ թէ դաշնակիցներ, այլ ռազմավարական մրցակիցներ են։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան