ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն այսօր երեկոյեան հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ։ Այս իրադարձութիւնը կը համընկնի՝ երկրէն ներս յառաջացած կառավարական տագնապով պայմանաւորուած իրադրութեան հետ։ Վերջին շրջանին Ֆրանսայի մէջ վարչապետի իրերայաջորդ փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան, ձեւաւորուած դահլիճները կա՛մ շուտով կը տապալին եւ կամ կ՚ունենան շատ քիչ կեանք։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Մաքրոն կրնայ յայտարարել քաղաքական կուսակցութիւններու հետ ներկայ տագնապը լուծելու շուրջ խորհրդակցելու մասին։ Ան վերջին օրերուն արդէն այնպիսի շփումներ ունեցած է։ Յիշեալ աղբիւրները անհաւանական չեն նկատեր նաեւ Մաքրոնի կողմէ ազգային ժողովի դարձեալ լուծարման վերաբերեալ որոշումի մը հրապարակումը։

Փարիզի քաղաքական օրակարգին վրայ է նաեւ հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի պահանջը՝ մասնաւորապէս ընդդիմութեան կողմէ։ Մաքրոնի կուսակցութեան ներկայացուցիչները վերջին օրերուն բացայայտօրէն հակադրուած են այդ պահանջներուն դէմ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2025