ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութիւնը (ԹՊԿ) պէտք է հասարակաց դիրքորոշում մը որդեգրէ միջազգային օրակարգի հարցերու շուրջ։ Ան համոզուած է, թէ ԹՊԿ երբեք ինքնապարփակուած կառոյց մը պէտք չէ ըլլայ։ «Մենք պէտք է կեանքի կոչենք տեսլական մը, որ ի յայտ կը բերէ մեր ձայնն ու ուժը։ Համոզուած եմ, թէ թրքական աշխարհը աւելի աշխոյժ դերակատարութիւն մը կրնայ ստանձնել մեր տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան ուղղութեամբ», ըսաւ ան։
Երէկ, Էրտողան Կեպելէի մէջ մասնակցեցաւ ԹՊԿ-ի գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի տանտիրութեամբ։ Թէեւ Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ ռազմավարական դաշնակիցներ են, սակայն, Էրտողան Կեպելէի մէջ ալ հաւատարիմ մնաց այդ երկրի դէմ Թուրքիոյ խօսոյթին։ «Մեր տարածաշրջանի մեծագոյն սպառնալիքը Իսրայէլն է», ըսաւ ան։
Նախագահ Էրտողան խօսեցաւ նաեւ Կասպից տարածաշրջանէ անցքով Միջին միջանցքի մասին։ Բաց աստի, ան խօսեցաւ թրքական համատեղ այբուբենի ուղղութեամբ առաջին գործնական քայլը առնելու շուրջ։
Ալիեւն ալ գագաթաժողովի ընթացքին միշտ հետամուտ մնաց «Զանգեզուրի միջանցք»ի խօսոյթին։ Ան առաջարկեց, որ ԹՊԿ-ի երկիրները կազմակերպեն միասնական զօրավարժութիւններ։ Իր խօսքով՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու գագաթաժողովի կարեւոր ձեռքբերումներէն մին եղած է «Զանգեզուրի միջանցք»ը։
Իր կարգին, Էօզպեքիստանի նախագահ Շեւքեթ Միրզոյեւ Կեպելէի մէջ ընդգծեց, որ Ուաշինկթընի հռչակագրի ստորագրումը թրքական պետութիւններուն տեսակէտէ ընդհանուր յաղթանակ մըն է։ Արդարեւ, սա լայն հնարաւորութիւններ կը բանայ՝ տնտեսական, փոխադրական ու մարդասիրական ոլորտներէ ներս համագործակցութեան համար։
Միւս կողմէ, Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, շնորհաւորելով պաշտօնակցին տարեդարձը։