OECD-Ի ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութիւնը (OECD) վերջին օրերուն հրապարակեց զեկոյց մը, ըստ որու՝ գաղթը դանդաղիլ սկսած է դէպի աշխարհի հարուստ երկիրները։ Վերջին քանի մը տարիներուն այդ երկիրները խտացեալ ձեւով գաղթական կը պահանջէին՝ գործուժի բացը հաւասարակշռելու համար։ Յամենայնդէպս, գործի նպատակով գաղթը ներկայիս նկատելի անկում մը արձանագրած է։ OECD-ի տեղեկագրին մէջ կը շեշտուի, որ աշխարհի հարուստ տնտեսութիւններուն ուղղեալ գաղթի հոսքը կը դանդաղի։

Թէեւ վիճակագրական թիւերը կը շարունակեն պատմականօրէն բարձր ցուցանիշներու վրայ մնալ, սակայն, 2024-ին դէպի OECD-ի երկիրները մշտական գաղթը 4 տոկոսով նուազած է՝ նախորդած երեք տարիներու բաղդատմամբ։ Դէպի նոյն այդ երկիրները՝ գործուժի հիմունքով գաղթն ալ նուազած է 21 տոկոսով։

OECD-ի ընդհանուր քարտուղար Մաթիաս Քորման յայտնեց, որ դէպի կազմակերպութեան անդամ երկիրները՝ գործուժի հիմունքով գաղթը նպաստած է անոնց գործուժի բացը հաւասարակշռելու եւ խրախուսած՝ այդ երկիրներու տնտեսութիւններու դիմադրունակութիւնը։

«Ազդու գաղթի քաղաքականութիւնները անհրաժեշտ են, որպէսզի կառավարուի գաղթի կապուած հանրային ծառայութեան ճնշումները եւ դիւրանայ գաղթականներու համարկումը գործուժի շուկային։ Գաղթականներու տեղացիներու բաղդատմամբ նուազ վարձատրութեան տարբերութիւնները, օտար վկայականներու համարժէք ճանաչման արագացումը, լեզուի ուսուցումը, գործ գտնելն ու վարպետութիւնը զարգացնելու ուղղեալ խրախուսական քաղաքականութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը ի յայտ կը բերէ», ըսած է Քորման։

Ըստ նոյն տեղեկագրին՝ հակառակ գործուժի հիմունքով գաղթի պարագային արձանագրուած լուրջ անկումին՝ ընտանեկան միասնութեան կամ մարդկային պատճառաբանութիւններով գաղթի պարագային յաւելումը շարունակուած է։ Այս պարագան ճնշումը բարձրացուցած է նոյնիսկ այն երկիրներուն վրայ, որոնք սովոր են գաղթականներ մարսելու։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ՝ բնակավայրի, կրթութեան եւ ընկերային օժանդակութեան ծառայութիւններու վերաբերեալ լուրջ բեռը։ Անցեալ տարի OECD-ի անդամ երկիրներուն մէջ կայք հաստատած է ընդհանուր առմամբ 6,2 միլիոն հոգի եւ այս թիւը համավարակի նախորդած շրջանին բաղդատմամբ 15 տոկոսով աւելի բարձր է։

OECD-ի տեղեկագիրը պատրաստած մասնագէտները առանձնապէս ուշագրաւ կը գտնեն, որ գործուժի հիմունքով գաղթը անկում արձանագրած է։ 2024 թուականի տուեալներով՝ այդ թիւը կազմած է 934 հազար հոգի, ինչ որ նախորդ տարուան բաղդատմամբ մէկ հինգերորդ համեմատութեամբ նուազում կը նշանակէ։

Այս անկումին մէջ դեր խաղացած են՝ մարդուժի շուկաներու մեղմացումներն ու Անգլիոյ նման կարգ մը երկիրներու կողմէ որդեգրուած՝ մուտքի արտօնութիւններու խստացման քաղաքականութիւնները։ Գերմանիոյ կամ Հոլանտայի նման Եւրոմիութեան կարգ մը յառաջատար երկիրներու պարագային՝ գործուժի հիմունքով գաղթը այլեւս համավարակի շրջանին նախորդած մակարդակներէն աւելի ցած է։ Այս հակումը կը մատնանշէ, որ գաղթը յառաջիկայ տարիներուն գործուժի յաւելման պիտի չնպաստէ՝ վերջին տարիներուն չափ։ Յամենայնդէպս, բազմաթիւ երկիրներու մէջ գործուժի շուկայէն ներս գաղթականները ամուր ընթացք մը ունին։ Կարգ մը երկիրներու պարագային գաղթականներու գործի ընդունման համեմատութիւնը աւելի բարձր է՝ քան տեղացիները։

Հարուստ երկիրները կը պայքարին՝ իրենց հասարակութիւններու արագ թափով ծերացման դէմ։ OECD տարեսկիզբին հանդէս եկած է զգուշացումով մը, ըստ որու՝ բաւարար չափով գաղթական չընդունելու պարագային, մինչեւ 2060 թուականը անդամ երկիրներու գործուժը կրնայ սահմանափակուիլ մինչեւ 8 տոկոսով, իսկ միջին եկամուտի յաւելումը իւրաքանչիւր տարի կրնայ նուազիլ միայն 0,6 առ հարիւր համեմատութեամբ։

Հուսկ, ըստ զեկոյցին՝ գաղթի հոսքերու ուղղութիւնը թէեւ կը փոխուի, սակայն, գաղթականութիւնը կը շարունակէ մնալ բանալի նշանակութեամբ մղիչ ուժ մը՝ հարուստ երկիրներու տնտեսական աճին առումով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 8, 2025