2026-Ի ՀԱՄԱՐ ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄ
«Stratfor» վերլուծական կեդրոնի կանխատեսումներով՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան այս տարի չափաւոր քայլերու պիտի ձեռնարկեն՝ անցեալ տարի նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրի դրոյթներու իրականացման համար։ Ուստի, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնը նուազ կը համարուի։ Երկու հարեւան երկիրներու միջեւ առեւտուրի կարգաւորումը ամենայն հաւանականութեամբ զգոյշօրէն շարունակուի։ Կողմերը պիտի ջանան վստահութիւն կառուցել՝ սահմանափակ առեւտրային գործակցութեամբ, այլ ոչ թէ համապարփակ տնտեսական համարկման միջոցաւ։
Ներքին քաղաքականութեան մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը բախի հանրային դժգոհութեան սրման։ Այս առումով կեդրոնը էական գործօններ կը համարէ Ատրպէյճանի դիմաց ենթադրեալ զիջումներն ու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ լարուած յարաբերութիւնները։ Ըստ վերլուծութեան՝ Փաշինեան հաւանաբար մինչեւ յունիսի ընտրութիւնները յետաձգէ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն։ Եթէ վարչապետը չվերընտրուի, ապա խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծի ճակատագիրը կը դառնայ անորոշ։ Իսկ եթէ ան կարենայ պահէ իշխանութիւնը, ապա ամենայն հաւանականութեամբ առաջնահերթութիւն կ՚ընծայէ TRIPP-ին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի հետ ստորագրուած համատեղ հռչակագրի կեդրոնական մասն է։
Ռուսաստան պիտի փորձէ խոչընդոտել TRIPP-ի զարգացումը, սակայն, տարածաշրջանէ ներս իր տկարացած դիրքը զգալիօրէն պիտի սահմանափակէ անոր կարողութիւնը։ Նոյնը ի զօրու է նաեւ Երեւանի եւ Պաքուի դէպի արեւմուտք շրջադարձի պարագային։
Իր կարգին, Ատրպէյճան պիտի աւարտէ՝ Իրանի տարածքով անցնող Արաքսի միջանցքի իր հատուածին շինարարութիւնը՝ TRIPP-ին զուգահեռ։ Ան այսպէսով TRIPP-ը պիտի պահէ նոյնաժամանակ թէ՛ որպէս լծակ եւ թէ այլընտրանք, որ Հայաստանը դուրս կրնայ թողել տարածաշրջանային համարկումէ՝ անոր համագործակցութեան չկամութեան պարագային։
Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ալ վերջին շրջանին անհանգստութիւն բարձաձայնած էին, թէ TRIPP-ը իրականութեան մէջ ոչինչով կը տարբերի «Զանգեզուրի միջանցք»էն։