ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մաճիտ Ռաւանչին։ Այս վերջնոյն գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւան այցելեց՝ Հայաստան-Իրան քաղաքական խորհրդակցութիւններու համար։

Նախարար Միրզոյեան զրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ հայկական կողմը հասկնալիօրէն մեծ կարեւորութիւն կը ցուցաբերէ հարեւան եւ բարեկամ Իրանի հետ յարաբերութիւններու նկատմամբ։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հարցերուն շուրջ։ Միրզոյեան ընդգծեց Երեւանի դիրքորոշմը, թէ ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը տեղի կ՚ունենայ հիմնարար սկզբունքներու շրջանակներէն ներս։ Անդրադարձ կատարուեցաւ այս ուղղութեամբ մշակուած ծրագրերուն եւ անոնց միջոցաւ ընձեռուած հնարաւորութիւններուն։

Ուրբաթ, Յունուար 9, 2026