ՑՈՒՑԱԿՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ փոխանակուած է՝ առուվաճառքի ներուժով ապրանքներու ցանկ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու երկիրներու կառավարութիւնները փոխանակած են այդ ցուցակը եւ ներկայիս սկսած է ուսումնասիրութեան գործընթաց մը։

Փաշինեան կառավարութենէն ներս զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ դիտել տուաւ, որ սոյն գործընթացի աւարտին բոլորին համար հասկնալի պիտի ըլլայ, թէ Ատրպէյճանի շուկան եւ անոր հնարաւորութիւնը բաց է բոլորին համար։ «Ով որ կ՚ուզէ կրնայ օգտուիլ այդ մէկէն», յայտնեց ան։

Ուրբաթ, Յունուար 9, 2026