ՄԻԱՅՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի կասեցման հարցը ներկայ տարեմուտին կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Վերջին օրերուն Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Կամաւորներու համախոհութեան գագաթաժողովը, որմէ վերջ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի երէկ մասնակցեցաւ Յունական Կիպրոսի՝ Եւրոմիութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ կազմակերպուած արարողութեան։ Հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը, ըստ էութեան, թէեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ռուսաստան առանցքին վրայ կ՚ընթանան, սակայն, Եւրոպան ալ այս ամբողջին մէջ ունի իր դերը։
Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց յայտնեց, որ Ուքրայնայէ ներս բազմազգ զօրքերու տեղակայումը անկարելի է առանց Ռուսաստանի համաձայնութեան։ Պերլինէն վճռական ձայն մըն ալ բարձրացուց Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր, որ խստօրէն քննադատեց՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրօք որդեգրուած ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը։ Ան կոչ ուղղեց աշխարհին, որպէսզի թոյլ չտայ համաշխարհային կարգի քայքայման եւ «աւազակներու որջի» մը ստեղծուելուն։ Շթայնմայէր Ուաշինկթընը մեղադրեց աշխարհակարգը տապալելով։
Պերլինի բաղդատմամբ Փարիզէն յարաբերաբար աւելի խիստ ոճով յայտարարութիւններ կը հնչեն։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւս խստիւ քննադատեց Սպիտակ տան քաղաքականութիւնը։ Մաքրոնի խօսքով՝ ԱՄՆ աստիճանաբար երես կը թեքէ իր դաշնակիցներէն։ Թրամփի վերջին յաւակնութիւններուն անդրադառնալով՝ Մաքրոն շեշտեց, որ Կրէօնլանտը պէտք է մնայ Դանիոյ ինքնիշխանութեան ներքեւ։ Մաքրոն Փարիզի նախընթաց օրուան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս ալ տեսակցեցաւ Զելենսքիի հետ։
Իր կարգին, Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր շեշտեց, որ Լոնտոն եւ Փարիզ Ուքրայնա զօրք կ՚ուղարկեն՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն վերջ։ Մոսկուա երկար ժամանակէ ի վեր զգուշացումներով հանդէս կու գար, թէ Ուքրայնայէ ներս որեւէ օտարերկրեայ զօրք պիտի համարուի օրինական թիրախ։
Անցեալ տարուայ վերջին օրերուն Թրամփ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Էլիզէի պալատի աղբիւրներն ալ միջոց մը առաջ տեղեկացուցած էին, որ Մաքրոնի եւ Փութինի միջեւ բանակցութիւններ կազմակերպելու հաւանականութիւնը օրակարգի վրայ է։ «Ժամանակն է, որ Եւրոպա վերսկսի երկխօսութիւնը Ռուսաստանի հետ», նշած էր, իր կարգին, Մաքրոն։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ յայտնած էր, որ Փութին պատրաստակամ է Մաքրոնի հետ խօսելու։