ԱՀՄԷՏ ՇԱՐԱՅԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարա, որ կը ջանայ կայունացնել իր երկրի ընթացքը, հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Վերջին օրերուն Հալէպի մէջ բռնկած բախումներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ տեղի ունեցան այս հեռախօսազրոյցները։ Էրտողան եւ Շարա համաձայնեցան՝ շարունակել սերտ համակարգումը երկու երկիրներու համապատասխան կառոյցներու միջեւ՝ համատեղ համաձայնութիւններու իրագործումը ապահովելու եւ տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան հեռանկարները ամրապնդելու ուղղութեամբ։

Շարայի հետ զրուցելու ժամանակ Մաքրոնն ալ հաստատեց իր երկրին յանձնառութիւնը՝ աջակցելու համար Սուրիոյ միասնութեան եւ ինքնիշխանութեան։ Անոնք համամիտ գտնուեցան խորհրդակցութիւններու շարունակականութեան կարեւորութեան շուրջ։

Ուրբաթ, Յունուար 9, 2026