ԿՐԱԿԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱԼ
Լիբանանի մէջ ճգնաժամերը նորէն կը դնեն երկիրը ճակատագրական շրջանի մը առջեւ։ Ամերիկեան վերջին ճնշումները եւ սահմանային լարումները պարզօրէն ցոյց կու տան, որ Ուաշինկթընի հիմնական նպատակը երբեք Լիբանանի կայունութիւնը չէ, այլ Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն անվտանգութիւնը։ Վերջին երկու տարիներուն Իսրայէլ հարուածեց Լիբանանի հարաւը՝ թուլացնելով «Հիզպուլլահ»ի դիրքերը, սակայն, չկարողացաւ այդ կուսակցութիւնը արմատախիլ ընել։ Թել Աւիւ կը պահանջէ վերջնական լուծում եւ այդ առաքելութիւնը վստահած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Իր կարգին, ԱՄՆ մեծ ճնշումներ գործադրեց Լիբանանի կառավարութեան վրայ եւ այս պատճառով վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ստիպուեցաւ «Հիզպուլլահ»ի զէնքը բացայայտ կերպով ապօրինի համարել ու պահանջել այդ կազմակերպութեան զինաթափումը։
Շուրջ տասն օր առաջ, Լիբանանի գոծով ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչները՝ Թոմ Պարաք եւ Մորկըն Օրթակիւս այցելեցին Պէյրութ, ուր կեդրոնացան «Հիզպուլլահ»ի զինաթափման վրայ։ Ներքին քաղաքական ուժերը եւս ճնշումներ կը գործադրեն երկրի բանակին վրայ՝ «Հիզպուլլահ»ի զինաթափման համար, սակայն, բոլորն ալ գիտեն, թէ նման քայլը կրակի հետ խաղալ կը նշանակէ։ Զինաթափման փորձը չափազանց վտանգաւոր է եւ կրնայ երկիրը տանիլ նոր արիւնահեղութեան եւ քաոսի։ Ամերիկացիները, գիտակցելով իրավիճակին ծանրութիւնը, կը փորձեն ժամանակ շահիլ եւ պատրաստուիլ յաջորդ փուլին, որ, ըստ շարք մը վերլուծաբաններու՝ ընթացք պիտի առնէ 2026 թուականի յունուարին։
Լիբանանի մէջ ամերիկեան խոստումներուն հանդէպ վստահութիւնը օր ըստ օրէ կը նուազի։ Այն շրջանակները, որոնք պատրաստ են «մարտական կեցուածք» ընդունիլ «Հիզպուլլահ»ի դէմ, կը զգան, թէ երկրին մէջ իրավիճակը շատ արագ կրնայ պայթիւնավտանգ դառնալ։ Բոլոր կողմերը կը փորձեն միաւորներ կուտակել եւ շահ ապահովել խաղատախտակին վրայ՝ երբեմն ծայրայեղ միջոցներով։ Այս իրավիճակը նոր լարումներ կը ստեղծէ եւ բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ երկրի քաղաքական եւ տնտեսական միջավայրին վրայ։
Այս բոլորէն անդին, Լիբանանի բանակը կը շարունակէ մնալ որոշիչ գործօն։ Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօրավար Ռոտոլֆ Հայքալ յայտարարած է, որ ինք կը նախընտրէ հրաժարական տալ՝ քան զինեալ ուժերը մղել ներքին արիւնահեղութեան։ Անոր խօսքերը բոլորին համար ազդանշան են, թէ բանակը պատրաստ չէ դառնալ ճգնաժամի մը գործիքը եւ ինքնուրոյն գործելու վճռականութիւն ունի։ Իր կարգին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աուն համակերպած է այս դիրքորոշման հետ՝ մինչդեռ վարչապետը կը շարունակէ ճնշել զինաթափման գործընթացը իրականացնելու յոյսով։ Սալամ կը նշէ, որ «Հիզպուլլահ»ի զինաթափումը ռազմավարական եւ քաղաքական յաղթանակ մը պիտի ապահովէ։ Յամենայնդէպս, իրականութիւնը փաստօրէն հակառակն է, այս քայլը կրնայ անդառնալի հետեւանքներ ունենալ։
Հաւանական բեմագրութիւնները՝ մինչեւ 2026-ի մասին, ահաւոր են։ Առաջինը քաղաքացիական բախումն է, եթէ կառավարութիւնը փորձէ զինաթափել «Հիզպուլլահ»ը պետական որոշումով ու բանակի միջոցով։ Բռնութիւնները կը սկսին յառաջիկայ յունուարին եւ փոքր հակամարտութիւնները կրնան արագ վերածուիլ լայնածաւալ ներքին պատերազմի։ Երկրորդը՝ քաոսն ու տնտեսական փլուզումն է, որովհետեւ լարումները միջազգային ներդրումները եւ արաբական օժանդակութիւնները կը խզեն՝ խորացնելով դրամատնային ճգնաժամը, պատճառ դառնալով նոր աղքատութեան մակարդակի մը եւ զանգուածային արտագաղթի։ Երրորդը՝ միջազգային միջամտութիւնն է. Լիբանանի ճակատագիրը կրկին դուրս պիտի գայ լիբանանցիներու ձեռքէն։ Ամերիկա, Իսրայէլ, Իրան, թերեւս նաեւ Ռուսաստան ու Եւրոպա պիտի փորձեն պարտադրել իրենց շահերը՝ օգտագործելով տարբեր խմբաւորումները, ինչ որ լրիւ կը խաթարէ երկրի ինքնիշխանութիւնը։
Ամերիկեան պաշտօնատարներու խօսքերը կը փաստեն, որ ԱՄՆ-ի ռազմավարութիւնը ուղղուած է «Հիզպուլլահ»ի վերջնական վնասազերծման եւ Իրանի ազդեցութեան թուլացման։ «Եթէ խաղաղ լուծում չգտնենք, պիտի մտածենք այլընտրանքային ծրագիրներու մասին», կ՚ըսեն ներկայացուցիչները ԱՄՆ-ի, որու նպատակն է ո՛չ թէ երկիրը կայունացնել, այլ Իսրայէլի շահերը պաշտպանել։
Այս բոլոր պարագաներով՝ Լիբանանը արագ կը մղուի ճակատագրական շրջանի մը։ Ամերիկեան ճնշումները, որոնք ուղղուած են «Հիզպուլլահ»ի զինաթափման, չեն խոստանար խաղաղութիւն, այլ ընդհակառակն՝ կրնան յառաջացնել քաղաքացիական նոր բախումներ։ Նոր լարումները կը խորացնեն ներքին պառակտումը եւ երկրի քաղաքական ու տնտեսական անկայունութիւնը։
Այս անորոշ վիճակին մէջ ժողովուրդը կը կորսնցնէ վստահութիւնը պետական եւ միջազգային կառոյցներու հանդէպ։ Ամենօրեայ կեանքին մէջ զգալի են վախը ու յուսահատութիւնը։ Մեծաթիւ ընտանիքներ արդէն կը մտածեն արտագաղթելու մասին՝ մինչ երիտասարդ սերունդը կը զգայ, թէ իր ապագան արդէն փուլ եկած է։ Լիբանանեան սփիւռքը, որ միշտ կարեւոր օժանդակութիւն բերած է, այսօր եւս բարձրաձայն կը քննադատէ ամերիկեան ճնշումները եւ կը փորձէ իր ձայնը լսելի դարձնել միջազգային ատեաններու մէջ։ Հարցը այն է, թէ արդեօք աշխարհ պիտի լսէ՞ լիբանանցիներու իսկական պահանջը կամ պիտի շարունակէ խաղալ անոնց ճակատագրով։
Այսօր ակնյայտ է, որ արտաքին ուժերը ո՛չ միայն կը մրցին իրարու դէմ, այլեւ կը շահագործեն լերկրի ներքին պառակտումները։ Այս մրցակցութիւնը կ՚ունենայ շատ աւելի խորքային հետեւանքներ՝ քան պարզ սահմանային լարումները։ Այս վիճակը կը կտրատէ Լիբանանի հասարակութեան հիւսուածքը եւ երկրի ժողովուրդը կրնայ դարձնել մշտական ճնշման ենթակայ։ Այդ է պատճառը, որ բանակ չ՚ուզեր մասնակցիլ ներքին բախումներու եւ կը դիտուի՝ իբրեւ վերջին պատնէշը քաոսէն խուսափելու։
Երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքական դասաւորումները ստեղծած են իրավիճակ մը, երբ բոլորը պատրաստ են խաղալ ծայրայեղ միջոցներով։ Ժողովուրդը վախով կը տասնէ, որ կառավարութեան որոշումը կրնայ ամէն ինչ դուրս բերել խաղաղութեան ճանապարհէն։ Այս պայմաններուն ներքեւ լիբանանեան բանակը զուսպ է ու պատրաստակամ՝ երկրէն ներս բռնութիւնը կանխելու համար։ Սա միակ գրաւականն է՝ խուսափելու համար նոր աղէտալի բախումէն։
Մէկ խօսքով, Լիբանանի ապագան կախեալ է ներքին համախմբումէ եւ արտաքին ճնշումներու դէմ դիմադրութենէ։ Միակ լաւատես ելքը երկրի ազգային եւ քաղաքական միասնութիւնն է՝ ուժեղ «ոչ»ը ամերիկեան եւ այլ արտաքին խաղերուն։ Որովհետեւ ամերիկեան ռազմավարութիւնը երբեք ուղղուած չէ Լիբանանի ընդհանուր շահին, այլ միայն Իսրայէլի անվտանգութեան ապահովման կը ձգտի։
Այս իրականութեան լոյսին ներքեւ, Լիբանան եւ լիբանանցիները կանգնած են ընտրութեան առջեւ՝ դուրս գալ արտաքին ազդեցութիւններէ եւ պահպանել սեփական երկիրը կամ ենթարկուիլ ճնշումներուն ու դառնալ հերթական զոհը տարածաշրջանային խաղաքարտերու։ Բանակի մերժումը՝ մտնել ներքին ճահիճին մէջ, կը դառնայ ցուցիչ մը, թէ երկրի պաշտպանութեան համակարգը պատրաստ է խուսափիլ անդառնալի աղէտէ։ Յամենայնդպէս, եթէ կառավարութիւնը կամ արտաքին ուժերը ճնշումը շարունակեն, ապա երկիրը կը դառնայ «փոքր Սուրիա» մը՝ մշտական անկայունութեամբ, որու գինը կրկին պիտի վճարէ ժողովուրդը։
Ամփոփելով՝ Լիբանանի ապագան այսօր կախուած է երկու բանէ։ Ներքին համախմբում եւ բանակի հաւասարակշռուած դիրքորոշում։ Աշխարհի գերտէրութիւնները, ի տարբերութիւն երկրի բանակին ու ժողովուրդին, նպատակ չունին կայունութիւն ապահովելու, այլ հետամուտ են միայն իրենց քաղաքական ու ռազմավարական շահերուն։ Որեւէ այլընտրանքային ճանապարհ գոյութիւն չունի՝ քան Լիբանանի ներքին միասնութիւնը եւ արտաքին խաղերու դէմ դիմադրութիւնը, որպէսզի երկիրը չերթայ նոր արիւնահեղութեան եւ քաոսի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան