ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Հայաստանի նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի նախընթաց օրուայ մամլոյ ասուլիսի արձագանգները կը շարունակուին։ Երկրի խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան յայտնեց, որ TRIPP անցուղիի պարագային կրնային ըլլալ այլընտրանքային բեմագրութիւններ կամ առաջարկներ։ Անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ կազմակերպուած գագաթաժողովին յաջորդած յայտարարութիւններն ու իրադարձութիւնները մեկնաբանելով՝ Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ.

«Հայաստան կրնար պնդել, որպէսզի TRIPP ըլլայ ո՛չ թէ 43 քիլօմեթր, այլեւ առնուազն չորս կամ հինգ անգամ աւելի երկար՝ մինչեւ Երասխ։ Այդ պարագային ճանապարհի անվտանգութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի վիճակէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Այլ տարբերակ մը կրնար ըլլալ՝ ԱՄՆ-ին շնորհակալութիւն յայտնել գաղափարի համար, բայց ճանապարհը կառուցել Հայաստանի կողմէ՝ անունը TRIPP թողնելով, սակայն, վերահսկողութիւնը պահելով Հայաստանի Հանրապետութեան»։

Ըստ Ռոպերթ Քոչարեանի՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան TRIPP-ի համար հաւանական ներդրումը մօտաւորապէս 1 միլիառ տոլար կը յայտարարէ, սակայն այս ենթադրութիւնը անհիմն է ու չափազանցուած։ Արդարեւ, նոյնիսկ 1 քիլօմեթր ճանապարհի կառուցման փոխարժէքը ըլլայ 1 միլիոն տոլար, երկաթգծի կառուցումն ալ արժէ մօտաւորապէս 43 միլիոն տոլար, ապա դարձեալ այդ ճանապարհը կարելի է սեփական միջոցներով կառուցել՝ առանց վարկ ստանալու։

Ռոպերթ Քոչարեան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնեց, որ Փաշինեան պատճառ եղած է պատերազմի եւ այժմ խաղաղութեան օրակարգը դարձուցած է իր մենաշնորհը։ «Փաշինեան երրորդ հանրապետութիւնը թաթախած է արեան մէջ եւ հիմա կը փորձէ մաքրուելու համար ստեղծել չորրորդ հանրապետութիւն մը։ Խաղաղութեան օրակարգը պէտք է դառնայ ընդդիմութեան մենաշնորհը», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան եւ աւելցուց, որ իր պաշտօնավարութեան տասն տարիները եղած են ամենախաղաղ ժամանակահատուածը։

Յառաջիկայ տարուան խորհրդարանական ընտրութեան եւ իշխանափոխութեան հաւանականութեան շուրջ խօսելով՝ ան դիտել տուաւ, որ համախոհական համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է։ Քոչարեան համոզուած է, թէ Փաշինեան վերընտրուելու հաւանականութիւն չ՚ունենար, եթէ ընդդիմութիւնը սխալներ չգործէ։ «Ընտրակեղծիքներու պարագային յեղափոխութեան վտանգ կը յառաջանայ», կը կանխատեսէ Քոչարեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2025