ԵՒՐՈՊԱ ԹՐԱՄՓԻ ԾՐԱԳՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՃՆՇՈՒՄ ՉԻ ԳՈՐԾԱԴՐԵՐ ՔԻԵՒԻ ՎՐԱՅ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը կը շարունակէ մնալ միջազգային օրակարգի հրատապ նիւթերու շարքին՝ առաւել չափով կը տագնապեցնէ Եւրոպան։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի բանակցութիւնները գետին կը պատրաստեն որոշ փոխըմբռնումներու, սակայն, Ուքրայնա իրեն բաժին վիճակելիք զիջումներէն կը խուսափի՝ Եւրոպայի զգայնութիւններուն շնորհիւ։

Երէկ, Լոնտոնի մէջ, Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի մէկտեղուեցաւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ։ Քառակողմանի հաւաքին առթիւ շեշտուեցաւ, որ Ուքրայնայէ ներս հակամարտութեան վերջը ապահովելիք հիմնական սկզբունքն է արդար լուծումը։ «Ամենակարեւորը թշնամութիւններուն վերջ գտնելը եւ այս բանին արդար ու մշտական ձեւով ապահովուիլն է», ըսաւ Սթարմըր՝ ընդգծելով, որ իրենք Զելենսքիի վրայ ճնշում պիտի չգործադրեն, որպէսզի ընդունի ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրը։ Սթարմըր նախայարձակ որակեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ նշելով, որ պէտք չէ պարգեւատրել զինքը։

Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստա, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ յայտարարեցին, որ Ուքրայնայի ինքնիշխանութիւնն ու երկարաժամկէտ անվտանգութիւնը վճռորոշ նշանակութիւն ունին հաշտութեան բանակցութիւններուն համար։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2025