ԱՄՈՒՐ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

Անգարա-Պուտափեշտէ համագործակցութիւնը տակաւ կը խորանայ՝ մինչ երկու մայրաքաղաքներն ալ հիմնական շարք մը հարցերու մէջ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումներուն դէմ ունին վերապահութիւններ։ Հունգարիա ԵՄ-ի անդամ է, իսկ Թուրքիա ոչ։ Յամենայնդէպս, միջազգային օրակարգի տեսակէտէ առաջնահերթ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի պարագային անոնց դիրքորոշումները նկատելիօրէն կը համընկնին իրարու հետ։

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալեց Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը։ Երկու ղեկավարները գլխաւորեցին Թուրքիա-Հունգարիա Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի եօնթերորդ ժողովը։ Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի գրասենեակի համալիրէն ներս կազմակերպուած այս բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ նոյնպէս երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հունգարիա Համատեղ խորհրդակցական դրութեան առաջին ժողովը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Հունգարիոյ պաշտօնակիցը՝ Փեթէր Սիարթօ գլխաւորեցին բանակցութիւնները։ Թրքական պատուիրակութեան կազմին մէջ էին՝ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան կառոյցի ղեկավար Հալուք Կէօրկիւն։

Վիքթոր Օրպան Իսթանպուլի մէջ յայտարարեց, որ Հունգարիա մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ թրքական աշխարհին հետ յարաբերութիւններուն նկատմամբ։ «Նոր ժամանակներ սկիզբ կ՚առնեն, տարբեր աշխարհ մը պիտի ըլլայ եւ թրքական աշխարհը շատ մեծ ձգողականութիւն պիտի ունենայ, մեծ ծրագիր մը կայ», ըսաւ Օրպան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2025