ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ

Այսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պերլին, ուր կը հիւրընկալուի Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի եւ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի կողմէ։ Մայրաքաղաքի բանակցութիւններէն վերջ Փաշինեան կ՚անցնի Համպուրկ, ուր կը տեսակցի նաեւ քաղաքապետ Փեթէր Չենչէրի հետ։ Համպուրկի Առեւտուրի պալատէն ներս վարչապետը կը մէկտեղուի տեղւոյն գործարարներուն հետ։

Փաշինեանի շփումներուն ժամանակ, Երեւան-Պերլին համագործակցութեան առընթեր, կը շօշափուին նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2025