ՅՈՌԵՏԵՍՆԵՐՈՒՆ ԵՐԳԸ
Կեանքը կը շարունակուի։
Այո՛, կեանքին մեզի տուած առաջին, հի՜ն դասերէն ամենազդու դասն է ասիկա։ Ո՛ւր, ե՛րբ, ինչպէ՛ս, ի՛նչ ալ ըլլայ՝ կեանքը կը շարունակուի. տեղ մը մահ կ՚ըլլայ, տեղ մը մարդ կը ծնի, տեղ մը երկրաշարժ կ՚ըլլայ, տեղ մը գարուն կը ծաղկի, մահաբեր համատարած, անդարման հիւանդութիւն կ՚ըլլայ, ցաւ, կորուստ ու արցունք կ՚ըլլայ, բայց կեանքը կը շարունակուի. մէկու մը սիրտը ցաւէն կը ճմլուի, ուրիշ մը իր ուրախութիւնը կը հրամցնէ աշխարհին, մէկու մը ոտքերը շարժելէն կը դադրին, ուրիշ մը իր վազած պահուն իր հագածով կը հպարտանայ, մէկը իր ընելիք նոր գործին մասին կը պատմէ, միւսը իր հին գործին յուշերը տուփի մը մէջ կը հաւաքէ, բայց կեանքը նորէն, մի՛շտ կը շարունակուի…
Կը նայիմ մէջս, շուրջս. քիլոմեթրերո՜վ մեզմէ հեռու (հեռացող) հայրենիք, բոլորովին տարբեր ծննդավայր՝ «երկրորդ հայրենիք» կոչուող երկիր մը ունենալու անլուծելի հակասութեան մէջ, այո՛ մեր կեանքը կը շարունակուի։
Անկիւնադարձային շրջան է մեր հայրենիքին համար, հոգ չէ՛, կամ՝ է՛, հեռատեսիլէն, հեռաձայնէն դիտած որեւէ մէկ բանի պէս՝ եղածները, ըլլալիքները կ՚ըլլան, խորագիրներ կը դրուին, լուրեր կը տարածուին, տեսանիւթեր կը փնտռուին, յանկարծ մէջտեղ կ՚ելլեն կը մեկնաբանուին, չեն մեկնաբանուիր, անոնց մէջինները կը դատուին, օրինաւոր թէ՛ անօրէն՝ կը ձերբակալուին, նոր յայտարարութիւններ, ժողովներ, ստորագրութիւններ կը հաւաքուին, «հերոս» ու «դաւաճան»ի պիտակները հետզհետէ կը սղին, դուն՝ մեր կողմէն, ան՝ անոնց, պատերազմը կը սրի, դուրսի, սահման ու զինուորի, թշնամի կամ հակառակորդի պատերազմը չէ՛ ասիկա. մե՛ր, նե՛րսի պատերազմն է, որուն զոհերը «պաշտօնապէս» հրապարակուածներուն պէս թիւեր, ճերմակ տոպրակներու մէջ փաթթուած մեռած դիեր ու քանի մը հարիւր անյայտ կորածներ չե՛ն։ Ո՛չ։ Ներսի մեր պատերազմին զոհը այսօր ներսը թէ դուրսը պատահող որեւէ բանի նկատմամբ դո՛յզն հետաքրքրութիւն չունեցող մե՜ծ ու մեծցող անտարբեր ամբոխ մըն է, որուն հոգը չէ՛ աս բոլորը, քանի որ կեանքը, իրե՛նց կեանքը կը շարունակուի։
Սխալ է՞։ Երեւի՝ ոչ։
Հոն, հայրենիքի մէջ ինչ ալ պատահի, Կիւմրիի, թէ՛ ջերմուկի մէջ պատարագ ըլլայ, չըլլայ, զանգը հնչէ, չհնչէ, Կաթողիկոսին անունը տան, չտան, օդակայանին մէջ մարդիկ «Վե-հա-փառ» պոռան թէ չպոռան՝ հայրենիքին ու սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ մեր առօրեան անփոփո՛խ կը շարունակուի, մեր ձեռնարկները կը կազմակերպուին, նախաճաշ, ճաշ, ընթրիք, պարահանդէս, արծաթ ու ոսկի ամեակները կը նշուին, հայրենի տաղանդաւոր երգիչ-երգչուհիներ կը հրաւիրուին, նկար, նկար, նկարներ, փայլուն հագուստ ու սրունքներ, մինչեւ առտու ուրախութեամբ պարող մարդիկ, յաջո՜ղ միջոցառումը մանրամասնօրէն նկարագրող նոյնանման թղթակցութիւններ, գաղութի մը խնդիրները լուծելու համար, բուն խնդիրէն հեռու՝ սենեակի մէջ ժամերո՜վ խօսող, ազգանուէր յանձնառու պատասխանատուներ…
Կը շարունակուի մեր «գիտցած» կեանքը. դպրոցներու պատուհաններէն գոց սորվուած ոտանաւորներ կը լսուին, պատերուն վրայ հաւատալի մատղաշ սրտերով գծուած նոր «Արարատ»ներ կը կախուին, դասախօսութիւններ կ՚ըլլան, քիչ թէ՛ շատ մարդ՝ կարեւոր չէ՛։ Երգչախումբ, պարախումբ՝ փորձեր կ՚ընեն, մեր մայրաքաղաքի պատերէն կախուած՝ ձերբակալւած սրբազաններուն նկարը բան մը չի՛ փոխեր. կարեւորը մերիններուն քով-քովի քալով միասի՛ն ըրածն է եւ ոչ՝ ուրիշ բան… եւ շատ յաճախ կը խորհիմ.
Այդ եղածներո՞վ, վերջապէս իրականացած մեր պետութեա՞մբ, թէ՞ այդ երկուքով կը, պէտք է պահպանուի մեր գալիքը…
Ականջներուս, սրտիս մէջ կը զրնգայ տարինե՜ր շարունակ հայերէնի պահերուն մեր անգիր արտասանած Աւետիս Ահարոնեանի տողերը. «Մեր հայրենիքը կա՛յ, առանց որի ո՛չ գաղութ կայ, ո՛չ մենք կանք…»։
Պատարագին քանի՞ հոգի կար, աս նկարը «ֆէյք» է, շինծու է, դրամով եկած մարդիկ են, սիրով եկած մարդիկ են՝ տարբերութիւն չ՚ըներ. վերջը ի՛նչ կ՚ըլլայ՝ չենք գիտեր, կասկածելի է. կասկածելու հաւանականութիւն չունեցողը Կաղանդն է. ստեղծագործ մեր ժրաջան տիկնանց «Քրիսմըս պազար»ները սկսած են ու պիտի շարունակուին, չէօրէք, սուճուխ, մանթը եւ կարկարդակ պիտի պատրաստուին, պիտի հաւաքուինք, Կաղանդ պապային իրական չըլլալը շատո՜նց հասկցող մեր պզտիկները այնուամենայնիւ շարքի պիտի կենան, իրենց յաճախ չհաւնած նուէրները պիտի առնեն, մեծերը պիտի խօսին, օդէն, ջուրէն, հագուստէն, խոհանոցէն, թերեւս ալ՝ հայրենիքէն… ո՞վ գիտէ. ըսածս այն է, որ մեր «աւանդոյթները պիտի պահպանուին»…
Հայաստանը աւելի քան երբեւէ պետութիւն է, չէ՛, աւելի քան երբեւէ ազատ, ինքնիշխան ու անկախ է, անկախ չէ՛, Ալիեւի զաւթողական յայտարարութիւնները կը շարունակուին, դադրած են, աւելցած են, սրած են, «արեւմտեան Ատրպէյճան», «Էրիվան», «Զանգեզուր»… ասոնք շատ բան չե՛ն փոխեր բոլորիս կեանքերուն մէջ։
Լաւատես մարդիկ Նիկոլին հայրենաշէն դղեակներու շարքով հպարտ են, խաղաղութեան բերած բարգաւաճ մանկապարտէզները, մեր մանուկներուն մարզանք կարենալ ընելու բացառիկ հաւանականութիւնը, միջազգային մակարդակի համերգներն ու անոնց «մգկասթար»ներուն համար պահանջուած ապահովութիւնը, հոս-հոն գնուած դեսպանատուներու նոր շքեղ շէնքերը, համաձայնութիւնները, նոր-նոր զէնքերը, ամէն ինչ տանելիք-բերելիք բեռնատարները, «մաքուր օդ» ապահովող հեքթարներո՜վ ծառերը, նորաոճ շինարարութիւնը, վերականգնուող համալիրները, կամուրջները, «խելացի» համատիրութիւնները եւ անոնց մէջ եւ դուրս, ամէն տեղ ապրող, իրականութենէն փախչիլ ընտրող լաւատեսները…
Դեռ ինչ։
Ինչո՞ւ անհանգիստ են յոռետեսները։
Կեանքը կը շարունակուի։ Կաղանդը կը մօտենայ, այո՜, փայլուն աստղ, իրարու հետ մրցող քաղաքներու խոշո՜ր տօնածառներու կարմիր ու կանաչ զարդերուն ու խաղաղութիւն գովերգող «Christmas Carol»ներուն մէջ՝ տխո՜ւր «Երնէկ թէ այս նոր տարին» պիտի հնչեցնեն ինծի պէս այպանուող յոռետեսները…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ