Ժամանակ շահիլ…
Պետութիւններու ընթացքը կը նմանի տեղատուութեան եւ մակընթացութեան. յարատեւութիւնը, անշուշտ, չ՚ենթադրեր ուղիղ գիծ մը։ Վերելքի շրջանին այնպէս մը պիտի կուտակես, որ անկման փուլերուն կարողանաս դիմադրելու համար ծախսել՝ մինչեւ, որ իրադրութիւնը փոխուի, դարձեալ գան բարենպաստ ժամանակներ ու հնարաւորութիւն ստեղծեն նոր կուտակումներու։ Սա փակ շրջան չէ, բնական է, որովհետեւ միջպետական յարաբերութիւններու տրամաբանութեան մէջ էական է՝ ինչպէս ճիշդ ժամկէտով վարուիլը, այնպէս ալ ժամանակ շահելու ուղղութեամբ առաջնորդուիլը։
Հայոց պատմութեան մէջ պարագան տարբեր է որոշ չափով։ Վերելքի փուլերուն բան մը կուտակել կարելի չ՚ըլլար, միայն վերապրում կ՚ըլլայ, իսկ անկման փուլերը պատճառ կը դառնան պետականութեան կորուստի։ Արդի պատմութեան դրուագները բաւարար են հաստատելու այս դիտարկումները։
2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը եկաւ նոր ճամբաբաժան մը սահմանել հայոց պատմութեան մէջ՝ իր ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած գոյաբանական մարտահրաւէրներով։ Պատերազմի պարտութիւնը զուգադիպեցաւ համաշխարհային վերափոխումներու, ուժերու վերադասաւորման ժամանակահատուածի մը։ Միջազգային բեմահարթակի լարուածութիւնը այնպիսի վիճակ մը ստեղծեց, որ պատերազմի պարտութիւնը, առ երեւոյթ, պետութեան վերջնական կորուստի մը պատճառ չդարձաւ։ Հայոց ձեռքը մնաց կմախք-պետութիւն մը, որուն դարձեալ միս ու արիւն տալու համար հրաշքի համազօր նախապայմաններ ուրուագծուած են հորիզոնին վրայ։ Հայութիւնը եթէ նոյնիսկ գերազանց կատարէ իրեն վիճակած տնային աշխատանքը, ապա համաշխարհային գործօններու ազդեցութեամբ կրնայ արդիւնքը բաւարար չըլլալ պետութիւնը խնայելու համար, սակայն, այսօր դժուար թէ կարելի ըլլայ խօսիլ այդ պարտականութիւններու անթերի կատարման ու մանաւանդ՝ անոնց պատասխանատուութեան գիտակցելու մասին։
Ճիշդ ժամկէտով վարուիլը եւ ժամանակ շահելու ուղղութեամբ առաջնորդուիլը յաճախ զիրար կը համալրեն, կ՚ամբողջացնեն, սակայն, Հայաստանի առկայ մոլորուած երթին մէջ այսպիսի հաշուարկներ տեսնելու ջանքը ուղղակի միամտութիւն կը համարուի։ Հետեւաբար, Հայաստանի ժամանակ շահիլը կախում ունի պատահականութիւններէ։
Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած հռչակագիրը այս առումով առանձին գլուխ մը կը համարուի։
Հայաստանի յարատեւութեան կիզակէտին է Սիւնիքի մարզի ճակատագիրը։ Այժմ խնդրայարոյց միջանցքը վերածուած է TRIPP-ի։ Փաստաթուղթերու բառախաղերէն անդին, Հայաստան այսօր ի վիճակի՞ է հետամուտ ըլլալու՝ սպիտակի վրայ սեւով արձանագրուած իրաւունքներուն՝ անկախ անոնց նպաստաւոր ըլլալէն կամ ոչ։ Երկրին ներուժը բաւարա՞ր է նոյնիսկ փաստաթուղթի թոյլ տուածին տիրանալու եւ զայն պահելու։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար գուշակութիւններու երթալ պէտք չէ. ուշադիր պէտք է դիտարկել ուժերու յարաբերակցութիւնները, խօսքերու եւ գործերու միջեւ յառաջացած անդունդը, որու յորձանուտին մէջ են երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը, պետութեան ինքնիշխանութիւնը, սեփական սահմաններու ենթակառուցուածքներու պարագային իրաւազօրութիւնը, ապաշրջափակման եւ տարանցման վերաբերեալ փոխադարձութիւնը եւ մասամբ նորին։ Գաղտնիք չէ, որ խաղի կանոնները կը մշակուին եւ կը հաստատուին՝ այն մեկնակէտով, որ բոլոր խաղացողները լիարժէք խաղարկութեան մակարդակի վրայ են։ Իսկ եթէ անոնցմէ մին ըլլայ կամ դառնայ թերարժէք, ապա ինքնաբերաբար կը ծնին նոր վիճակներ, կատարուած իրողութիւններ։
Տեսնենք՝ բախտը կը ժտպա՞յ Հայաստանի երեսին՝ ժամանակ շահելու համար։