ԹՐԱՄՓԸ, ՄԱՏՈՒՐՈՆ ԵՒ ԱՐԴԻ ԱՇԽԱՐՀԸ
Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյին ձերբակալումը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Տելթա յատուկ ջոկատայիններուն կողմէ, հաւանաբար, վերջին շրջանին իր տեսակին ու դասակարգման մէջ ամենացնցիչ դէպքերէն կրնանք համարել միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Բնականաբար, միշտ ալ քաղաքական շատ տարողունակ, մեծ ու փոքր, կազմող կամ քանդող իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան եւ եթէ զանց առնենք համաշխարհային պատերազմները՝ իբրեւ գագաթնակէտեր քաղաքական իրադարձութիւններու ուժգնութեան ու վերաձեւորումներու, ապա Մատուրոյի ձերբակալումը իր դաշտի մակարդակով (այսինքն փոքր պատերազմներու ու քաղաքական մեծ ճակատումներու բաղդատմամբ) մը մնայ առանձնայատուկ:
Պատմութեան մէջ կան դէպքեր, ուր պետութիւններու զօրքերը մտած են ուրիշ երկիրներ ու ձերբակալած այդ երկրի թագաւորը, ղեկավարը, իշխանը... եւ այլն։ Այդ մէկը գերագոյն յաղթանակ համարուած է նուաճող կողմին, իսկ նուաճուած կողմին համար գերագոյն նուաստացում: Արդի պատմութեան մէջ կայ նմանատիպ դէպք մը՝ նոյնպէս ԱՄՆ-ի կողմէ կատարուած. Փանամայի նախագահ Մանուէլ Նորէակայի ձերբակալումը 1989-ին եւ անոր տեղափոխումը ԱՄՆ, դատավարութիւնն ու երեսուն տարիով բանտարկութեան դատապարտումը։
Երկու պարագաներուն ալ ԱՄՆ-ի կատարածը բոլորովին նոր պարբերութիւն մը աւելցուց արդի քաղաքական ու ռազմական պատմութեան մէջ: Բայց եւ այնպէս, Մատուրոյի ձերբակալումը կրնանք ձեւով մը ցուցանիշային ու բացատրիչ պատկերներէն մէկը համարել՝ մեր ներկայ միջազգային յարաբերութիւնները նկարագրելու տեսակէտէ: ԱՄՆ-ի գերիշխանութիւնը արդէն իսկ բացայայտ է եւ ան կ՚ուղղուի դէպի իր գագաթնակէտին, ինչ որ կանխատեսելի էր բազմաթիւ պատճառներով:
Հաւանաբար, մարդկային քաղաքական պատմութիւնը այսքան միաբեւեռ աշխարհ մը չէ տեսած, նոյնիսկ Հռոմէական ու Բրիտանական կայսրութիւններու ատեն: Անշուշտ, բոլոր ժամանակաշրջանները ունին իրենց արհեստագիտական, ընկերաբանական, մշակութային, տնտեսական եւ շատ մը մանրամասնութեանց բերումով կառուցուածքները, որոնցմէ կը բխին աշխարհի տուեալ ժամանակի դասակարգումները։ Բայց, եթէ հիմք ընդունինք, որ մարդկային պատմութեան ուժականութիւնը ուղղուած է զարգացում ու յառաջդիմութիւն արձանագրելու, ապա ներկայիս ԱՄՆ-ի կուտակած ուժը (ամէն բնագաւառներու մէջ) աննախադէպ, գերմեծ ու անսահման կրնանք համարել: Արդի աշխարհը, որուն հիմնասիւները բացուածութիւնն ու համաշխարհայնացումն են, իր մէջ (ինչպէս ամէն համակարգ) ունի ահռելի հակասութիւններ։ Հաւանաբար, ամենամեծ հարթումը այդ հակասութիւններուն, որոնք օրկանական կապով կ՚առընչուին գերհամարկման, բացուածութեան հետ (մեկնած այն գիտական իրադրութենէն, որ ինչքան բաց ըլլայ աշխարհը եւ ընդելուզուող՝ աւելի բազմահակասական է նոյնիսկ անոր արժէքային, բարոյական, ընկերաբական ու մշակութային համակարգերը), նոյն դրամական, տնտեսական եւ արհեստագիտական գերզարգացման ապահովման մէջ է, որ նոյնինքն ԱՄՆ ապահովեց աշխարհին: Եւ հոս ինչքան ալ ազատ շուկայական յարաբերութիւններն ու դրամատիրութիւնը ոչ-առաքինի համարուին ընկերվարութեան ու համայնավարութեան մօտեցումներով, ԱՄՆ-ի յաղթանակը մարդ անհատի բարօրութեան ապահովման մէջ է, միեւնոյն ատեն, տեղ մը, ԱՄՆ-ն է երաշխաւորողն ու իրականացողը ազատ շուկայով եղած յարաբերակցութեամբ ու կանոններով ապահովուող բարգաւաճումը՝ իր կողքին ունենալով համագործակից երկիրները:
Այսօր դժուար է պատկերացնել նոյնիսկ իբր համայնավարական Չինաստանի ալ զարգացումը (թէ՛ իբրեւ պետութիւն եւ թէ իբրեւ չինացի անհատ) առանց ԱՄՆ-ի հետ համարկման ու ներդաշնակեցման: Չկայ երկիր մը, որ ԱՄՆ-ի հետ լաւ յարաբերութիւններ չունի եւ տնտեսապէս զարգացած է։ Այս կէտին է, որ գաղափարական խնդիրը ինքզինք կը պարզէ եւ նոր գաղութատիրական ու շահագործումներու տեսութիւնը կը հակասէ ինքն իրեն։ Պարզ այն պատճառով, որ ոչ մէկ չզարգացած ու աղքատ ժողովուրդ-պետութիւն չ՚ուզեր ընտրել համայնավարութիւնը, նոյնիսկ տեղ մը ընկերվարութիւնն ալ իբրեւ իր զարգացման ուղի եւ ուղենիշ: Իսկ պայքարիլ ընդդէմ գաղութատիրութեան, դրամատիրութեան՝ փոքր ու աղքատ երկիրներու համար կը նշանակէ պայքարիլ ԱՄՆ-ի դէմ ու բնականաբար աւելի աղքատանալ։ Իսկ ԱՄՆ-ի հետ անմիջական պայքարի կամ նոյնիսկ դիմակայութեան ո՛չ տրամադիր է Չինաստանը, ո՛չ ալ Ռուսաստանը, պարզ այն պատճառով, որ անոնք ալ գրեթէ դրամատիրական են, իսկ իրենց վարչաձեւը ամբողջատիրական, ուստի, աւելի յետամնաց ու խոցելի քան ԱՄՆ: Պզտիկ ու աղքատ եւ այսպէս կոչուած գաղափարապաշտ պետութիւնները, նոյնիսկ եթէ հասնին 150 պետութեան, ապարդիւն է անոնց պայքարը այն իմաստով, որ եթէ խորտակեն ԱՄՆ-ը, նոյն այդ պետութիւնները պիտի չհարստանան ու այսպէս ըսած փրկուին կա՛մ գաղափարապաշտ միջազգային ձեւ մը պիտի կարենան ստեղծել:
Դառն ու միեւնոյն ժամանակ քաղցր իրականութիւնը այն է, որ նոյն Վենեզուելայի եւ ԱՄՆ-ի դէմ պայքարող բոլոր երկիրներու ժողովուրդները՝ մէկ առ մէկ քաղաքացիներու հարթութեամբ, եթէ ուզենք տեսնել, ապա կը յայտնաբերենք, որ հնարաւորութեան պարագային անոնց մեծամասնութիւնը կ՚ուզէ գաղթել իր սեփական երկրէն ու հաստատուիլ ԱՄՆ:
Հաւանաբար, գաղութատիրութենէն, դրամատիրութենէն, բաց աշխարհէն, մարդկային զարգացման ապահովումէն ու համաշխարհայնացումէն անդին, ԱՄՆ-ի ամենամեծ յաղթանակը կը կայանայ՝ իր քաղաքացիներուն բարգաւաճութիւն, բարօրութիւն ու զարգացում հայթայթելուն մէջ: Ինչպէս Մատուրոն բարի տարի կը մաղթէր նոյնիսկ Տելթայի զինուորականներուն ու լրագրողներու…
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան