ՀԱՅՈՒՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

Աւանդութիւնը սերունդներու ու անոնց միջոցով փոխանցուած ժառանգութիւն մըն է, որ կ՚ընդգրկէ անձին, ընտանիքին, հաւաքականութեան եւ ազգին իւրայատուկ միտքը, կեցուածքը, վարուելակերպն ու, տակաւին, ընկերային եւ կրօնական սովորութիւնները: Աւանդութիւնը այս իմաստով կը դառնայ ապրող կեանք՝ ներառելով մարդուն, հաւաքականութեան եւ ազգին ամբողջական մշակոյթի գիտակցութիւնը:

«Աւանդութիւն» բառին լատիներէն արմատը՝ tradere, կը նշանակէ բաժնեկցիլ, պահել եւ փոխանցել վերեւ յիշուած ժառանգութիւնը՝ ապահովելու համար հաւաքականութեան ինքնութիւնը եւ պատմութիւնը: Այս իմաստով, աւանդութիւնը կը դառնայ կեանք, որուն պէտք է գուրգուրալ եւ պահել, բայց նոյնքան նաեւ՝ վերակենսաւորել: Արամ Ա. Կաթողիկոսը մեզ բոլորս կը հրաւիրէ մեր աւանդութիւններու վերակենսաւորման՝ 2025-ը հռչակելով «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»:

Կան աւանդութիւնը պահելու եւ վերակենսաւորելու հայկական հիմեր, ենթահողերը, անոնց պարտադրանքները եւ այս բոլորին մէջէն զայն վերակենսաւորելու կարեւորութիւնը: Իբրեւ հայեր, եթէ սփիւռքը մեծ համեմատութեամբ դասականն էր, բայց վերջին երեսուն տարիներուն անոր վրայ եկաւ աւելնալու հայաստանեանը: Հայուն աւանդութիւնը եւ անոր վերակենսաւորումը վերածուեցաւ «երկսայրի սուր»ի մը, իսկ հայը՝ իր դասական եւ հայաստանեան շերտերով, սփիւռքեան իրականութեան մէջ պարտի անոր երկու կողմերը պահել սուր:

Տուպայի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, յունուար 2025: Տուպային օժտուած է օփերայի համար սարքուած շատ գեղեցիկ համերգասրահով մը՝ կառուցուած արդիական ոճով, ինչպէս՝ Տուպայիի իւրաքանչիւր ենթակառոյց: Ներկայ պիտի գտնուիմ Հայաստանի սիմֆոնիկ նուագախումբի ելոյթին՝ ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեանի, որուն երաժշտական եւ խմբավարի տաղանդին ու կարողութեան ծանօթ եմ:

Տուպայիի օփերայի համերգասրահը իւրաքանչիւր ելոյթէ առաջ ունի հանդիսատեսներուն համար սարքուած հիւրասիրութեան բաժին մը: Փոքր սեղանի մը ետին կանգնած՝ կը վայելէի այդ պահը, երբ երիտասարդ զոյգ մը մօտեցաւ ինծի եւ անգլերէն լեզուով խնդրեց, թէ կրնա՞յ բաժնեկցիլ սեղանը ինծի հետ: Սիրով ընդառաջեցի իրենց խնդրանքին, բայց շարունակեցի վայելել իմ հիւրասիրութիւնս՝ առանց խանգարելու զիրենք: Երիտասարդ զոյգը շատ մեղմ ձայնով սկսաւ զրուցել արեւելահայերէնով: Չուշացաւ հարցումս. «Հա՞յ էք»:

Երիտասարդ զոյգը շատ ուրախացաւ: «Մենք կռահեցինք, որ հայ կրնաս ըլլալ եւ անոր համար համարձակեցանք քեզի մօտենալու», ըսին ինծի:

Երկու հայորդիները մասնագիտութեամբ բժիշկներ են՝ վկայուած Երեւանի բժշկական համալսարանէն եւ Տուպայի հաստատուած են աշխատանքի բերումով: «Շատ գեղեցիկ քաղաք է, կը սիրենք հոս ապրիլ», ըսին ինծի:

«Դուք՝ դասական սփիւռքի հայերը, շատ աւելիով կապուած էք Հայաստանին եւ գիտէք՝ ինչպէ՛ս պահել հայուն արժէքները եւ ինքնութեան գիտակցութիւնը։ Մենք՝ հայաստանցիներս, երբ դուրս գանք Հայաստանէն եւ հաստատուինք սփիւռք, շատ աւելի արագ կը լուծուինք տեղական պայմաններուն հետ», ըսաւ երիտասարդ կինը:

Չզարմացայ երիտասարդ բժշկուհիին նկատողութեան: Բազմաթիւ այցելութիւններուս եւ հանդիպումներուս ընթացքին՝ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ, նշմարած եմ այս մէկը: Նոյնքան նաեւ տեսած եմ, թէ հայաստանեան եւ դասական սփիւռքի միջեւ հաղորդակցութեան եւ համակեցութեան կապերը որքա՛ն թոյլ են եւ երբեմն նոյնիսկ չկան: Եթէ դասական սփիւռքը կը մաշի, բայց, անոր վրայ կու գայ աւելնալու հայաստանեանը, որ կը լուծուի:

Այս վիճակներուն մէջ հայուն համար եղած է, կայ ու պիտի շարունակէ մնալ հիմնական մեծ ազգային առաքելութիւն մը՝ պահել ազգային ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթն ու աւանդութիւնը, որ՝ «Վճռական դեր ունի անոր ինքնութեան երաշխաւորման, ամբողջականութեան պաշտպանման, գոյութեան ամրացման ու շարունակականութեան պահպանման մէջ» (Արամ Ա. Կաթողիկոս, 2025):

Հայկական սփիւռքը, գէթ՝ դասականը, մեծ համեմատութեամբ հետեւանք է մեծ եղեռնի: Սփիւռքի տարածքին շինեցինք «պզտիկ Հայաստաններ», որովհետեւ ուզեցինք ապրիլ մեր ինքնութեամբ եւ աւանդութիւններով՝ առանց անտեսելու տեղականն ու տեղացին:

Հաւաքականութիւններ կ՚ապրին իրենց աւանդութիւններով եւ անոր բաղադրիչ՝ մշակութային եւ ինքնութեան արժէքներով: Այս կը դառնայ իւրայատուկ իւրաքանչիւրին համար: Արամ Ա. Կաթողիկոսը կը հիմնաւորէ իր թեզը, երբ կը շեշտէ, որ աւանդութիւնը՝ «Ժողովուրդին գոյութիւնը կ՚ամրապնդէ» եւ գոյութիւնը պահելով՝ «Արժէքները, տեսլականները, հաւատքը ու ոգին կը պահէ»:

Աւանդութիւնները, զանոնք պահելն ու փոխանցելը պէտք չէ դիտել միայն ներազգային տեսանկիւնէն, բայց նոյնքան նաեւ՝ համամարդկային եւ համազգային տեսանկիւնէն: Համաշխարհային քաղաքակրթութիւնն ալ կը հարստանայ այս բազմամշակութային արժէքներով եւ իւրաքանչիւր ազգային աւանդութիւններով: Հայը, որ կը տքնի պահելու ու փոխանցելու իր աւանդութիւնները սերունդէ սերունդ, իր նպաստը կը բերէ համամարդկային քաղաքակրթութեան զարգացման՝ բաժնեկցելով իր աւանդութիւնները:

Ներկայ օրերու աշխարհի յառաջխաղացին մէջ մարդիկ կրնան աւանդութիւնները ժամանակավրէպ նկատել: Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շեշտէ, որ սխալ է այս ըմբռնումը, թէ՝ «Աւանդութիւնը անցեալ է, հնամաշ, անհրապոյր, անիմաստ եւ ներկայ ժամանակներու անյարիր»: Այս մտածողութիւնը ճիշդ չէ: Ժողովուրդ մը կ՚ապրի իր աւանդութիւններով: Աւանդութիւններով ապրիլը չի նշանակեր, թէ պիտի ապրինք կեթոյական դրուածքով: Կարելի չէ համամարդկային կեանքի ու անոր հաղորդակցութեան մէջ մտնել, ընդունիլ, յարգել եւ գնահատել ուրիշը, երբ մենք մեր ինքնութիւնը չենք գիտեր:

Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը այս իմաստով շատ դիպուկ է. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատթէոս 22:39):

Եթէ քու անձդ չսիրես, այսինքն ինքնութիւնդ, մշակոյթդ, լեզուդ, հաւատքդ, այսինքն՝ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԴ, պիտի չկարենաս տեսնել ուրիշը՝ «ընկերդ», իր լեզուամշակութային եւ ազգային աւանդութիւններով: Ազգային աւանդութիւնը պահելը, կերտելն ու վերակենսաւորելը պիտի առաջնորդեն համազգային արժէքներու գիտակցութեան: Եթէ հայը այսօր հարկադրուած է բացուելու աշխարհին, այս պիտի նշանակէ, որ շատ աւելիով պիտի ամրապնդէ իր աւանդութիւններն ու վերակենսաւորէ զայն աւելի ուժեղ եւ օգտաշատ ձեւով հաղորդակցելու բազմակրօն եւ բազմամշակութային աւանդութիւններով լեցուն համակարգերու հետ:

Աշխարհ այսօր խառնիճաղանճ մթնոլորտի մէջ է: Մարդը կը փնտռէ ու կը փորձէ ստեղծել նոր համակարգեր, նոր արժէքներ, նոր չափանիշներ ու երեւի տակաւին՝ նոր «աստուածներ»: Հայը պէտք չունի այս խառնիճաղանճ մթնոլորտներուն ստեղծած ու սարքած «նոր»երը կիրարկելու: Հայը ունի իր ազգային աւանդութիւնը: Ինչպէս Նորին Սրբութիւնը կը յորդորէ, պէտք է՝ «Հաւատարիմ մնալ մեր աւանդութիւններու նկատմամբ»: Աւանդութիւնը «անփոխելի ու անհպելի երեւոյթ չէ» (Արամ Ա. Կաթողիկոս, 2025): Եթէ պիտի բարեփոխենք եւ պատշաճեցնենք մեր աւանդութիւնը ներկայ օրերու աշխարհի սլացքին հետ եւ պէ՛տք է որ ընենք, պարտինք փոխել «կեղեւը», բայց՝ պահել «միջուկը» (Արամ Ա. Կաթողիկոս, 2025):

Իսկ միջո՞ւկը:

Հայն է: Հայուն ինքնութիւնը, մշակոյթը, լեզուն, հաւատքը, աւանդութիւնը: Հայուն աւանդութիւնը հայը ապրեցնողն է: Հայուն աւանդութիւնը հայուն «ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներն ու իտէալները, իրաւունքները եւ պահանջները արծարծ պահող կենդանի յուշարարներն է» (Արամ Ա.Կաթողիկոս, 2025):

Հայը իր աւանդութեամբ է, որ կը դառնայ ազգային: Հայը իր աւանդութեան մէջէն ու անոր միջոցով է, որ լաւապէս կրնայ մտնել համազգային ու համամարդկային իրավիճակներուն մէջ:

Պիտի պահենք ազգայինը: Ազգայինը պահելով՝ կրնանք կերտել նաեւ համազգայինը եւ մտնել համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ:

Ազգայինը-համազգայինի կամրջող օղակը: Հայուն աւանդութիւնն է:

Հայը պիտի պահէ իր աւանդութիւնը: Բայց անպայմանօրէն պիտի վերակենսաւորէ զայն:

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ, Յունուար 2025

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2025