ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Նենգութեան, քսութեան, ատելութեան եւ շողոքորթութեան մասին ի՞նչ կ՚ըսէ Առակացի հեղինակը:
Պատասխան. Առակացի մէջ այդ բոլորին մասին այսպէս կը կարդանք.
«Ինչպէս կատղած մարդը, որ կրակի կայծեր, նետեր ու մահ կը ցանէ, այնպէս է այն մարդը, որ իր բարեկամին նենգութիւն կ՚ընէ ու ետքը կ՚ըսէ. “Կատակ ըրի”: Առանց փայտի կրակը կը մարի եւ եթէ քսու չըլլայ, կռիւը կը դադրի: Ինչպէս ածուխը՝ կայծերուն, ու փայտը՝ կրակին, այնպէս է կռուարար մարդը վէճ բռնկցնելու: Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են, որոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ՚իջնեն: Կրքոտ շրթունքները եւ չար սիրտը արծաթի կղկղանքով պատուած հողէ ամանի կը նմանին: Ատողը իր շրթունքները կը կեղծէ ու սրտին մէջ նենգութիւն կը պահէ: Անոր գեղեցիկ խօսուածքին մի՛ հաւատար, վասն զի անոր սրտին մէջ եօթը զզուելի բան կայ: Ան որ իր ատելութիւնը նենգութեամբ կը ծածկէ, անոր չարութիւնը ժողովուրդին մէջ պիտի յայտնուի: Փոս փորողը ինք մէջը պիտի իյնայ եւ ան որ քար կը գլորէ՝ իրեն պիտի դառնայ: Ստախօս լեզուն իր ծեծածները կ՚ատէ ու շողոքորթ բերանը կորուստ կը յառաջացնէ» (Առ 26.18-28):
Եկեղեցւոյ հայրերէն շատեր այս համարները տարբեր ձեւերով բացատրած են: Այսպէս, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.
* (Հերովդէսը որպէսզի մոգերը) գայթակղեցնէր, ձեւացաւ թէ բարեպաշտ է՝ իր սուրը ատոր ետին պահելով: Ան իր սիրտի ատելութիւնը պարզութեան գոյներով ներկեց: Ա՛յս է ճամբան բոլոր չարիք գործողներուն. անոնք մութին մէջ կը ծրագրեն, որպէսզի ուրիշները վիրաւորեն, մինչ կը ձեւանան, թէ պարզ են ու բարեկամ:
Սուրբ Բարսեղ Մեծը կը գրէ.
* Արդեօք ի՞նչ իմաստ ունի մեր կենդանիներու միս ուտելէն կտրուիլը, երբ չենք դադրիր մեր մօտիկներուն միսը ուտել բամբասանքով եւ չարախօսութեամբ: Ի՞նչ իմաստ ունի ուտելիքի պահք պահելը, մինչ չենք կտրուիր պիղծ մտածումներէն, շնութենէն, ատելութենէն եւ չարութենէն:
Վարք Հարանցի մէջ կը կարդանք.
- Անպա Մակարը կ՚ըսէ. Ձեր ականջները հեռու պահեցէք բամբասանքներէ եւ զրպարտութիւններէ, որպէսզի ձեր սիրտը անարատ ըլլայ: Որովհետեւ, եթէ ականջները անմաքուր խօսակցութիւններ կը լսեն, ապա սիրտին մաքրութիւնը առանց պղծութեան կարելի չէ՛ որ պահպանուի:
- Անպա Մարկոսը կ՚ըսէ. Այն ամէնը, ինչ որ եղբօր մասին կ՚ըսես իր ետեւէն ու չես կրնար զայն իր առջեւ ըսել, բամբասանք եւ զրպարտութիւն է: Ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր մտահոգութիւն, որ պաշտամունքի բարութեան չի՛ հասցներ, ապա աշխարհիկ մտահոգութիւն է:
- Անպա Շիշոյը կ՚ըսէ. Բամբասանքով էր, որ օձը Եւային եւ անոր հետ Ադամին եւս դրախտէն դուրս հանեց: Բամբասողը օձին նման է, ով անոր ընկերութեան մէջ կ՚իյնայ, կորուստի կը մատնէ զինք լսողը եւ իր անձն ալ չ՚ազատիր:
- Անպա Եսայիին հարցուցին, թէ ի՞նչ է բամբասանքը. ան պատասխանեց, թէ՝ «Աստուծոյ փառքին անգիտութիւնը եւ ուրիշներուն հանդէպ ատելութիւնը»:
Սուրբ Անտոն Անապատականը կը գրէ.
- Ո՛չ ոքի բամբասէ, որպէսզի Աստուած աղօթքդ չանտեսէ (չատէ):
- Բոլորին հանդէպ բարի եղիր. եթէ չես կրնար, ուրեմն սիրէ՛ բոլորը. եթէ չես կրնար, ապա գոնէ ո՛չ ոքի ատէ: Եթէ ասոնցմէ ոչ մէկը կրցար ընել, ապա այն պատճառով է, որ տակաւին աշխարհիկ բաները կը սիրես:
- Զգուշացի՛ր ստախօսութենէ, որովհետեւ ան Աստուծոյ երկիւղը կը վանէ մէջէդ:
Դարձեալ, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.
* Ասիկա Աստուծոյ սիրառատ բարութեան նշանն է, որ Ան կը ստիպէ թակարդ լարողներուն՝ իյնալ իրենց թակարդներուն մէջ, որպէսզի անոնք դադրեցնեն իրենց եղբայրներուն դէմ կռուելէն ու դաւադրութիւն ընելէն:
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.
- Մարդ տկարութենէն սուտ կը խօսի եւ վախէն դրդուած կը խաբէ։
- Ով որ մարդ կը խաբէ, զԱստուած կը խաբէ, եւ այդպիսով Անոր պատկերը խաբած կ՚ըլլայ։
Հ. Մարդ պէ՞տք է վաղուան համար պարծենայ:
Պ. Առակացի իմաստուն հեղինակը այս մասին այսպէս կը գրէ. «Վաղուան համար մի՛ պարծենար, վասն զի չես գիտեր թէ օրը ի՞նչ պիտի ծնանի» (Առ 27.1):
Մարդ արարածը յաճախ այս սխալին մէջ կ՚իյնայ, այսինքն՝ պարծենալ վաղուան օրով, կամ վաղուան օրուան մասին յոյսեր կապեր ու ծրագիրներ մշակել: Վստահաբար, մեզմէ շատեր արդէն իսկ ծրագիրներ մշակած են, թէ այս ամառ ո՛ւր պիտի մեկնին արձակուրդի, ի՛նչ պիտի ընեն, ինչպէ՛ս լաւ ժամանակ պիտի անցընեն, եւ այլն: Ուրիշներ, կը մտածեն, թէ վաղը ինչպէս կշիռքին նժարին հետ խաղալով մէկ երկու ղրուշ աւելի դրամ շահին: Ոմանք, կը մտածեն, թէ ինչպէս դատաւորին խաբելով, պիտի կարենան իրենց ընկերոջ՝ թէեւ յանցաւոր, ազատ արձակեն: Եւ այսպէս շարունակ:
Այս բոլորը արդիւնք են մեր անգրագիտութեան, ո՛չ թէ սովորական հասկացողութեամբ, այլ՝ Աստուածաշունչին հանդէպ մեր ունեցած անգրագիտութեան: Մենք թէեւ Աստուածաշունչ կը կարդանք՝ անշուշտ եթէ կը կարդանք, սակայն, կը կարդանք ո՛չ թէ լսելու, թէ ի՛նչ կը թելադրուի կամ կ՚ըսուի մեզի, այլ՝ կը կարդանք, այնտեղ մեր արարքներուն արդարացում փնտռելու համար: Բնականաբար, նման վերաբերմունքը Աստուածաշունչին նկատմամբ մեզ յաւիտենական կորուստի կ՚առաջնորդէ, որովհետեւ եթէ մարդկային մեր փոխյարաբերութիւններուն մէջ կրնանք նման վերաբերմունք դրսեւորել (թէեւ այս եւս սխալ է), բայց Աստուծոյ հետ կարելի չէ՛ խաղալ կամ մարդակային սին ու փուճ հաշիւներով մօտենալ:
Այս բոլորին լոյսին տակ եթէ դիտենք մարդուն ունեցած վաղուան օրով պարծենալու մոլուցքը, ապա պարզ կը դառնայ պատճառը: Վաղուան օրուան մասին Տէր Յիսուս Քրիստոս հետեւեալը կը թելադրէ մեզի.
* Ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի սիրէ եւ միւսը ատէ, կա՛մ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ։ Նոյնպէս ալ դուք, չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել, որքան ատեն որ կը ծառայէք դրամին։ Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմինին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան կերակուրը եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը։
Դիտեցէ՛ք երկինքի թռչունները. ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն եւ ո՛չ ալ շտեմարաններու մէջ կ՚ամբարեն եւ սակայն ձեր Երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք Աստուծոյ աչքին թռչուններէն գերազանց էք։ Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ՞ ձեր հասակը։ Կամ, ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի համար։ Օրինակ առէք վայրի շուշաններէն եւ տեսէք, թէ ի՛նչպէս կ՚աճին. ո՛չ կ՚աշխատին, ո՛չ կը հիւսեն։ Հաւատացէ՛ք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ։ Եթէ, ուրեմն, Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը կրակ կը նետուի, շատ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ ձեզ, թերահաւատնե՛ր։ Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. «Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք»։ Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են, որովհետեւ ձեր Երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն, թէ այդ բոլորին պէտք ունիք։ Դուք նախ խնդրեցէք, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք Իր կամքը կատարել եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի։
Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է (Մտ 6.24-34)։
Մարդիկ այս համարները կարդալով յաճախ սխալ կ՚ըմբռնեն, կարծելով, որ մեր Տէրը մեզ ծուլութեան կ՚առաջնորդէ, կամ անհոգութեան կը տանի: Մեր Տիրոջ եւ Առակագիրին ըսածը սակայն, մարդս զգուշացնելն է աշխարհիկ մտահոգութիւններէ, որոնք օգուտէն աւելի վնաս են մարդուն համար: Աւելին, Տէր Յիսուս մեզ կը զգուշացնէ աւելորդ մտահոգութիւններ ունենալէ, բայց չ՚արգիլեր մտածելէ առօրեայ, մեր կեանքին եւ մեր հոգիի փրկութեան մասին:
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան այս մասին այսպէս կը գրէ.
* Մտահոգութիւնները երբեմն մեզի փնտռել կու տան այն՝ ինչ որ մեզի պէտք եղածէն աւելին է։ Մտահոգութիւնները ոչ միայն Աստուծմէ կը հեռացնեն, այլեւ Աստուծոյ վրայ հաւատքի կամ վստահութեան պակասի արտայայտութիւն են։ Այն անձը, որ կը վստահի Աստուծոյ, ան երբեք պէտք չունի մտահոգութիւններէ բռնուելու։ Զգոյշ, մտահոգութիւն բառն է շեշտուածը եւ ոչ թէ մտածելը։ Որովհետեւ մարդը ամէնօրեայ իր գործին մասին պէտք է մտածէ, պէտք է զայն ծրագրէ, բայց ոչ թէ մտահոգուի անոր մասին («Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Մոնթրէալ, 2016, էջ 146)։
Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի «Աստուած մարդ յարաբերութիւնը Քրիստոսով. Մատթէոսի Աւետարանը, Ա. հատոր, գլուխներ 1-18, բացատրողական», տպուած՝ Հալէպ, 2024, աշխատասիրութենէն հատուած մը մէջբերելով, աւարտենք: Սրբազան Հայրը կը գրէ.
* Հագուստի համար մտահոգուիլը, Աստուծոյ կարողութեան վրայ անվստահութիւն կ՚ենթադրէ: Եթէ երբեք ստեղծագործութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ աստուածային կարգաւորութեամբ թռչուններուն ուտելիք կը հայթայթէ (Մտ 6.26) եւ ամենագեղեցիկ ու գոյնզգոյն հանդերձանքով կը զարդարէ ու կը պճնէ երկիրը, աւելի գեղեցիկ ու փառաւոր քան Սողոմոն Իմաստունի ունեցածը եւ հագածը, միթէ քեզի աւելիով պիտի չհագցնէ՞ ու քեզ չհոգա՞յ:
Մեզի կը մնայ, ներքին համոզումով մեր վստահութիւնն ու հաւատքը ընծայենք միակ ու ճշմարիտ հայթայթողին, մատակարարին եւ հոգատարին՝ Աստուծոյ, Որուն միակ եւ բարձրագոյն փափաքն ու ցանկութիւնն է մեր ապահովութիւնը, ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը:
Ուստի, երբ ամբողջական հոգիով կը վստահինք Աստուծոյ եւ բնաւ չենք մտահոգուիր տարրական երեւոյթներու բաւարարաչափ ապահումով, այլ մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք Աստուծոյ կամքին եւ մեր հոգիի փրկութեան աշխատանքին վրայ, այն ատեն Աստուած ամէն ինչ առատութեամբ եւ մեր սպասածէն ու ակնկալածէն ա՛լ աւելի կը հայթայթէ (էջ 168):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 131
Վաղարշապատ