ԱԿՆԱՐԿ - 134 - ՆԵՐԿԱՅԻ ՊԱՀԱՆՋՔԸ

Մեսրոպ Պատրիարք Նարոյեան, տակաւին վարդապետ եղած ժամանակ, 1905 թուականին «Լոյս»ի մէջ հրապարակած է գրութիւն մը՝ «Ներկայի պահանջքը», որ յետագային զետեղուած է 1948-ին, Իսթանպուլի մէջ հրատարակուած «Նշխարներ» գիրքին մէջ (էջ 91-95): Այս գրութեան մէջ Մեսրոպ Վարդապետը կը խօսի, թէ ինչպէս պէտք է Աւետարանը քարոզել, հրամցնել, ներկայացնել մեր ժողովուրդին: Նիւթը այժմէական է նաեւ այսօր, նկատի ունենալով կեանքին նիւթականացումը մէկ կողմէ, միւս կողմէ ալ աղանդաներու օր օրի աճը: Առ այդ, այդ գրութիւնը կը ներկայացնենք մեր սիրելի՛ ընթերցողներուն:

*

Ի՞նչպէս քարոզել Աւետարանը, ահա լուրջ հարց մը եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան համար: Արդեօք հաստատատիպ կարգերը եւ բանաձեւերը միշտ պիտի կրնա՞ն գոհացնել մարդուն յարաճուն կրօնական եւ բարոյական պէտքերը: Աչքի առջեւ ունենալով ներկայի հոգեկան ընդհանուր վիճակը, ձգտումները եւ գաղափարներու ընթացքը, պէտք չէ՞ հաւատքի խօսքը մատչելի եւ նպատակայարմար եղանակով մը բաշխել բոլոր դասակարգերուն:

Հասարակութիւնը եթէ միատարր մակերես մը ներկայացնէր, դիւրին պիտի ըլլար հաւատքի պարզ եւ սրտագրաւ խօսքերով շարժել իր սիրտը եւ լուսաւորել իր գիտակցութիւնը. սակայն իրականութիւնը շատ աւելի խոր եւ բարդ այլազանութիւն մը կը ցուցնէ այսօր:

Առաջին աչքի զարնող կէտը նոյնութեան պակասն է մեր հոգեկան կեանքին մէջ: Ցրուածութիւն, հակասութիւն մեր զգացումներուն, խորհուրդներուն եւ մեր գործերուն մէջ, ծփուն՝ վարանոտ վիճակի մը մատնած են մեր բարոյական կեանքը: Պարզ ակնարկ մը միայն բաւական է հասկնալու համար, թէ արդի նիւթական հրաշալի ճոխութիւններու եւ գիտական միաձոյլ յառաջդիմութեան համեմատութեամբ՝ նուազ է մեր բարոյական կորովը, մեր հաւատքն ու սէրը: Անցումի շրջանի մը մէջ կ՚ապրինք, ուր հին եւ նոր գաղափարները իրար կը վանեն, ուր հին խաւին մէջ՝ որ դեռ կը դիմանայ՝ նորը կազմուած է. եւ հին աշխարհի պատկերը, հոգւոյ եւ բնութեան վրայ միջնադարեան տեսութիւնները հետզհետէ կը յեղաշրջուին արդի բնագիտական ծանօթութիւններով եւ փիլիսոփայական ու գեղեցկագիտական աշխարհահայեցողութեան մը ազդեցութեան տակ:

Մեր հասարակութիւնը թէեւ եւրոպական ժողովրդեան մը ծաւալն ու զարգացման աստիճանաչափը չունի. ո՛չ իր գրական դպրոցները, ոչ գրականութեան եւ գեղարուեստի ակադեմիաները, սակայն արդի մտաւորականութեան ազդեցութիւնը կրած է, եւ իրերը հասկնալու ու դատելու տեսակէտով կարելի է հոս քանի մը ուղղութիւններ մատնանշել: Կան մարդիկ, եւ ասոնք մեր ամենէն զարգացածներն են, որոնք մտքի բաւական լայնութիւն մը կը ցուցնեն, հին եւ նոր բարոյական ըմբռնումները խաղաղօրէն իրարու քով դնելու համար: Գիտական ծանօթութիւնները, կ՚ըսեն ասոնք, իրենց անժխտելի օգուտն ունին եւ աւելորդ է անոնց դիմադրել. բայց կրօնի գետնին վրայ ալ պէտք է որ արժէք ունենան Ս. Գրոց աւանդական տեսութիւնները: Այս համերաշխութիւնը սակայն ժամանակաւոր է, հինը կամ նորը օր մը կը ծանրացնէ իր նժարը եւ հաւասարակշռութիւնը կը կորսուի: Իսկ Տարվինի, Լաբլասի, Պիւխնէրի աշակերտնեըը ժխտականին կողմը կը հակին:

Ասոնց համար իրերը շատ պարզ են, տիեզերքը զօրութիւններու եւ տարերու համադրումի մէջ է եւ ըստ որում, ստեղծագործութիւն, նախախնամութիւն, աղօթք եւ անհատական անմահութիւն, անկարելիութիւններ, եւ այլն։ Մինչ հոգեպաշտները՝ որ ամէնուրեք աւելի բազմաթիւ են եւ ընկերութեան լաւագոյն մասը կը կազմեն, հինցած խաղ մը նկատելով այս թունդ նիւթապաշտութիւնը՝ կը հաւաստեն, թէ հոգեկան կեանքը, որ գոյութեան անկախ գետին մը ունի, բնագիտական մեթոտով չի բացատրուիր: Ասոնց խոր համոզումն է, թէ բնութենէն եւ հոգեկան կեանքէն վեր՝ կա՛յ ամենակալ զօրութիւն մը, որ իրերու այդ երկու կարգերը իրարու հետ յարաբերութեան մէջ դնելով բարի նպատակի մը կ՚առաջնորդէ: Սակայն այս դրութեան հակասութիւնն ալ հոն է՝ որ Աստուծոյ զօրութիւնը, ինչպէս հոգին, բնական օրէնքներու սերտիւ կապուած նկատելով, անհաշտ բաժանում մը կը դնէ այդ երկու կալուածներուն մէջ։ Ահա՝ աշխարհի եւ կեանքի մասին հասկացողութիւններ, որով միշտ կը յուզեն հոգեկան կեանքը, զոր պէտք է ամրապնդել աւելի առողջ եւ աւելի փրկարար տեսութիւններով։

Մեր հասարակութեան հոգեւոր ներքին կեանքին դառնալով՝ կը տեսնենք, որ զգալի կերպով աճած է անտարբերութիւնը։ Այս երեւոյթը ուշագրաւ է մեր կրօնասէր համայնքին համար։ Նախապէս կրօնքէն եւ եկեղեցիէն անբաժան կեանքը՝ բարձր հրապոյր մը եւ գերազանց սփոփանք մը կու տար մեր մայրերուն։ Կեանքը կը սահէր եկեղեցիին հովանիին տակ, մարդոց բոլոր հոգեկան արտայայտութիւնները կրօնական դրոշմ մը ունէին իրենց վրայ։ Մարդ, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, իր մօր կաթին հետ կը սորվէր քրիստոնէարար խորհիլ եւ դատել, մթնոլորտը լի էր անով: 

Բայց այսօր մեր նոր սերունդը, մանկութենէն սառն անտարբերութեան մը գրկին մէջ, կը վատասերի, Աւետարանը օտարացած է ժողովրդեան մեծ մասին եւ կրօնական շունչ մը չ՚ոգեւորեր մեր նահապետական ընտանիքները: Իսկ մեր զարգացած երիտասարդութիւնն ալ կրօնական անկարողութեան մը ախտանիշերը կը ցուցնէ իր վրայ։ Աղօթք, օրհնենք, ընթերցում կամ քարոզութիւն դատարկ արարողութիւններ են շատերու համար, եւ ջերմ բարեպաշտութեան ամենապարզ լեզուն իբրեւ շաղփաղփանք կը հնչէ անոնց:

Այս ուծացումին ներքին պատճառները բազմաթիւ են: Միակողմանի դատում մը պիտի ըլլար՝ պատասխանատուութեան կամ այս անկածութեան ամբողջ բեռը հոգեւորականութեան միայն թողուլ: Հարկ է ժամանակին մէջ փնտռել զայն, ազդեցութեան այն շրջանակին մէջ՝ որ կ՚ընդգրկէ զմեզ ամէնքս ալ: Գործնական նիւթապաշտութիւնը, կենցաղասիրութիւնը, հոգեկան տարտամութիւնը, տարակոյսը կարեւոր դեր մը կը խաղան հոն: Արուեստն ու գրականութիւնն ալ, իրենց մաքուր եւ բարոյալից բովանդակութեամբը, շատ մը դարավերջիկներուն համար կրօնին տեղը կրնան բռնել, գոհացնելով՝ իրենց հասկացողութեան համեմատ՝ իրենց իտէալ պէտքերը։ Բայց այս կէտը նշանակութենէ զուրկ է մեզի համար, քանի որ մեր մէջ չի ծաղկիր այնքան բարձր եւ նրբացած արուեստ մը եւ գրագէտներ, որպէսզի հիացողներու, պաշտողներու խումբեր բոլորեն իրենց շուրջը. կամ պաշտամունքի մը պատուանդանին վրայ կենան. Կէօթէի մը, Վակնէրի մը, Հիւկոյի մը պէս: Անհատական այդ պաշտամունքը զուտ գեղեցկագիտական տեսութիւն մըն է՝ փիլիսոփայական շունչով մը ոգեւորուած, որուն եռանդուն ջատագովներն եղած են Քարլայլ, Էմէրսըն, Իրսէն, Նիցչէ։ Ու այսօր ալ շատերու համար պէտք մըն է Պրոմեթէոսի մը հպարտութեամբն ու յանդգնութեամբը իր իսկ ոտքերուն վրայ կենալ, իր ուժերուն վստահացած, առանց արտաքին կապի մը կամ ներքին գերբնական կախումի մը:

Հասարակութիւն ըսուած մեծ մարմնին առջեւ, որ այսքան այլատարազ պատկեր մը կը ներկայացնէ, ուր աշխարհն ու կեանքը այնքան բազմազան ցոլացումներ ունին, նոյն հարցը դարձեալ ինքնաբերաբար կու գայ մեր շրթներուն վրայ՝ թէ ի՞նչ պէտք է ընէ եկեղեցւոյ վարչական մարմինը, գոհացնելու համար անոր առօրեայ պէտքերը: Հարցը կնճռոտ է եւ ծանրակշիռ. պէտք է կորովով փարիլ խնդրին եւ անձնուիրաբար գործել: Պէտք է Ս. Գրոց ուսումը, Աւետարանը ժողովրդականացնել, կրօնական ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծելու համար ընտանիքին մէջ։ Քրիստոնէական հիմնական եւ լայն դաստիարակութեամբ մը հակակշռել արդի օտարոտի, միակողմանի, ծայրայեղ գաղափարները, ազդումները եւ նորասիրութիւնները, բեմը կենդանի ջուրի աղբիւրի մը վերածել, ու քաղաքակրթութեան բարեշրջումին զուգընթաց գործնական հաւատքի բարձրութեամը մը Աւետարանին շուրջը խմբել մարդիկը:

Մարդը հիմնովին փոխուած չէ, հոգեկան ծարաւը այսօր ալ բուռն է, ինչպէս նախնի դարերուն մէջ: Աւետարանը գոհացուցած է Պօղոսը եւ միւս Առաքեալներու ժամանակի քաղաքակիրթ եւ բարբարոս մարդոց պէտքերը. ու իր ամբողջութեան մէջ աշխարհին էութիւնը փոխուած չէ. անտարբերութիւնը, նիւթապաշտ, կամ նուազ ուժգնութեամբ միշտ իրենց խոր հիմը ունեցած են մարդուն բնութեան մէջ եւ անբաժան եղած են կեանքէն: Աւետարանը իր ճշմարտութեան լոյսովը կրնայ այդ խնդիրներուն խորը իջնել եւ լուծել զանոնք, ինչ ձեւով ալ այսօր ներկայանան մեզի եւ յուզեն հոգիները: Բայց ամէն բանէ առաջ պէտք է որ նա իր հողին վրայ գտնուի, պէտք է որ տիրապետէ գիտակցութեան վրայ ամէն մարդու, որ Քրիստոսի հետեւող մը կը դաւանի ինքզինքը: 

Հոգեկան իրերու մէջ կոչումն է՝ որ կ՚առաջնորդէ եւ շնորհքն է՝ որ կը զարգացնէ: Կանոնն ու օրինական կապերը ապարդիւն են հոն, ուր հաւատքը պէտք է որ խօսի, գործօն հաւատքը, ո՛չ սրտաշարժ ձեւերը, ո՛չ շրթներու վրայ թրթռացող բանաձեւերը, ո՛չ մեքենական եւ միստիք արտայայտութիւնները, այլ խոր ապրուած հաւատք մը, որուն համար մարդ քաջութիւն կը զգայ իր մէջ հազար անգամ մեռնելու: 

Քարոզութիւն մը որ ներքին մաքուր կեանքը, կրօնական փորձառութեան կեանքը կ՚արտայայտէ, կ՚արհամարհէ հռետորական ամէն պաճուճանք եւ արուեստական ամէն խրթնութիւն, իբր խեցեղէն անօթ՝ անհաղորդ ներքին ջերմութեան. նա շատ պարզ ու ընտիր բառեր կը գտնէ, ոգելից՝ զգայուն արտայայտութեան կերպեր ունի, ուսկից երկնային օծութիւն մը կը ծորի, կ՚ողողէ եւ կը պարարտացնէ հոգիները:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2025