ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՆՑԵԱԼԸ…
Մարդկութիւնը ունի յաւերժական մարմանջ մը եւս, որ յղացումն է։ Մարդը պէտք է յղում ունենայ ու ապրի այդ յղումով՝ կախուածութեամբ։ Եթէ չկայ այդ մէկը, մենք անդիմագիծ կը դառնանք ու մեր կեանքը ապարդիւն:
Ամէն յաջորդ քայլ ու դէպք, արարողութիւն ու գործողութիւն մղուած է երջանկութիւն ապահովելու, կամ գոնէ նուազագոյն չափով երջանկութիւնը աւելցնելու։ Անվերջանալի կը թուի մարդուն ձգտումը երջանկութեան, որ կրնայ ենթակայ ըլլալ արհեստագիտական, մշակութային հոլովոյթին հետ։ Մենք ժամանակի հոլովոյթով աւելի կ՚երջանկանա՞նք, մենք մեր հաւաքական ու անձնական կենսակերպով, առօրեայով, ապրուստով ու արարքներով աւելի՞ երջանիկ էինք նախկին դարերուն, կամ հիմա աւելի՞ երջանիկ ենք, կամ մեր երջանկութեան կերտումի ձեւն ու ոճը աւելի՞ յստակ էր ու գոհացնող՝ քան անցեալին: Այս բոլորը մեծ քաղաքակրթական հարցեր են, որոնց պարզագոյն եւ ոչ-գոյաբանական ու բնազանցական իմաստով պատասխանները «այո»ն է. այսինքն քանի մենք աւելի կը զարգանանք թէ՛ տնտեսապէս եւ թէ հոգեպէս ու ընկերաբանութեամբ՝ մենք աւելի երջանիկ ենք կամ կ՚ուղղուինք դէպի երջանկացում:
Այս կէտին անհատական տեսաբանութիւնը կրնայ տարբեր չափանիշներով բանիլ, բայց, չենք կրնար հերքել մարդկային տառապանքի աստիճանաւորում մը՝ գոնէ ֆիզիքական ու հոգական իմաստներով: Այո՛, չկայ չափիչ մը, որպէսզի չափէ մեր ժամանակային երջանկութիւնները, բայց անցեալի հետ մեր վերաբերմունքի ու հասկացումի կերպերը շատ բան ցոյց կու տան: Չենք կրնար ուրանալ մեր անվերջանալի վախը ապագայէն, ինչքան ալ արդարացուած կ՚ուզենք տեսնել զայն, վասն մեր երջանկութեան այսպէս կոչած՝ կերտման։
Յաջորդ քայլի գերին է ապագան, որ մեզ լարած է այնպիսի նկարագրով մը, որ մենք չենք կրնար առիթ տալ նոյն մեր ապագային հանդէպ մեծ վախին զոհ երթալու (իմա մահը), միեւնոյն ժամանակ մեր դատապարտուածութիւնը վաղուանով՝ մեզ կը մղէ անցեալն ալ այսպէս ըսած յաւերժացման ջանքին: Ապագան երջանկութիւնն է՝ իբր աւելի լաւին ու մահուան վանողութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ նոյն անցեալին մէջ է մեր յաւերժութիւնը, քանի այդ կայ մեր մէջ ու մեզմով, նաեւ իր ու մեր ուզած բովանդակութեամբ կը կերտէ ապագան:
Ապագան մեր փրկիչը չէ, բայց քանի մենք դէպի հոն կ՚ուղղուինք մեր ֆիզիքական պարտուածութեան հետեւանքով, մեր անհեթեթութեամբ ու ոգեղինութեամբ ուրիշ տարբերակ չունինք։ Կայ տարբերակ մը. անցեալով ապրիլ վաղը ու յաւերժական տեսնել մենք զմեզ՝ թէ՛ մեր հաւաքական եւ թէ մեր անհատական յիշատակներով ու պատմութեամբ:
Բոլորս ունինք երազային ժամանակով մը իրականացող քաղցրագոյն կեանք մը, որուն փնտռտուքով տարուած ենք ու յաճախ չենք գիտեր զայն, մինչեւ յարաբերականացուած ձեւով ու հասարակարգով մը մեզի հասնի կա՛մ մենք զայն նուաճենք մեր համատեղած եսով՝ ապրուածութեան ձեւ մը, զգացում մը, տեսակ մը, քանակ ու որակ մը... Քաղցրագոյն կեանքի նուաճումը սիզիփոսեան քար մըն է, զոր անդադար կը շալկենք ու չենք կրնար բացարձակ ներկայով ու ապագայի ակնկալիքով համտեսել զայն։ Միայն այդ նոյն քաղցրագոյն կեանքի վերծանումը, տեղ մը, կը կատարուի անցեալով եւ նոյն այդ երջանկութեան ապրուածութիւնը, զոր կատարած ենք անցեալով կամ նուազագոյնը համտեսած ենք, մեզ կը մղէ ապագային վերահասնելու ձգտելի ու պատկերուած երանելիութեան մը նուաճման:
Ողբերգացում՝ վասն ուրախացումի ընբոշխման…
Մենք ծրագրուածօրէն կամ բնազդաբար հակուած ենք հարցեր լուծելու կողքին հարցեր ստեղծելու։ Այս մէկը ժամանակային առումով անցելապաշտութիւն է եւ նոյն այդ անցեալէն ձերբազատուելու ձախող փորձ: Խնդրայնացուող ներկան ինքնին ժամանակային անդորրութեան դէմ է։ Հետեւաբար, անցեալը խնդրազուրկ է ու ապահով, անվտանգ, իսկ անցեալին եղածը փափաքելի է ու յաճախ պաշտելի: Ներկան ինքնին ողբերգականացած է, քանի ուշ կամ կանուխ կ՚ուղղուի դէպի վախճան, որ ողբերգացում է մեր գիտակցութեան մէջ, ուր մահուան գաղափարը կը բացայայտուի։ Մինչ այդ, ներկային զոհաբերումը վասն ապագային ու բացակայ յաւերժութեան՝ մեր իրագործումները կը վերածէ թիւի ու խորհրդանիշի։ Ան մեզի թոյլ կու տայ, որպէսզի ողբը ապրինք, բայց յաւերժաբար զայն շրջանցնելու ու յաղթահարման բաւարուածութեամբ կերտենք կեանքի անցողիկ ուրախութիւնը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան