ՅԻՇԵԼՈՎ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՇԱՐԺՄԱՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ

«Ամէն ազգ, ամէն ժողովուրդ իր տօները ունի։ Որը իր թագաւորութեան ծնունդը, որը ազատութեան մը ձեռք բերուիլը, որը պատերազմի դաշտին վրայ շահուած յաղթանակ մը կը տօնէ։ Ասոնք քաղաքական նշանակութիւններ ունին։ Մենք այստեղ ժողվուեր ենք մեր ազգային լեզուն տօնելու. ասիկա քաղաքական չէ, քաղաքակրթական հանգամանք մը ունի։ Քաղաքական տօները յաճախ արեան բիծեր կ՚ունենան իրենց վրայ, մեր տօնածը զերծ է այդ տեսակ ցաւէ։ Թագաւորութիւնները կ՚իյնան, ազատութիւններ կը ջնջուին, յաղթանակներ յաճախ պարտութիւններու կը փոխուին, բայց լեզուն կը մնայ, ազգի մը ճակատագրին պէս անջնջելի»։

«Հայ գրերու գիւտին 1500-ամեակի եւ Հայ տպագրութեան 400-ամեակի» կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ իրապաշտ գրականութեան անմահ դէմքերէն Գրիգոր Զօհրապի արտասանած այս բառերը կը բնութագրեն լեզուին ազգի մը կեանքէն ներս ունեցած կարեւորութիւնը։ 

Այս բառերը կը յիշենք, երբ այսօր համազգային շուքով կը տօնենք Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց յիշատակը։ Հոյլ մը նուիրեալներ, որոնք կը կազմեն հայ ժողովուրդի երախտաշատ սուրբերու փաղանգը։ Այսօր ո՛չ միայն կը յիշենք Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը, այլ անոր առընթեր՝ իր անմիջական աշակերտներն եւ անոնց ուղիէն ընթացող սուրբերը խմբովին։ 

Նախ քան Քրիստոսի յայտնութիւնը, աշխարհ կը գտնուէր մեղքի խաւարին մէջ։ Եսայի մարգարէ կ՚ըսէ «Եւ խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ» (Եսյ. 9.2)։ «Արդարութեան Արեգակին» (Մաղաքիա 4.2), «Աշխարհի Լոյսին» (Յվհ. 8.12) Քրիստոսի յայտնութիւնը աշխարհը լուսաւորեց։ Ս. Աւետարանին Լոյսը Ա. դարուն հասաւ նաեւ մեր ժողովուրդին նոյնինքն Քրիստոսի երկու առաքեալներուն եւ մեր առաջին լուսաւորիչներուն Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողոմէոսի քարոզութեամբ։ Հայ աշխարհին մէջ հաստատուած եկեղեցին Դ. դարու սկիզբին վերակազմակերպուեցաւ մեր հաւատքի հօր Ս. Գրիգոր Բ. Լուսաւորչի եւ հայոց Տրդատ թագաւորի միասնական ջանքերով։ Թէեւ եկեղեցին կը ծաղկէր, սակայն, միւս կողմէ ժողովուրդի լայն հատուած մը տակաւին կը շարունակէր մնալ հեթանոսական խաւարի մէջ։ Քրիստոնէութեան հայ արքունիքին հրովարտակով պաշտօնապէս ճանաչումին յաջորդող հարիւր տարուայ ժամանակաշրջանին հայը օտար ազդեցութիւններ կրեց իր եկեղեցիին մէջ, քանի որ օտար լեզուով պաշտամունք կատարուեցաւ։ Ասորերէնի եւ յունարէնի գործածութեան պատճառած դժուարութիւնները կը կաղացնէին քարոզչական առաքելութիւնը։ Քարոզիչին եւ ժողովուրդին միջեւ կար վերծանող կոչուած երրորդ եզր մը, որ պարտականութիւն ունէր աղօթքը եւ քարոզը ժողովուրդին հասկնալի դարձնելու։

Ե. դարու սկիզբին Գողթան գաւառի մէջ տակաւին հեթանոսական կրօնքի հաւատալիքներուն վրայ յամառող հայեր պատճառ դարձան, որ մեր ժողովուրդին վրայ ծագին այս անգամ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր գաղափարակից գործակիցները՝ իբրեւ մտքի լուսաւորիչներ, ամուր հիմերու վրայ կերտելու համար Ս. Գրքի ուսուցումները։

Քրիստոս մեզի կ՚ուսուցանէ, թէ «մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (Յովհ. 15.13)։ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ, մեղաւոր մարդոց նկատմամբ Աստուծոյ ցուցաբերած անսահման սէրը եւ այդ սիրոյն պտուղը՝ Գողգոթայի Խաչի վրայ մատուցուած փրկարար Ս. Պատարագը ի մտի ունենալով, սիրեցին զԱստուած եւ սիրեցին իրենց հեթանոս ազգակիցները եւ զանոնք Քրիստոսի լոյսին կանչելու համար զոհողութիւններ յանձն առին։ Վարդան Արեւելցի Ս. Թարգմանչաց Վարդապետներու շարականին մէջ հետեւեալ տողերուն մէջ կը խտացնէ թարգմանիչ վարդապետներու աշխարհուրաց եւ եկեղեցանուէր կեանքը. «Որք զերկրաւոր մեծութիւն փառաց խաւար կոչեցին. ապաւինելով ի յոյս անմահ Փեսային անճառ Բանին արժանի եղեն»։ Շարականագիրը ըսել կ՚ուզէ. «Անոնք կրնային աշխարհական կեանքի մէջ բարձր պաշտօններու, դիրքերու տիրանալ։ Կրնային իրենց համար փառքի աթոռներ կերտել։ Սակայն այդ բոլորը խաւար կոչեցին եւ Քրիստոսի ապաւինելով արժանի եղան Աստուծոյ Խօսքին իմաստութեան»։ Արդարեւ, Ս. Սահակ Կաթողիկոսը, որդին էր Ս. Ներսէս Պարթեւ Հայրապետին։ Բարձր մակարդակով տիրացած էր յունարէնի եւ խորացած՝ իմաստասիրական գիտութիւններու մէջ։ Ծանօթ էր նաեւ պարսկերէնի եւ ասորերէնի։ Ան երիտասարդ տարիքին նուիրուած էր ճգնաւորական կեանքի։ Իր շուրջը ունէր շուրջ վաթսուն աշակերտներ։ Անոնք ճգնաւորներ ըլլալով հանդերձ, չէին անտեսած նաեւ Ս. Աւետարանի քարոզչական առաքելութիւնը։ Ի վերջոյ Ս. Սահակ եկաւ բազմեցաւ հայրապետական աթոռ։ Իսկ Տարօնի, այսինքն Մշոյ, Հացեկաց գիւղէն Վարդանի զաւակը Ս. Մեսրոպ եւս ուսանած եւ տիրացած էր յունարէնի, պարսկերէնի եւ ասորերէնի։ Իր առջեւ բացուած էին պալատի դիւանին մէջ որպէս դիւանադպիր ծառայելու դռները. պաշտօն մը, որ շատ կարեւոր էր եւ պատուաբեր։

Ս. Մեսրոպ հաւատացեալ էր եւ ազգասէր։ Անոր ստացած քրիստոնէական դաստիարակութիւնը չէր արտօներ իրեն, որ իր աչքերը շլանային այդպիսի պաշտօններու փառքէն եւ պատիւէն։ Ան չկրցաւ Իր շուրջը պարզուած քաղաքական դէպքերու անհանգստացուցիչ երեւոյթներուն հանդուրժել։ Հայրենասէր պետական պաշտօնեան կը տեսնէր քաղաքական առումով իր ժողովուրդին մատնուած վիճակին անպատեհութիւնը։ Արեւելքէն եւ արեւմուտքէն իրարու հակառակ բիւզանդական եւ պարսկական երկու հոսանքներու պատճառաւ հայ ժողովուրդի մատնուած վիճակը, միայն իր փառքը փնտռող եւ այդ փառքին սիրոյն իր հայրենակիցը սիրելէ, յարգելէ եւ ժողովուրդին երջանկութիւնը մտածելէ հեռու եւ ամէն սրբութիւն ոտնակոխելու պատրաստ գործիչներու ապրելակերպը զզուանք պատճառած էին մեծ տարօնեցիին։ Ան որոշեց հայ հոգեւորականի սքեմը առնել եւ նուիրուիլ աղօթքի կեանքին, ապրելու համար իր լոյս հաւատքը եւ զայն բաժնել իր հայրենակիցներուն հետ, զանոնք լուսաւորել՝ Աստուծոյ Խօսքով։ 

Աստուած Իր նախախնամութեամբ քայլ առ քայլ կ՚իրականացնէր Իր կամքը։ Քաղաքական աննպաստ պայմաններ դիւանադպիր Մեսրոպէն յառաջացուցին Ս. Մեսրոպ Վարդապետը, Ս. Աւետարանի քարոզչութեան առաքեալը։ Իսկ Ս. Մեսրոպ Վարդապետի Գողթան գաւառի մէջ ձեռնարկած քարոզչական առաքելութիւնը պատճառ հանդիսացաւ Հայ գրերու գիւտին եւ վերջապէս գրերու գիւտով Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդի համար բացուեցաւ ծիսական եւ մշակութային անկախութեան ճանապարհը։ 

Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանէ Երկրորդ Շնորհալի կոչուած Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի խօսքերը կու գան ընդգծել քրիստոնէական կրօնի դրական անդրադարձը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս. «Զիս իբրեւ կղեր չամբաստանէք, եթէ ըսեմ թէ Հայ ազգը քրիստոնէութեան կը պարտի այս գիւտը։ Քաշուելով չեմ ըսեր ասիկա, պատմութիւնը ինքն է որ կը հաստատէ ատիկա։ Աստուածաշունչը Հայերէն լեզուով կարդալու եւ լսելու փափաքն է, որ պատճառ եղաւ այս գիւտին. ուրեմն եթէ քրիստոնէութիւնը չըլլար, Հայ գիր գտնելու մտածումն ալ գոյութիւն չպիտի ունենար... Եթէ այն ատեն չկատարուէր գրի գիւտը, մեր ազգին ճակատագիրը շատ դժբախտ պիտի ըլլար։ Գիրը գտնուեցաւ անոր համար, որ Աստուած Հայերէն պիտի խօսէր եկեղեցիին մէջ, որովհետեւ հեթանոսութենէ դարձած ժողովուրդը կ՚ուզէր առաւելութիւն մը տեսնել քրիստոնէութեան մէջ»։ 

Ս. Մեսրոպ Վարդապետ երբ զգաց, թէ պէտք էր ամէն ինչ ընել հայ ժողովուրդը այբուբենով օժտելու համար, իրեն գաղափարակից գտաւ Սահակ Կաթողիկոսը եւ Վռամշապուհ թագաւորը։ Այս երրորդութեան սերտ գործակցութեան եւ զիրար քաջալերող կեցուածքին պտուղն էր Հայ այբուբենը։ Ինչպէս որ Տրդատ թագաւոր զօրավիգ կանգնեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին, այնպէս ալ Վռամշապուհ թագաւոր ամէն ջանք ի գործ դրաւ, որպէսզի Ս. Մեսրոպ Վարդապետ իր երազը իրականացնէր։ Եթէ նկատի ունենանք Ե. դարու ճամբորդելու միջոցները եւ բազմատեսակ դժուարութիւնները՝ այն ատեն կրնանք գնահատել Ս. Մեսրոպի յանձն առած զոհողութիւնները, երբ ան քաղաքէ քաղաք կը ճամբորդէր, գիտնականներու հետ կը տեսակցէր։ 

Երբ այսօր եւս նուազ չեն թիւը անոնց, որոնք հայ լեզուի նկատմամբ իրենց անտարբերութիւնը կամ իրենց լեզուին օտարացած ըլլալը քօղարկելու համար կը յանդգնին լեզու երկարել Մեսրոպեան գիրին եւ գրականութեան, անոնց լաւագոյն պատասխանը կու տայ Գրիգոր Զօհրապ, մեծ յոբելեանի հանդէսին ունեցած արտայայտութեամբ. «1500 տարի ետքը մեր այբուբենը ոեւէ պակասութիւն չի կրեր։ Եթէ բոլոր օտար լեզուները արտայայտելու մէջ հեշտութիւն ունինք, ատիկա մեր այբուբենին ճոխութեան կը պարտինք։ Ասոնք չնչին առաւելութիւններ չեն։ Այո, չկայ մարդկային գիւտ մը՝ որ որոշ ժամանակէ մը վերջ իր այժմէութիւնն ու գործածականութիւնը կորսնցուցած չըլլայ։ Երկու աստուածներ՝ մէկը ժամանակ, միւսը պէտքը՝ որոնցմով քաղաքակրթութիւնը շինուած է, ձեռք ձեռքի տուած շարունակ կ՚աշխատին նորութիւններ փճացնելու։ Նորութիւնները նորութիւններով կը փոխանակուին։ Ճշմարիտ հանճարը ահա այս յատկութիւններով է որ կը զանազանուի սովորական հանճարներէն։ Այս պատճառով մեր նախնիքը այդ գիւտին մէջ հրաշք մը տեսած են. ատիկա նկատած են ընծայ մը, միակ ընծան այն ազգին, որ այնքան աղէտներ կրած է»։

Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան իր ունկնդիրներուն կը յիշեցնէր, թէ անոնք «Ս. Սահակի եւ Մեսրոպի զաւակներն էին» եւ կը թելադրէր «գիրը յարգել, յարգել լեզուն»։ Ապա շարունակելով իր խօսքերը կ՚ըսէր. «Եթէ Ս. Մեսրոպ մէկ վայրկեանի համար դուրս ելլէր գերեզմանէն եւ ասանկ աղջիկներու խումբ մը տեսնէր իր շուրջը, մանաւանդ իր լեզուով խօսող, իր հնարած գիրերով կարդացող աղջիկներ, խանդաղատանքի անհուն զգացում մը պիտի տամկացնէր իր ճակատը եւ իր հոգին պիտի խայտար։ Հայեր, երկնքի մէջ ահա ասանկ զաւակ մը ունիք։ Յարգեցէք զինքը»։

Այսօր յարգելով կը յիշենք Հայ գրերու գիւտարար Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը, Ե. դարու Ոսկեդարը կերտող սուրբ անձերը, Վարդանանց մեծ շարժումը իր բոլոր փուլերով ներկայացնող Եղիշէն, մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացին, իր ուսումով ու գիտութեամբ Պոլսոյ մէջ մեծ պատիւի արժանացած Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփան, Նարեկայ վանքին աղօթասէր վանականը Գրիգոր Նարեկացին, հեղինակը «Նարեկ» աղօթամատեանին, իր գրիչով Հայ Եկեղեցւոյ ժամագիրքը եւ շարականը հարստացնող մեծ հայրապետ Ներսէս Շնորհալին։ Անոնք իրենց վաստակով ցոյց տուին, թէ իրենց համար չեն աշխատած միայն։ Իրենց ժամանակաւոր կեանքը արժեւորած են եկեղեցւոյ շինութեան եւ հաւատացեալներու մխիթարութեան համար։ 

Անոնք մեզ չեն ճանչցած, սակայն, մենք եթէ լաւ ճանչնանք զիրենք ու եթէ իրենց մեծ գործը շատ լաւ հասկնանք, կը տեսնենք, թէ անոնք մեզի հետ օտարի պէս չեն վարուիր։ Հակառակ անոր, որ երբեմն կամայ եւ ակամայ կ՚անտեսուին, անոնք կը շարունակեն մնալ մեր ճշմարիտ բարեկամները։

Անոնց բոլորին բարեխօսութիւնը անպակաս ըլլայ մեր ժողովուրդին վրայէն եւ իրենց լուսաւոր յիշատակը միշտ օրինակ ըլլայ մեզի, բոլորիս։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2025