80-ԱԿԱՆ, 90-ԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀՆ ՈՒ ԻՐ ԵՐԳԱՐՈՒԵՍՏԸ

Հոս առանձնացնելով երգի մը մէջէն եղած իրավիճակը, կը փափաքինք շարադրել նոյն այդ 80-ականներուն եւ 90-ականներուն իրադարձութիւններէն դրուագ մը։  Ըստ իս, «Ռոքսէթ»ն ալ պատահաբար ընտրուած չէ։ Ան, այո, կը ներկայացնէ շատ մը բաներ՝ հարիւրաւոր ուրիշ երգերու եւ երգիչներու հետ այդ ժամանակահատուածներէն սերած, բայց, տեղ մը ան դարձաւ ընտրութեան առարկայ։

«Լիսըն թու եոր հարտ»ը ցնցած է էութիւնս, ո՛չ թէ որովհետեւ ան 20-րդ դարու զգացական զեղումին մէկ արտայայտութիւնն է, կա՛մ սիրոյ եւ հոգատարութեան ու բարձրագոյն վիպապաշտութիւնը վերագտնելու ու անոնցմով նուաճուելու փրկագործութեան մը ջանքը կը ներկայացնէ եւ կա՛մ սէրը կուռքի վերածելու յաղթարշաւը  կիրքով ու հաւատքով կը ներկայացնէ (անկախ որ տառապածին է այդ մէկը եւ նոյն մեծ երկիր ու մոլորակ կառուցելու հետ չի համադրուիր), այլ՝ պարզ նոյն իմ մանկապատանեկան տեսախմորումէն աշխարհին ու մեր դարաշրջանին նայելու հայեացքէն բխած է։ Սէրը փրկիչ է, այո, սէրը իր բոլոր շերտաւորումներով, յայտնաբանութիւններով, տեսքերով ու սլացումներով փրկչութեան կը տանի, նոյնիսկ պարզ գործարան համարուած սիրտը հոգիացնելով։ Բայց եւ այնպէս, ան կիրառելի չէ 24 ժամ, բաւարարող չէ անմնացորդօրէն եւ ապրող չէ անվերադարձ: Քաղաքները կը վազեն, կը մեծնան ու կը կառուցուին, վախնալով տեղ մը սէրէն, խուսափելով տեղ մը սիրոյ փրկագիներէն, հագուելով միշտ տնտեսութիւնները իբրեւ ամենաճարութիւն ու գիտութիւնն ալ շաղ տալով իբրեւ արդարացնող ու ծածկող պատմուճան: «Ռոքսէթ»ի բառերն ու երաժշտութիւնը երբ լսես, կը մտաբերես, թէ ան սրտի կանչ է ու մարդկութեան դարաւոր տենչը։

Շատ շատ ազատ, ըլլալու շատ շատ անկախ, ըլլալու տնտեսական ու ֆինանսական անարգանքներէն ձերբազատուած, ամենամաքուր պատանեկան առաքելութեամբ օծուած ու անոր նոյնիսկ չգիտակցուած խինդով ու տենդով տարուած, ապրելու եւ ապրեցնելու անփիլիսոփայ, բայց միեւնոյն ատեն ամենաճշգրիտ, արդարացումով ու վիճակով, նոյն պատանեկան վիճակով: Ինծի կը թուի, որ 20-րդ դարու վերջին տասնամեակները այսպէս ըսած՝ ամենապատանահոծն էին ու մաքրածին էին երազներով։ Անոնք ամենաշատը արդար էին պատանիի անաղարտ շուայտութեամբ, ապրելու համար կեանքը առանց բռնութիւններու, նոյնիսկ առանց շահագործական գիտութեամբ, այլ միայն կեանքի ոճ ու հմայուածութիւն ստեղծելու տենչանքով ու մղմամբ: Կարծես՝ այդ շրջանին էր փորձուեցաւ մաքրազտել ապաքայապաշտութիւնը եւ զայն ուղեկցուեցաւ սիրով ու միայն «սրտի ձայնով» կա՛մ երազով, որոնք կը քալէին իրական մարմնի միջոցաւ ու ընթացքով:

Սրտի հետեւիլը միայն դարերէն եկած սիրոյ պատգամը չէր, կամ մարդկային իրապաշտութենէն հիասթափուելու անվերջանալի կոչ ու կարօտ, այլ՝ ինքնին սէրը համամարդկային զարթօնքով հասկնալու՝ յաջողած կամ ձախողած առաքելութիւն: Մարդ-կային պատմութիւնը դաժան է բոլոր իմաստներով, մեր սիրոյ փնտռտուքները ջախջախուած են ամէն մակարդակներով։ Այո՛, մենք բոլորս տեղ մը գիտենք կամ կը զգանք այդ մէկը, բայց չենք բարձրացայներ: Չենք համարձակիր ըսելու, որ ներկայ դարուս մարդու իրաւունքներու հաստատումով՝ մենք արդէն լուծեցինք սիրոյ մեր պարտաւորութեան խնդիրը։ Ո՛չ, չենք լուծած եւ հաւանաբար այդ յաւերժ անլուծելի է նոյնիքն քրիստոնէական, պուտտայական եւ բոլոր կրօններու ալ ներդրումներով: Կը մնան մեզի 80-ականներէն սկսեալ հոգիի պատգամը հասնկալ եւ ներդրել ներկայ դարու արհեստագիտական ահռելիութեան մէջ։ Բայց, գոնէ ինծի համար, կարօտը սպառիչ է եւ նուաճող, ան ո՛չ թէ պարզ ժամանակային կարօտ մըն է, այլ գիտակցումը՝ պատահածի մը վեհութեան շուրջ: Եգիպտական կամ հռոմէական շրջանները բարբարոսական էի՞ն, այո, աւելի մարդասպանական էի՞ն իբրեւ ամենօրեայ զբաղմունք, այո: Իսկ ներկայ դարը արդէն իսկ մարդասիրական է՞, կամ թօթափած է՞ չսիրուած ըլլալու անհատական ու հաւաքական մղձաւանջը, դժուար է դրականօրէն պատասխանել։ Կայ յառաջդիմութիւնը ու ատելութեան ջանասիրական նուազեցումը (երբեմն ալ կեղծ), բայց շպարուած ու ծածկուած աւերուածութիւն պատճառելու կարողութիւնը աներեւակայելիօրէն աճած է (չմոռնանք աթոմական ռումբերը):

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 12, 2025