ԱԿՆԱՐԿ - 108 - ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆԷՆ ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ՝ ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԷՆ
2025 թուականի տարեսկիզբին, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ ազգագրագէտ տքթ. Յակոբ Չոլաքեանի «Լեզուական հնհնուքներ» գիրքը:
Գիրքին 24-րդ գրութիւնը կը կրէ «Սուրբը» վերանգիրը, որ տարիներ առաջ այլ տեղ մը կարդացած էի: Ընթերցողը վերանգիրը կարդալով առաջին տպաւորութիւնը որ կ՚ունենայ, այն է, որ գրութիւնը սուրբի մը մասին է: Բայց գրութիւնը ընթերցելէ ետք, կը գիտակցի, որ իր առաջին տպաւարութիւնը սխալ էր, որովհետեւ վերանագիրն ու գրութիւնը մեզ շատ աւելի խորերը, հեռուները կը տանին: Կարդանք.
* 1973-ին Ներսէս Շնորհալիի մահուան 800-ամեակին առթիւ հոս ու հոն ձեռնարկներ կը կատարուէին: Էջմիածնի մէջ եւս կար երեկոյթ մը՝ բանախօսութիւն, տաղերու կատարում, ասմունք: Այդ տեղեկութիւնը մեզի տուած էր Աղան աբեղայ Պալիոզեան, Երուսաղէմի ուխտէն. ան ամէն օր Էջմիածնէն Երեւան կու գար Համալսարանի բանասիրական բաժնին մէջ հայագիտական կարգ մը դասերու կանոնաւոր կերպով հետեւելու համար: Կ՚ուզէինք ներկայ ըլլալ: Ներսէս Շնորհալիէն կարդացած էինք ամէն ինչ որ կար, բայց մեզի՝ սփիւռքահայ ուսանողներուս համար ան աւելին էր քան մեծ գրող մը, չէ՞ որ դպրոցին մէջ մեր օրը կը սկսէր «Առաւօտ լուսոյ» երգով, դասը կը սկսէր «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» եւ գիշերը կ՚իջնէր «Պահապան ամենայնի» աղօթքներով: Մայրս «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթարանին 24 տուներն ալ գոց գիտէր:
Քանի մը սփիւռքահայ ուսանողներով ուշ երեկոյեան հասանք Էջմիածին, մտանք սրահ, ուր ի զարմանս մեզի, աջակողմեան շարքի ծայրի աթոռին նստած էր գրաբարի մեր դասախօսը՝ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքին եւ տաղերուն արեւելահայերէնի վերածող Վազգէն Գէորգեանը: Սրահը կիսով մը լեցուն էր: Եկան նաեւ գրաբարի մեր միւս դասախօսներէն Խորէն Պալեանն ու տիկինը՝ հայ հոգեւոր երաժշտութեան խիզախ կատարող Լուսինէ Զաքարեանը: Ան քանի մը անգամ եկած էր լսարան՝ ամուսնոյն գրաբարի դասին ու մեզի՝ ուսանողներուս համար կատարած միջնադարեան նորայայտ տաղեր:
Առանց ընկերակիցներու, գլխաբաց, սովորական սքեմով ներս մտաւ նաեւ Վազգէն Ա. Վեհափառը ու նստաւ կիսով մը պարապ առաջին շարքի ծայրի աթոռին, Վազգէն Գէորգեանի առջեւ:
Դասախօսը երիտասարդ եկեղեցական մըն էր, աբեղա՞յ թէ վարդապետ՝ չեմ գիտեր, սկսաւ կարդալ, Ներսէս Շնորհալի… Ներսէս Շնորհալի… Ներսէս Շնորհալի…: Հազիւ պարբերութիւն մը երկու կարդացած էր: Երբ անգամ մը եւս Ներսէս Շնորհալի անունը վանկարկեց, Վեհափառ Հայրապետը, նստած, աջ ձեռքը բարձրացնելով, գրեթէ պոռաց.
-Ո՞ւր կը կարծես որ կը գտնուիս, պետական համալսարա՞ն, թէ ակադեմիա, այստեղ Ս. Էջմիածին է, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, որ սրբացուցած է հայ ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ այդ մեծ երախտաւորը, ան Սո՛ւրբ Ներսէս Շնորհալի է Հայ Եկեղեցւոյ համար, որուն ծառաներէն մէկն ալ դուն ես… Սո՛ւրբ Ներսէս Շնորհալի:
Վերջացուց: Շշմած ու սմքած էինք բոլորս, ոչ միայն դասախօսը, որ ինչպէ՛ս աւարտին հասցուց ելոյթը՝ չեմ գիտեր: Աւարտին, երբ Վեհափառը հեռացաւ, շատեր բարձրաձայն դժգոհութիւն յայտնեցին այդ կոպիտ միջամտութեան համար: Վազգէն Գէորգեանը նոյնպէս: Մենք նոյնպէս: Իրաւունք չունէր: Ինչպէ՞ս կարելի է խայտառակել երիտասարդ բանախօսը բեմի վրայ, հանդիսականներու ներկայութեան:
Տարիներ անցան, ու ամէն անգամ այս դէպքը յիշելուս՝ քիչ-քիչ արդարացի ու տեղին կատարուած ըլլալ կը կարծեմ Վեհափառին այս յանդիմանութիւնը. հիմա՝ հարի՛ւր տոկոսով: Ո՞վ, ի վերջոյ ո՞վ, եթէ ոչ եկեղեցականը պիտի պահէր ու մեզի փոխանցէր մեր հոգեւոր արժէքներուն սրբազնագոյնը, անոնց սրբացուած, սո՛ւրբ ըլլալը: Վեհափառը այդ օր բացառիկ դաս մը տուած կ՚ըլլար ոչ միայն բանասէրի հովերով նորելուկ եկեղեցականին, այլեւ բոլորիս, բո՛լորիս անխտիր:
Մարդիկ կը սրբացուին իրենց մահէն ետք միայն: Հիմա Սուրբ է նաեւ ինք, Վազգէն Առաջինը (էջ 68-69):
***
Երանաշնորհ Վազգէն Կաթողիկոսին կեցուածքը, կատարած կոպիտ միջամտութիւնը, ինչպէս տքթ. Չոլաքեանը դիտել կու տայ, շատերու կողմէ անտեղի նկատուած է, չնայած ճիշդ միջամտութիւն մը ըլլալուն:
Տակաւին, տքթ. Չոլաքեանին նկատառումը, թէ՝ «ո՞վ, ի վերջոյ ո՞վ, եթէ ոչ եկեղեցականը պիտի պահէր ու մեզի փոխանցէր մեր հոգեւոր արժէքներուն սրբազնագոյնը, անոնց սրբացուած, սո՛ւրբ ըլլալը», այսօր առաւել քան երբեք, այնքան զօրաւոր կը հնչէ եւ խարազանիչ ահազանգ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ այսօր եւս մեծ է թիւը այն հոգեւորականներուն, որոնք իրենց բառապաշարէն շատ մը սուրբերու «սուրբ» տիտղոսը հանած են:
Այս երեւոյթին պատճառը կրնան ըլլալ այս հետեւեալ երկու կէտերը.
ա. Կամ տուեալ հոգեւորականը ո՛չ միայն իր եկեղեցւոյ, այլեւ՝ քրիստոնէական եկեղեցւոյ պատմութենէն տեղեակ չէ, աւելի ճիշդ, իր ունեցած տեղեկութիւնները հպանցիկ եւ մակերեւութային են:
բ. Եւ կամ, տուեալ հոգեւորականը հպարտութեան գիրկը իյնալով, ո՛չ միայն կը զլանայ գործածել «սուրբ» տիտղոսը, այլեւ յաճախ կը քննադատէ այս կամ այն սուրբին արտայայտած մտածումը, կամ կատարած բացատրութիւնը:
Աւարտելու համար, չափազանցած չեմ ըլլար ըսելու, թէ տքթ. Չոլաքեանին «Սուրբը» գրութիւնը պէտք է շատ մը հոգեւորականներուն ամէնօրեայ ընթերցումի գրութիւնը դառնայ, թերեւս այդպիսով ալ սկսին Աստուածաշունչ կարդալ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
11 մարտ 2025, Վաղարշապատ