ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՐՈՒԱԾԸ ՔԱԹԱՐԻ ԴԷՄ․ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՐՃԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Իսրայէլ անցեալ երեքշաբթի թիրախաւորեց Քաթարը։ Աւելի ճիշդ է ըսել, որ Իսրայէլ ո՛չ թէ թիրախաւորեց Քաթարը, այլ Տոհա մեկնած «Համաս»ի բանակցութիւններու պատուիրակութեան գտնուած վայրը։ Հարուածէն օրեր անց «Համաս»ի թիրախաւորուած ղեկավարներու ճակատագրին մասին յստակ տուեալներ դեռ չկան։ Առաջին հայեացքով այս քայլը կրնայ թուիլ իբրեւ սովորական զինուորական գործողութիւն մը, բայց, իրականութեան մէջ, դէպքը ունի բաւական խորունկ քաղաքական ուղերձ մը։ Քաթար տարիներէ ի վեր կը համարուի «Համաս»ի գլխաւոր հովանաւորներէն մին, որ ո՛չ միայն նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ Կազզէի պաշարուած ժողովուրդին, այլեւ միջնորդական դեր կը ստանձնէ հը-րադադարի հաստատման համար։ Տոհա դարձած է տարածաշրջանային խաղացող մը, որ կը քալէ բարակ թելի մը վրայ՝ պահելով իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները տարբեր ճամբարներու հետ։ Այս պատճառով Իսրայէլի հարուածը կը դիտուի՝ իբրեւ ուղիղ սպառնալիք ո՛չ միայն Քաթարին, այլեւ ամբողջ Ծոցի երկիրներուն։

Իսրայէլ կը փորձէ ցոյց տալ, որ պատրաստ է թիրախաւորել նաեւ այն պետութիւնները, որոնք մօտ են կամ կ՚օժանդակեն Պաղեստինի դիմադրութեան։ Պատգամը յստակ է. «Համաս»ին օգնող իւրաքանչիւր պետութիւն կրնայ դառնալ թիրախ։ Այս նախազգուշացումը ուղղուած է Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Քուէյթին, որոնք կը գտնուին մրցակցային ու երբեմն հակասական դիր-քերու մէջ։ Բայց, դաշտի վրայ այս գործողութիւնը մեծ բեկում մը չէ։ Երեք տարիէ ի վեր շարունակ-ւող Կազզէի պատերազմին մէջ «Համաս» տակաւին ունի որոշ ներուժ մը եւ կառոյցներ, իսկ մահացու հարուածի մասին խօսելու համար շատ վաղ է։ Իսրայէլ կը շահարկէ հոգեբանական ազդեցութիւնը՝ քան իրական ռազմական բեկումը։

Հարուածը նաեւ ներքին սպառման նպատակ ունի։ Նեթանիյահուի կառավարութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ ճգնաժամ մը՝ տնտեսական անկում, հանրային դժգոհութիւն եւ միջազգային վարկաբեկում։ Այս պայմաններուն մէջ Տոհայի դէմ գործողութիւնը կը ներկայացուի՝ իբրեւ վճռական քայլ, որու շնորհիւ իշխանութիւնը կը փորձէ ամրապնդել իր դիրքերը եւ ցոյց տալ ուժ եւ ներկայութիւն։ Սակայն, Քաթար միայն փոքր երկիր մը չէ։ Ան ունի մեծ դեր մը կազի համաշխարհային շուկային մէջ եւ կը տիրապետէ ազդեցիկ լրատուական ցանցի մը։ Այս պատճառով յարձակումը միջազգային քննադատութեան առարկայ դարձաւ եւ շատեր զայն կը դիտարկեն՝ իբրեւ քայլ մը, որ կը մօտենայ «պատերազմական ոճիր»ի սահմաններուն։ Այս հանգամանքը կը խորացնէ Իսրայէլի մեկուսացումը։

Գալով բանակցութիւններուն, որոնք ընթացքի մէջ են… Վերջին ամիսներուն տեղի ունեցան բազմաթիւ բանակցութիւններ, ուր Քաթար, Եգիպտոս եւ երբեմն ալ Թուրքիա փորձեցին միջնորդել «Համաս»ի եւ Իսրայէլի միջեւ։ Այս քննարկումները կը տանին որոշակի արդիւնքի մը կամ կը ձախողին, բայց, միշտ կը նշուի, որ առանց Քաթարի մասնակցութեան՝ գրեթէ անկարելի է հասնիլ ժամանակաւոր հրադադարի։ Քաթար անընդհատ կը գործէր՝ իբրեւ կապող օղակ եւ կը փոխանցէր պահանջներն եւ առաջարկները։ Նոյնիսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները բազմիցս հաստատեց, որ Քաթարի միջնորդութիւնը անհրաժեշտ է, որովհետեւ ան կը պահէ ուղիղ կապեր «Համաս»ի առաջնորդութեան հետ։

Յամենայնդէպս, բանակցութիւնները նաեւ կը բացայայտեն խոր ճեղքեր։ Իսրայէլ կը պնդէ, որ «Համաս»ին պէտք է պարտադրել զինաթափումի ուղի մը՝ մինչդեռ «Համաս» այդ մէկը կը դիտէ՝ իբրեւ անոր գոյութեան դէմ արմատական սպառնալիք։ Քաթար փորձեց կշռոյթ ստեղծել՝ առաջարկելով մարդասիրական լուծումներ, գերիներու փոխանակում եւ կրակի մասնակի դադրեցումներ։ Սակայն, Իսրայէլի դիրքորոշումը աւելի կոշտացաւ՝ մա՛նաւանդ Նեթանիյահուի դէմ առկայ քաղաքական ճնշումներու պատճառով։ Արդիւնքին՝ բանակցութիւններու մէջ յաճախ յառաջացան փակուղիներ։

Այս ընթացքին Իսրայէլի վերջին հարուածը ուղիղ յարձակում մըն էր ո՛չ միայն «Համաս»ի վրայ, այլեւ այն միջնորդին դէմ, որ կը փորձէր բանակցութեան առիթ եւ հարթակ ստեղծել։ Արդարեւ, շատ փորձագէտներ կը նշեն, որ այս քայլով Իսրայէլ նպատակադրեց տկարացնել Քաթարի միջնորդական դերը՝ լռեցնելու համար այն ձայնը, որ կը փորձէր պահել որոշակի ազդեցութիւն։ Սա նաեւ ազդանշան մըն է, որ Թել Աւիւ այլեւս չի տեսներ շահ՝ միջնորդներու միջոցով լուծում գտնելու մէջ։

Բնականաբար, այս բոլորին վրայ կը տարածուի ԱՄՆ-ի գործօնը։ Տարիներէ ի վեր ԱՄՆ Իսրայէլի գլխաւոր դաշնակիցն է։ Զինուորական օժանդակութիւնները, դիւանագիտական վեթոները ՄԱԿ-ի մէջ, տնտեսական սերտ կապերը՝ բոլորը ցոյց կու տայ, որ առանց ԱՄՆ-ի բացարձակ աջակցութեան՝ Իսրայէլի գործողութիւնները դժուար պիտի ըլլային։ Բայց, վերջին զարգացումները կը բացայայտեն որոշ ճեղքեր։

ԱՄՆ-ի կառավարութեան մէջ կ՚աճի դժգոհութիւնը այն ճգնաժամերէն, զորս կը յառաջացնէ Իսրայէլի անզիջող ընթացքը։ Ուաշինկթընի համար կարեւոր է պահպանել կայունութիւնը Ծոցի եւ Միջին Արեւելքի մէջ՝ մասնաւորաբար քանի որ ուժանիւթի (նաւթ, կազ, եւ այլն) շուկաները անմիջապէս կը կապուին այս տարածաշրջանին հետ։ Քաթար, որ աշխարհի մեծագոյն կազ արտահանողներէն է, ունի սերտ յարաբերութիւններ ԱՄՆ-ի հետ։ Այս պատճառով, երբ Իսրայէլ թիրախաւորեց Քաթարը, իրականութեան մէջ, ան ակամայ բախեցաւ նաեւ իր դաշնակցին շահերուն։

Ուաշինկթընի վարչակազմը հրապարակաւ չդատապարտեց Թել Աւիւի քայլը, բայց, քուլիսներու ետին երեւելի դարձաւ, որ ամերիկեան իշխանակարգի տարբեր մակարդակներուն վրայ կայ որոշակի դժգոհութիւն մը։ Սպիտակ տունը կը փորձէ նուրբ հաւասարակշռութիւն մը պահել․ մէկ կողմէ չմերժել Իսրայէլը, իսկ միւս կողմէ չկորսնցնել իր գործընկերութիւնը Քաթարի հետ, որ ներուժի մատակարարումներէ բացի՝ ԱՄՆ-ին կը տրամադրէ ռազմախարիսխ մը եւ կ՚ընէ տնտեսական մեծ ներդրումներ։ Այս հակասութիւնը աւելի վտանգաւոր կը դարձնէ Իսրայէլի քայլը, որովհետեւ կրնայ թուլացնել ԱՄՆ-ի հետ իր հինաւուրց համերաշխութիւնը։

Բաց աստի, ամերիկեան հասարակութեան մէջ ու նոյնիսկ Քոնկրէսի շրջանակներէն ներս աւելի շատ ձայներ կը բարձրանան, թէ Իսրայէլի գործողութիւնները պէտք է սահմանափակուին։ Պատերազմի երկարաձգումը կը վնասէ նաեւ ԱՄՆ-ի միջազգային պատկերը։ Իսկ Նեթանիյահու կը փորձէ օգտագործել ամերիկեան աջակցութիւնը՝ իբրեւ պաշտպանական վահան՝ շարունակելու իր ռազմավարութիւնը։ Այս տարբերութիւնները ապագային կրնան աւելի խորանալ՝ մա՛նաւանդ, եթէ Իսրայէլ շարունակէ թիրախաւորել այն երկիրները, որոնց հետ ԱՄՆ ունի կենսական շահեր։

Գալով եզրակացութեան… Այս բոլորի լոյսին տակ կը սպասուին յառաջիկայ իրադարձութիւններուն։ Ծոցի երկիրներուն մէջ կրնայ յառաջանալ համախմբում կամ հակառակը՝ նոր ճեղք մը, որ կրնայ դրական դառնալ Իսրայէլի համար։ «Համաս» չի խորտակուիր, կը շարունակէ դիմադրել եւ պահել իր հիմքերը։ Իսկ Իսրայէլ որքան աւելի կը թիրախաւորէ ո՛չ միայն պաղեստինցիները, այլեւ՝ անկախ պետութիւնները, այնքան կը մեծնայ միջազգային դատապարտումը անոր դէմ եւ կը զօրանան դատական գործընթացներու պահանջները։ Ի վերջոյ, Քաթարի դէմ հարուածը երեք շերտով կը մեկնաբանուի։

Տարածաշրջանային մակարդակով կը սպառնայ Ծոցի պետութիւններուն եւ կը փորձէ տկարացնել միջնորդական հարթակները։ Միջազգային մակարդակով Իսրայէլը ուղիղ բախումի մէջ կը դնէ ո՛չ միայն արաբական աշխարհին, այլեւ՝ իր դաշնակիցներու շահերուն։ Ներքին մակարդակով կը ծառայէ՝ իբրեւ գործիք Նեթանիյահուի իշխանութեան պահպանման համար։

Այս երեք շերտերէն իւրաքանչիւրին մէջ Իսրայէլ կը բախի վտանգաւոր հետեւանքներու․ Ծոցի երկիրները կրնան աւելի համախմբուիլ, միջազգային մեկուսացումը կրնայ խորանալ, իսկ ԱՄՆ-ի հետ վստահութեան ճեղքերը կրնան աւելի մեծնալ։ Այսպէսով, Քաթարի դէմ հարուածը ո՛չ թէ Իսրայէլի ուժի ցոյցն է, այլեւ աւելի շատ անոր ռազմավարական շփոթի եւ կարճատեսութեան վկայութիւնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2025