ՓՈԽԱԲԵՐԱԿԱՆՕՐԷՆ ԸՆԿԵՐԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԱԿԵՐԵՍՈՎ ՕԹԻԶՄԸ
Օթիզմը ընդհանուր ընկալումով դիտուած է որպէս հոգեկան խանգարում ու անհատական մակարդակով կղզիացում, մեկուսացում, ինչ որ առաւելաբար կը դրսեւորուի մանուկներու ու պատանիներու մօտ:
Իր համայնական ըմբռնումով՝ ամէն մարդ էակ իր մէջ ունի յարաբերական օթիզմի համեմատութիւն մը: Նոյն եսի ու հաւաքականութեան յարաբերակցութեան ու փոխսահմանման անվերջ գործընթացը, անհատական ճակատագիրը, մարդկային փրկարարական աստիճանացումը ընկերութիւններով, հասարակութիւններով մարմնաւորուած՝ բոլորը իրենց մէջ ունին օթիզմներ: Մարդը իր առանձնութեան մաքառումներով, տուայտանքներով ու եզրակացութիւններով ունի տիեզերականութեան չափ մինակութիւն մը, միեւնոյն ժամանակ՝ տիեզեկանութեան ձգտող միաձուլման մը ձգտում: Այդ երկուութեան մէջ կը հիւսուի մարդկային անհատական ու հաւաքական ոգեղինութիւնն ու բնազանցութիւնը: Մարդու դէպի առանձնութեան մղուածութիւնը ունի հիմնականապէս ընկերային պատճառներ, քանի մարդ անհատը ինչքան ալ ընկերային էակ մըն է, միեւնոյն ժամանակ յաւերժական մտահոգութիւն ու վախ ունի հաւաքականութենէն: Մարդը օթիզմի արմատներուն կ՚առաջնորդեն՝ հաւաքականութեան կազմութեան ու մարդ անհատի նոյն այդ կազմաւորման մէջ ունեցած դերի ու պատկերի խնդրականութիւնը: Համադրումը այդ երկու պատկերներուն ու նկարագիրներուն մէջ անկարելիօրէն տանջող են մարդը եւ ինչքան ալ ամենաընդելեզումն ու միաձուլումը փախուստի լուծում համարուի անհատին կողմէ, այդ անիրականանալի է նախ բնագիտութեամբ, ապա ընկերաբանութեամբ, իսկ հակադարձօրէն «փախչիլ-պահուըտիլ»ը առանձնութեան մէջ աւելի իրականանալի ու կիրառուող ընտրանք մը կը մնայ:
Օթիզմը այսպէս կամ այնպէս պարտադրուած ընտրանք մըն է ի հեճուկս վերջնական ու չկատարուող ընդելուզման ու նոյնիսկ նահատակութեան: Մարդ արարածը ապրեցուած է ու ինքզինք կ՚ապրեցնէ իր անձէն դուրս նահատակութեան մը համար. այդ նակատակութիւնը կրնայ ըլլալ նիւթական ու հոգեկան, պատրադրուած կամ ընտրուած: Նիւթական-մարմնական նահատակութեան նահանջը մարդկային հասարակութիւններու զարգացումով գրեթէ անհետացաւ ու հետզհետէ ի յայտ եկաւ մարդու անհատական իրաւունքներու տիրակալումը։ Եւ ինչքան ալ համայնավարական վեհ գաղափարախօսութիւնը փորձեց ընկերաբանական, անաստուածութեան մակարդակներով արդարացնել ու վեհացնել անհատական նահատակութիւնը՝ ան ձախողեցաւ ու մնաց կրօնական մարդկային նահատակութիւնը, որ բնականաբար չքացաւ նոր դարուն, բայց այդ մէկը մնաց նոյնիսկ տեսականօրէն ամենաընկալելին ու վեհականը՝ հակառակ մարդկային բանականութեան գերզարգացման: Ներկայ դարու զարգացումով ընկերա-ժողովրդավարութիւնը շատ մեծ գագաթներ նուաճեց ու հաստատակամօրէն բացաւ նոր դռներ՝ հաւաքականի ու անձնականի բարձր համադրումներուն դիմաց: Սկանտինաւիան ու Գանատան բացառիկ օրինակներ ու մարմնաւորուներ կերտեցին այս իմաստով:
Արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը առանցք մը կազմեց անհատականութեան ալ շուրջ, անձը-անհատը իր ներաշխարհով եւ, կրնանք ըսել, նոյնիսկ օթիզմով եղաւ հիմնաքարերէն ազատականացման ու զարգացման: Թէեւ այս կէտին դրամատիրութիւնը կը յամենայ ինքզինք պարտադրել այս իրողութեամբ, պէտք է արձանագրենք, որ պատմական հասարակարգին նետուած ձեռնոց էր մարդ անհատի ազատականացումն ու առանցք կազմելը։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ որքան դրամապաշտացաւ աշխարհի ղեկավար ԱՄՆ-ով կամ որքան հասարակարգայնութեան հասկացողութիւնը տարուեցաւ դէպի դրամատիրութիւն:
Անհատը ազատ է, իսկ իր ուրախութիւնը ինչքան ալ չլիանայ առանձնութեամբ միեւնոյնն է, մարդու ազատականացման ու ազատականութեան կիրառումի հասանումը մեծ նուաճում է ու արժէք:
Արեւմուտքի մէջ մարդ անհատը ուղղուած է դէպի անհատացում եւ իր օթիզմը ընդվզում չէ բարքերէն կամ հասարակարգերէն, այլ այդ կրնանք նկատել բնական զարգացում։ Եթէ փորձենք որոնել ընկերաբանութեան առաքելութիւնը, ան ի վերջոյ մարդու երջանկացում ապահովելն է, իսկ այդ մէկը կատարուած է տարբեր ժամանակներու մէջ, տարբեր ուղղորդումներով: Ներկայ դարը անկասկած կրնանք համարել ամենաազատակը, իսկ եթէ մարդ անհատը մեկուսացած է ու օթիսացած, ուրեմն չենք կրնար այդ մեկուսացումը չարորակ համարել:
•շարունակելի…
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան