ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ… ԵՐԲ ԿԸ ԴԱՒԱՃԱՆԷ
Սորվեցուցի՞ն քեզի զգուշանալ ուրախութենէն, որովհետեւ անոր դաւաճանութիւնը դաժան է: Ուրկէ՞ կու գայ քեզի յանկարծ:
Օրերը կը յարձակին վրադ յիշատակներով, որոնք չեն նմանիր քեզի: Ճիշդ հիմա, դուրս կ՚ելլէի, մայիսի 15-ին: Կարողութիւն չունէի կպչելու այն բաներուն, որոնք հեռացած էին մարմինիդ ծակոտկէններէն: Մեծ հայրդ ալ մահացած էր, որ պատուիրած էր քեզի հետեւելու այն բլուրին, որ կը նայէր իր մահուան աղբիւրին: Եղբայրդ կը սիրէ հրապարակային ելոյթներ ունենալը, որով կանգնեցաւ աւերակներուն վրայ եւ խոստացաւ, թէ յաջորդ յուղարկաւորութիւնը աւելի բախտաւոր պիտի ըլլայ քան առաջինը: Երեսուն տարեկան չէիր եղած, սակայն մահուան հետ քալելը քեզի իմաստութիւն կու տայ: Եւ իմաստութիւն է, որ ուրիշներու ներկայութեամբ զգացմունքային չըլլաս:
Տխրութեան ճշդուած ժամկէտը կ՚աւարտի ճամբորդութեան արտօնութեամբ: Կը փախչիս երկրորդ յուղարկաւորութենէն եւ կը խոստանաս ընտանիքիդ վերադառնալ զիրենք այցելելու յաջորդ յուղարկաւորութեան ժամանակ: Արդարեւ, ասիկա միակ առիթն է, կարենալ արտօնութիւն ստանալ շարժելու: Ի՜նչ զօրաւոր է կապը մահուան եւ շարժումին: Եւ դուն, ճիշդ հիմա, դուրս պիտի գայիր մայիսի 15-ի յիշատակութենէն: Կը շտապէիր տուն երթալ, ո՛չ թէ մրցելով մայր մտնող արեւուն հետ, այլ՝ փախչելու համար փողոցներուն մէջ պայթող լոյսերէն, մահուանդ տասնեօթներորդ տօնին առիթով:
Ի՞նչ ըսին քեզի վերջին անգամը:
Երազկոտներ…, երազկոտներ ո՜վ արաբներ:
Ամէն տարի այս օրուան գիշերը, կ՚որոշուի անձնասպանութիւնդ, որու մասին ո՛չ ոք կը զգար: Անձնասպանութիւնը ընդհանրապէս ցոյց մը կ՚ըլլայ: Սակայն անձնասպանութիւնդ գաղտնիք է: Այսօր վրադ կ՚իջնէ, մորթդ կը ծակէ եւ փոքրիկ երկրաշարժի մը նման, որ վերջ չունի, կամաց-կամաց ոսկորներուդ մէջ կը տարածուի: Ո՛չ կը մեծնայ, ո՛չ ալ կը պայթի:
Պայթումը այս է, որ կը զբաղեցնէ միտքդ: Քսան տարիէ ի վեր այս վերջաւորութեան կը սպասես, որ չի՛ գար, քանի որ վիճակդ չի՛ հասկցուիր ու չի՛ հասնիր: Ի՜նչ դիւրին է բանաստեղծութիւն գրել, որ պայթումը կը վիժեցնէ: Ինչպէս նաեւ ի՜նչ դիւրին է հակառակորդիդ հետ զրուցել, փաստելու համար ի՞նչ, թէ իրաւո՞ւնք մը ունիս:
Ի՞նչ ըսին քեզի վերջին անգամը:
Երազկոտներ…, երազկոտներ ո՜վ արաբներ:
Իսկ եթէ քեզի ամէն ինչ տուին, դուն ի՞նչ պիտի ընես: Պիտի ընդունի՞ս: Պիտի դադրիս փնտռելէ պայթումի կէտը: Միւս կողմէ, կը հաւատա՞ս ուրախութեան: Ան, որ քեզմէ խլեց ամէն ինչ, ոչինչ պիտի տայ քեզի: Իսկ եթէ տայ քեզի՝ ապա անպատուելով: «Խելացի՛ եղիր եւ ցեխին գնա՛»: Այսպէս ըսիր դուն քեզի, բայց հարցումիս չպատասխանեցիր. եթէ քեզի ամէն ինչ տուին, ապա կը հաւատա՞ս ուրախութեան: Կը դառնաս օրերուդ եւ կը դասաւորես ամենէն գեղեցիկ կարգախօսներդ, որոնք շալկելով հետդ բանտեր տարիր:
Ճամբորդութեան արտօնութիւն…:
Արտայայտուելու իրաւունք…:
Հաւասարութիւն…:
Յանկարծ կը ծիծաղիս, կը ծիծաղիս հաւասարութիւն…: Եւ դուն կը պայքարիս, որպէսզի ուրախութեան նկատմամբ հաւատքդ չկորսնցնես…: Իսկ օրերը սորվեցուցած են քեզի, որ զգուշանաս ուրախութենէն, որովհետեւ անոր դաւաճանութիւնը դաժան է, եւ ուրկէ՞ կու գայ քեզի յանկարծ:
***
Ուրիշ բանի մը կը սպասես…:
Սպասման վիճակը միակ արդարացումն է համոզուելուդ պահանջներու, որոնք պիտանի են ամբողջ տարուան համար եւ անոնցմէ, եւ իր տգեղութիւնը միշտ կը յայտնէ մայիսի կէսերուն:
Անցած որեւէ մէկ բանի պատասխանատուն չես: Անցեալը քու սխալներուդ եւ ձեռքերուդ գործը չէ, սակայն ժառանգութիւնդ է: Օրինակ, Տիբերիա գացա՞ծ ես:
Եբրայերէն բանաստեղծութիւն մը կը կարդաս այս քաղաքի նկարագրութեան մասին՝ որ իր ծովը կը շալկէ եւ վար կ՚իջնես՝ զայն չտեսած: Արդեօք բուռն փափաքդ անիմա՞ստ է զայն տեսնելու համար: Նաեւ, պայքարդ այդքան անարժէ՞ք է, եթէ քաղաքներդ ճամբորդել ուզեցիր: Ո՛չ. սակայն կը սպասես: Ինչո՞ւ Տիբերիան տեսնես, երբ արաբական թնդանօթները անոր կողմ ուղղուած են եւ կը խոստանան զայն վերադարձնել:
Կը քնանաս ու ռատիոն անկողինդ մէջ մինչեւ ուշ գիշեր կը նստիս: Արաբական բոլոր ալիքներու խօսնակներուն անունները, լուրերու հաղորդումներու ժամերը, իմաստունէն համարներ կարդալու ժամերը, երգերն ու թատերգութիւններուն ժամերը գիտես: Բոլորն ալ գեղեցիկ են: Արաբները ինչ ալ կ՚ընեն գեղեցիկ է, որովհետեւ անոնք կռնակդ են: Ո՛չ ոք կը հակառակի օդանաւային ընկերակցողներու ձայնին. արդարեւ, բոլորն ալ գեղեցիկ են, այնքան ատեն որ կը յայտարարեն օդանաւի շուտով վայրէջք կատարելու մասին այսինչ կամ այնինչ քաղաքին մէջ: Բոլոր խօսնակները եւ ռատիոյին մէջ աշխատողները խոստացան քեզի փափաքածդ Լոնտոն քաղաքը հասնիլ ապահով կերպով: Հիմա, իրաւունք չունիս իրականութիւնը գիտնալու, որովհետեւ իրականութիւնը գիտնալդ կը նշանակէ սպասելու իրաւունքիդ լրանալը: Իսկ այն օրը, երբ վիճաբանութիւնը ծագեցաւ քննադատներուն միջեւ ճշդելու անհաւանական «Ճուտո»յի ո՛վ ըլլալը, չհասկցար այդ իրարանցումին իմաստը, եւ բոլոր քննադատներէն աւելի խելացի էիր, նոյնիսկ Պեքեթէն1 աւելի: Արդարեւ, ով որ քսան տարի սպասեց, գիտէ Ճուտօն:
Կեսարիա գացա՞ծ ես:
Եբրայերէն բանաստեղծութիւն մը կը կարդաս այս ոսկեայ ծովեզերքի նկարագրութեան մասին եւ հրճուանք կը զգաս: Եւ երբ արաբները կը սխալէին արտաբերելու քաղաքներուդ եւ գիւղերուդ անունները, չէիր բարկանար ու չէիր այպաներ զանոնք: Եբրայեական անուններու տեղեկատուին կը դիմէիր ու կը հասկնայիր: Ապա կը ծիծաղէիր արաբերէն սխալներուն, ինչպէս հայրը կը ծիծաղի իր երեխայի սխալներուն՝ որ տակաւին նոր կը սկսի խօսելու:
Երբեմն կը հարցնէիր.
Ի՞նչ է տարբերութիւնը ասպատակողներուն եւ այս քարերուն, ջուրերուն ու ժայռերուն միջեւ: Որոշ ժամանակ ետք միայն հասկցար, թէ իրենց քաղաքական ու գոյութենական գրականութիւնը խստօրէն փակած է անոր զարմանալիօրէն, եւ կը գործակցի մասնիկներու եւ իրերու հետ, զորս չես տեսներ: Ասիկա սխալդ չէ: Այս օրէն ի վեր, երբ դեռահասութիւնդ վերածուեցաւ բնակութեանդ սահմաններուն, անոնց գրութիւնները միակ միջոցդ դարձան՝ ճանչնալու համար հայրենիքդ: Տարօրինակ յարակարծութիւն մը, այնպէս չէ՞: Ունայնութիւն ունայնութեանց եւ ամէն ինչ անցողիկ է: Ապա, դարձեալ որոշ ժամանակ ետք կը հասկնաս, թէ պայքարիդ մէկ կողմը գոյութենական մրցակցութիւնն է այս հողը սիրելուն, եւ ո՛չ թէ մտային դատ մը միայն: Դատը զգացումին հետ ամուսնացուցին. ինչպէ՞ս: Ասպատակողը ա՞յս աստիճանի ասոր սիրահարուած է: Ֆրանսացիներն ու ամերիկացիները Վիեթնամի անտառներու մասին սիրային բանաստեղծութիւններ չգրեցին, սակայն առանց սիրոյ կը մեռնին: Կը վախնաս մտածումէն, ինչպէս նաեւ կը վախնաս, որ առածը պարտադրանք դառնայ վրադ, բայց Ալճերիան կ՚ազատէ քեզ, որով միտքդ կը խաղաղի ու կը հանգստանաս դարձեալ սպասելու համար:
Քեզի շատ հարցուցած են.
Երազկոտներ…, երազկոտներ ո՜վ արաբներ: Այնքան ատեն որ ձեր պատկանելիութիւնը այս երկրին իրական ու խոր է, ապա ինչո՞ւ անոր բնութեան մասին բանաստեղծութիւն չէք գրեր:
Բնութիւնը… ի՞նչ է: Պատշգամ դուրս կու գաս, գիշերը կը գողնայ քեզ, իսկ պահակը ետ ներս կը վերադարձնէ: Զինուորական ինքնաշարժի անցքէն աչքերդ բնութեան կու տաս: Ինչպէ՞ս կապոյտը, կանաչն ու նարնջագոյնը մէկ ամանի մէջ կը հաւաքուին, բայց չեն խառնուիր: Գոյները իրենց գեղեցկութեան անկախութիւնն ու միատարրութիւնը կը պահպանեն. Կարմէլ լեռը ծովափ կ՚իջնէ, որպէսզի ծովը սկսի: Ծովը կ՚աւարտի, որպէսզի գիշերը սկսի: Գիշերը կ՚աւարտի, որպէսզի հարցաքննութիւնը սկսի:
-Երազկոտներ…, երազկոտներ ո՜վ արաբներ:
-Ո՞վ:
-Որովհետեւ չէք խոստովանիր ժամանակը:
-Ի՞նչ նկատի ունիք:
-Տասնինն տարիներ անցան եւ տակաւին պատրանքներ կը պահանջէք:
-Պատրանքին ընկերանալը ձեզմէ սորվեցանք:
-Ի՞նչ նկատի ունիս:
-Երկու հազար տարիներ անցան եւ տակաւին պատրանքներ կը պահանջէք:
-Ասիկս մեր երկիրն է:
-Մեր երկիրն ալ է:
-Մենք աւելի զօրաւոր ենք:
-Երազկոտներ…, երազկոտներ ո՜վ իսրայէլացիներ:
-Ինչո՞ւ:
-Որովհետեւ չէք խոստովանիր ժամանակը:
-Ի՞նչ նկատի ունիս:
-Ուժը իրաւունք չի՛ ծնիր: Իսկ մենք ժամանակէն աւելի զօրաւոր ենք:
-Սակայն մեր երկիրն է եւ մենք պիտի պաշտպանենք զայն:
-Ուրեմն զէնքի ուժին կը դիմենք:
-Դուք դիմեցիք: Իսկ մենք տակաւին չենք դիմած:
-Յունիսը դրան ետեւն էր:
Կը սպասէիր:
Անոնք ալ կը սպասէին:
Լաւատես եղիր եւ գնա՛ յունիսին:
Այստեղէն, յանկարծ ուրախութիւնը եկաւ քեզի: Իսկ օրերը սորվեցուցին քեզի զգուշանալ ուրախութենէն, որովհետեւ անոր դաւաճանութիւնը դաժան է:
(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1 Սամուէլ Պարքլի Պեքէթ: Իրլանտացի գրող, թատերագիր, գրաքննադատ ու բանաստեղ: Ծնած է Իրլանտա, 13 ապրիլ 1906-ին: 20-րդ դարու նշանաւոր մտաւորականներէն մէկը: Անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով գրած է: Էժէն Իոնեսքոյի հետ «Անհեթեթ թատրոնի - Theatre of the absurd»: 1969-ին արժանացած է Նոպէլեան մրցանակի: Մահացած է 22 դեկտեմբեր 1989-ին: