ՓՈՔՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պէտք է սիրես երկինքը, որպէսզի անձրեւէ:

Եւ ծառերը՝ որպէսզի ծաղկին:

Եւ արուստագէտը՝ որպէսզի ստեղծագործէ:

Եւ չբեր կինը՝ որպէսզի ծննդաբերէ:

Եւ բանակները՝ որպէսզի յաղթեն:

Եւ ժողովուրդները՝ որպէսզի հաւատան:

Սակայն, ինչքա՜ն շատ են մեր օրերուն պարտականութիւնները եւ ինչքա՜ն քիչ՝ իրաւունքները:

Ինչքա՜ն շատ են հերոսները եւ ինչքա՜ն քիչ՝ հերոսութիւնները:

Ինչքա՜ն շատ են տօները եւ ինչքա՜ն քիչ՝ երջանիկները:

Այդ պատճառով, արաբ մարդը, որ երկար սպասումէ ետք այլեւս համոզուեցաւ, թէ ուրիշ սէր պիտի չստանայ՝ բացի այն սէրէն ու եգիպտական ու հնդկական ֆիլմերը կու տան իրեն եւ հետաքրքրասիրութենէ մղուած իւրաքանչիւր հարցուցած հարցումի համար ստացած զօրաւոր ապտակներէն ետք, ան այլեւս ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ հոսող մեծ գետերուն, կամ անոնց աղբիւրենորւն, կամ հոսող ափերուն մօտ չի կանգնիր ու կը բաւարարուի անոնց ափերուն աճող խոտերով:

Օրինակ, ան, ամենայն պարզութեամբ կրնայ հասկնալ եւ ըմբռնել դրդապատճառներն ու պատճառները, որոնք կը մղեն հսկայ յաջողակներն ու տաղանդները՝ բանաստեղծութեան, կամ արուեստի, կամ գիտութեան, կամ փիլիսփայութեան մէջ, ամբարտաւանալու իրենց շուրջ գտնուող հասարակ մարդոց վրայ եւ վարուելու այնպէս՝ ըսէք իրենք ուրիշ մարդկային բնութենէն տարբեր բնութեամբ մը խմորուած ըլլան: Հետեւաբար, ան կրնար հասկնալ եւ ըմբռնել դրդապատճառներն ու պատճառները, թէ ինչպէս իր հասարակ եղբայրներէն ոեւէ մէկը ամենայն հանգստութեամբ կ՚ընդունէր այդ ամբարտաւանութիւնը, ինչպէս նաեւ ո՛չ մէկ առիթ կը կորսնցնէ դիմաւորելու զինք եւ հպարտանալու անով, ըսէք կը շտապէ, օրինակ, ամենայն բարութեամբ հանրակառքին մէջ իր տեղը Փիքասոյին զիջելու, իսկ սրճարանին մէջ՝ Րամպոյին, թատրոնին մէջ՝ Կէօթէին, փուռին մէջ՝ Մաքսիմ Կորքիին, մաքսատունէն ներս՝ Սարա Պեռնարին, կառավարական հիմնարկներէն ներս՝ Չեխովին, լուսացոյցներուն մօտ՝ Հեմինկուէյին, բժշկական կեդրոններուն մէջ՝ Այնըշթայնին: Սակայն, ան չի՛ կրնար հասկնալ ու ըմբռնել, թէ ինք ինչո՞ւ պարտաւոր է իր աթոռը՝ հանրակառքին, օդանաւին, թատրոնին, մարզադաշտերուն մէջ, իսկ կարգը՝ կառավարական խանութներու, կառավարական կեդրոններու, կրթական պատուիրակութիւններու, դրամական վարկերու, լուսացոյցներու, բժշկական կեդրոններու մէջ զիջիլ անոր՝ որ իրմէ ոչինչով աւելի է, բացի այն բանէն, որ պատահականօրէն կը պատկանի այս կամ այն վարչակարգին, կամ ալ իր շրջանին մէջ գործող ուժերէն մէկուն:

Ես իմ այս աչքերովս՝ որ հեռատեսիլը պիտի ուտէ, Անգլիոյ ներքին գործոց նախարարը Լոնտոնի ճաշարաններէն մէկուն մուտքին տեսայ՝ իր ծեր կնոջ հետ՝ կռթնած սիւնի մը, կը նայէր իր ժամացոյցին՝ սպասելով, որ սեղան մը ազատուի: Անշուշտ ո՛չ աչքերուս եւ ոչ ալ ականջներուս հաւատացի, սակայն մեզ հիւրընկալողը հաստատեց այդ բոլորը, երբ ըսաւ.

-Այստեղ, կամ որեւէ մէկ եւրոպական երկրի մէջ, ներքին գործոց նախարար…, արտաքին գործոց նախարար, իրենց գրասենեակներէն դուրս այն է՝ ինչ է սովորական քաղաքցին եւ ոչ ոք անոր ուշադրութիւն կը դարձնէ:

Ըսի անոր.

-Իրապէս կ՚ըսեմ, եթէ այս նոյնը ըլլար յառաջադէմ կամ յետադէմ որեւէ մէկ արաբական երկրի մէջ եւ այսպիսի կամ ասոր նման ճաշարանէ մը ներս ո՛չ թէ ներքին կամ արտաքին գործոց նախարարներէն մէկը, այլ նախարար մը՝ որ նախարարութիւն իսկ չունի մտնէ եւ տեսնէ, թէ ազատ տեղ չկայ, ապա բոլոր յաճախորդները մէկ կողմ կը թափէ ու անոնց տեղը կը նստի, ասիկա անշուշտ՝ եթէ յաճախորդ մնայ: Տակաւին, անմիջապէս խոհանոցէն մինչեւ իր սեղանը օդային կամուրջ մը կը կառուցուի եւ ճաշարանի բոլոր աշխատողները անոր ծառայութեան կ՚անցնին, կատարելու համար անոր ուզածները, ինչպէս նաեւ սպասելու անոր մատին, կամ ատրճանակին, կամ դանակին մէկ նշանը:

Ինչո՞ւ համար անոնք ամենէն յառաջադէմ երկիրներուն մէջ ունին ամենէն լաւ պտուղները, մթերքները, ամենէն մաքուր ջուրերը եւ ամենէն նոր ինքնաշարժները, ամենէն նշանաւոր հիւրանոցները, ամենէն ազնուական հանգստեան գօտիներն ու քազինոները:

Ինչո՞ւ համար ժողովուրդին կերած հացէն չեն ուտեր:

Չեն հագնիր անոր հագած հագուստներէն:

Չեն բնակիր անոր բնակած թաղամասերուն մէջ:

Չեն յաճախեր անոր յաճախած վայրերը:

Չեն նստիր անոր զբօսայգիներուն մէջ:

Չեն քալեր անոր մայթերուն վրայ:

Նոյնիսկ չեն ծիծաղիր անոր ըրած կատակաբանութիւններուն վրայ:

Այլ՝ իրենց յատուկ կատակաբանութիւններ կ՚ուզեն, որ տակաւին չէ՛ գործածուած, որպէսզի ծիծաղին անոր վրայ:

Անոնցմէ ո՛չ ոք կը տեսնես աջակողմեան կամ ձախակողմեան երկիրներու մէջ, առանց զինք շրջապատած իր պաշտօնեաներուն, կամ կիտած յօնքերուն՝ իր մօտ եկողներուն դիմաց, քիթը բարձր՝ օթոյի ղեկին ետեւը, տեղական, արաբական եւ միջազգային պարբերականները իր կռնակին ետեւ նետած՝ ուժով եւ անտարբերութեամբ, կարծես ինք աշխարհի բոլոր լուրերէն եւ իրադարձութիւններէն աւելի կարեւոր է:

Ի՞նչ բանի համար…, իրապէս չեմ գիտեր:

Պաղեստինի՞ համար, որ վերդարձուցին:

Արաբական, իսլամական կամ ափրիկեան միութեա՞ն համար, որ իրականցուցին:

Գիտութիւններո՞ւն վրայ, որ զարգացուցին: Կամ տիեզերանաւերո՞ւն վրայ, որ արձակեցին:

Այս բոլորով հանդերձ, անոնք կը զարմանան, թէ ինչու իրենց ժողովուրդները տօներու, առիթներու եւ հանդիսութիւններու ընթացքին մասնակից չեն դառնար իրենց ուրախութիւններուն եւ տօնախմբութիւններուն, անգիտանալով, որ իրենք իրենց ժողովուրդներուն համար նման են այն ամուսինին, որ կը հարուածէ իր կնոջ, կը նսեմացնէ ու կ՚անպատուէ զինք եւ չի՛ ձգեր, որ ամբողջ օրը անոր արցունքը չորնայ, իսկ տօնական ընդունելութիւններու ժամանակ կ՚ուզէ, որ իր կողքին ըլլայ՝ ձեռքը անցուցած իր ձեռքին, հմայւած եւ հրապուրուած նայուածքներով նայի իրեն հիւրերուն եւ այցելուներուն դիմաց:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունուար 15, 2025