ՊԱՌԱԿՏՈՒՄՆԵՐԷ ԱՆԴԻՆ
Սուրիոյ դէպքերը, ծովափնայ շրջաններու տագնապը, քիւրտերու հետ համաձայնութիւնը եւ «Սահմանադրական հռչակագիր»ը… Վերջին օրերուն Սուրիան ցնցած դէպքերը կերպով մը փարատած են։ Կայ համընդհանուր կարծիք, թէ Սուրիոյ ծովափնեայ շրջաններու դէպքերը կրնային երկրի հունը փոխել, սակայն, բարեբախտաբար, այդպէս տեղի չունեցաւ։ Սուրիոյ իշխանութիւնները, որոնք կանգնած էին բաւական դժուար իրավիճակներու առջեւ, կարողացան պահել երկրի ներքին անդորրը։ Ճիշդ է, որ տակաւին վէրքը բաց է Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ (Լաթաքիա, Քըրտահա, Պանիաս եւ Թարթուս), բայց եւ այնպէս, ներկայ դրութեամբ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ փոխանցման շրջանի ղեկավարութեան եւ իշխանութեան նախագահ Ահմէտ Շարայի ամբողջական տիրապետութեան ներքեւ։
Այս բոլորը ներկայացնելու կողքին, հարկ է, անշուշտ, նշել, որ Սուրիոյ մէջ կայք հաստատած եւ իշխանութեանց հետ համագործակցող (մեծամասնութեամբ սիւննի) խմբաւորումներ գրոհներ կազմակերպեցին եւ կարողացան մի քանի օրուան ընթացքին իրենց տիրապետութեան տակ առնել այն քաղաքները, որոնց բնակիչները հիմնականին մէջ կը պատկանին երկրի ալեւի համայնքին։ Ու հոս կը ծագի նաեւ մեծագոյն հարցադրումը, թէ ի՞նչ հունով եւ ի՞նչ ձեւաչափով զարգացան այդ դէպքերը, որոնք հատեցին սովորական ռազմական բախումներու շրջափուլը ու տեղ մըն ալ վերածուեցան բառիս բուն իմաստով սպանդներու։ Կարգ մը գիւղերու մէջ գործուեցան անասելի սպանութիւններ, որոնք տեղ մըն ալ հարուածեցին նոր իշխանութիւններուն վարկը։
Այս բոլորի ժամանակ միջազգային լրահոսին եւ ընկերային ցանցերու մէջ կը վխտային տարաբնոյթ տեսանիւթեր, ուր «կը ներկայացուէին» այն սպանութիւնները, որոնց զոհ կ՚երթային (մեծ հաշուով) անզէն քաղաքացիներ։ Ի հարկէ, ցնցիչ էին տեսարանները եւ կային վերլուծումներ, ըստ որոնց՝ այդ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած դէպքերը պիտի տարածուէին ամբողջ Սուրիոյ մէջ։ Նոյն պահուն էր նաեւ, որ արաբական կարգ մը աղբիւրներ (մեծամասնութեամբ սիւննի աշխարհին, հետեւաբար նաեւ Սէուտական Արաբիոյ սատարող) կը տարածէին տեղեկութիւններ, որոնց խորքին մէջ կը մատուցուէր չոր համոզում մը այն մասին, թէ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն խժդժութիւնները հետեւանքն էին որոշ հրահրումներու։ Բնականաբար, այս բոլորը տեղ մը մեծ կասկածներու դուռ բացաւ, որովհետեւ պատերազմական շրջաններու դէպքերուն մասին անկարելի է վերջնական եզրակացութիւններու յանգիլ։ Միւս կողմէ, կար լուրջ մտավախութիւն, թէ ստեղծուած սարսափելի տեսարանները հետեւանքն էին հին վրէժի ու վրէժխնդրութիւններու, որոնք մինչեւ այս պահը պահուած կը մնան Սուրիոյ հողերու ընթերքին։
Այդ մէկը կը բացատրուէր հինէն եկած փոխվրէժի խնդրով մը, որուն, անշուշտ, փոխկապակցուած էին Սուրիայէ ներս փոքրամասնութիւն համարուող ալեւի համայնքէն սերած անկեալ Էսատի վարչակարգի ժամանակին կատարած ցեղային զտումները։
Առանց սպանութիւնները արդարացնելու, խորքին մէջ, այդ վրէժը դարձեալ մարմին կը զգենուր՝ արեան եւ սարսափի տխուր էջեր աւելցնելով Սուրիոյ տասը եւ աւելի տարիներու արիւնահեղ պատերազմի տարեգրութեանց վրայ։ Այս բոլորը տեղի ունեցաւ շատ արագ, իր ետին թողելով կարեւորագոյն ու մեծ հարցում մը, որ կապուած է Սուրիոյ միասնութեան գաղափարին հետ։ Արդեօք Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները պիտի կարողանա՞ն պահել-պահպանել երկրի միասնութիւնը կամ դէպքերը պարզապէս նախակարապետն են կամ նոր «աւետիս» մը, այն արիւնալի նոր փուլէն, որ այս օրերուն կանգնած է Սուրիոյ դռներու ետին։ Հրապարակաւ լսելի դարձած հարցումը, խորքին մէջ, բոլորի մտքին մէջ կը պտտի՝ ներառեալ Սուրիոյ բոլոր տարբաղադրիչները, դաւանական խումբերն ու փոքրամասնութիւնները։
Այստեղ հարկ է նաեւ գրել Սուրիոյ «հայկական ճակատ»ին կամ տարբաղադրիչին մասին, որ անցաւ մեծ ու դառնագոյն փորձութիւններէ եւ այսօր իշխանափոխութենէն ծնունդ առած յոյսերուն մէջ կը փորձէ վերագտնել ինքզինք ու անգամ մըն ալ իր ոտքերը ամրացնել Սուրիոյ հիւրընկալ ափերուն վրայ։ Ժամանակն է մեծ դարմանը մեր հարցերուն, մտահոգութիւններուն եւ, անշուշտ, յոյսն է ամենէն մեծ ապաւէնը այս բոլորին զուգահեռ։ Այդ յոյսը առաւելաբար կը հոսի խաղաղ, բարգաւաճ եւ արժանապատիւ քաղաքացիներով նոր Սուրիա մը կերտելու հետ փոխառընչուելով եւ անոր համար գէթ այս պահուն Սուրիոյ հարեւանները (Թուրքիա, Իրաք, Յորդանան) պատրաստ են իրենցմէ կախեալ նեցուկը տրամադրել։
Մեծ խնդիրը Սուրիոյ ներսն է. արդեօք միւս համայնքները պատրա՞ստ են անկեղծ գործակցութեան մը ճանապարհը բաժնել երկրի սիւննի բաղկացուցիչին հետ, որ մեծամասնութիւն կը կազմէ։ Եթէ այո՛, ապա այն ատեն դրական գործընթացները շատ արագօրէն պիտի աճին, իսկ եթէ ոչ, ապա այդ պարագային ստեղծուելիք պատկերը կրնայ տատանիլ մոխրագոյնի եւ սեւի միջեւ։
Կայ նաեւ քիւրտերու հետ նոր էջ մը բանալու նիւթը։ Ծովեզերեայ շրջաններու դէպքերը տակաւին ամբողջութեամբ չէին փարատած, երբ Սուրիոյ ղեկավարութիւնը կը յայտարարէր համաձայնութեան մը ստորագրման մասին։ Մէկ կողմէ Ահմէտ Շարա եւ միւս կողմէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի ստորագրութիւն դրին այդ համաձայնութեան տակ՝ կերպով մըն ալ նոր էջ մը բանալով երկու կողմերուն տեսակէտէ եւ յատկապէս քիւրտերուն համար, որոնք Սուրիոյ կարեւոր բաղկացուցիչներէն են։
Տասնամեակներ շարունակ քիւրտերը մնացած են անտեսուած ու ահա այսօր կայ փորձ մը՝ զանոնք ներգրաւելու երկրի ընդհանուր գործընթացին մէջ։ Յստակ էր նաեւ, որ այս համաձայնութիւնը երկար բանակցութիւններու արդիւնք է եւ ան ստորագրուած է Սուրիոյ ծովափնեայ շրջաններու տխուր դէպքերէն ետք։ Հոս նաեւ կարեւոր է հաշուի առնել, որ Մազլում Ապտի առանց վստահեցումներու նման համաձայնութիւն մը ստորագրած չի կրնար ըլլալ։
Թէ ինչքանո՞վ այս բոլորը կապ ունի Թուրքիոյ մէջ քրտական ենթագետնին վրայ կատարուածներուն հետ՝ ցարդ թէեւ յստակ չէ, սակայն, շատ պարզ է, որ տարածաշրջանէն ներս նոր ու դրական պատկեր մը ստեղծելիք յառաջատար ուժն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որ իրական կնքահայրը կրնայ ըլլալ։
Շարայի ստորագրած «Սահմանադրական հռչակագիր»ը՝ Սուրիոյ դէպքերու վերջին խազն է։ Սա կարեւոր վաւերաթուղթ մըն է։ Սա իրաւական ճանապարհային քարտէս մըն է, որու մէջ կը նշուի, որ Սուրիոյ փոխանցման շրջանի իշխանութիւնները պիտի գործեն հինգ տարուայ ժամկէտով մը եւ աւարտին պիտի կազմակերպեն ընտրութիւններ։ Վաւերաթուղթին մէջ կը նշուի, որ երկրի պատկան մարմինները պիտի ապահովեն բոլոր համայնքներուն եւ փոքրամասնութիւններուն ազատութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի յարգուին կանանց իրաւունքներն ու մամուլի, խօսքի ազատութիւնները։ «Սահմանադրական հռչակագիր»ը կը բաղկանայ քանի մը կարեւոր կէտէ։
Այսպիսով կարեւոր նոր փուլ մը կը թեւակոխէ Սուրիան, որու պատկան մարմինները երկիրը կը դնեն իրաւական-սահմանադրական ուղիի մը վրայ, որ կրնայ ամրացնել ներքին կայունութիւնը եւ զուգահեռաբար՝ խթան կրնայ դառնալ ընդհանուր անվտանգութեան ամրացման։
Այս բոլորը, ի հարկէ, յաջողութիւն կը գտնէ, եթէ երկրի միւս բաղկացուցիչները լիարժէք կերպով յարմարուին ստեղծուած կացութեան, գործակցին նոր իշխանութիւններուն հետ ու ամենակարեւորը՝ հեռու մնան արտաքին միջամտութիւններէ կամ պառակտման հետամուտ նկրտումներէ։
Պէտք չէ մոռնալ, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները կը վայելեն ամբողջական նեցուկն ու զօրակցութիւնը սիւննի աշխարհի գլխաւոր խաղացողներուն՝ այլ խօսքով Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան