ՎԻՊԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԻ ՄԱՍԻՆ…

Մեծն Շահան Շահնուր (Շահնուր Քերեսթէճեան) կը գրէ «մենք»ի լեզուով։ Ան յստակ բնորոշում մը չի տար, թէ իր կարծիքով որո՛նք են այդ «մենք»ը, սակայն, անոր «Մենք» խորագրեալ յօդուածը կարդալէ ետք շատ բան երեւելի կը դառնայ, թէ որո՞ւ մասին կը խօսի Շահնուր։ 

Այդ յօդուածին մէջ կան երկու խորքային գիծեր, որոնք դանդաղ եւ սակայն հաստատուն կերպով կը յառաջանան ու մեզ կը տանին այդ օրերու ընդհանուր քննարկումներու պատկերին։ Նախ հողը կորսնցնելու հարց մը կայ, յետոյ նաեւ կայ կոչ մը՝ ճանչնալու մեր կարողութիւնները ու վիպապաշտութիւն ընելէ անդին երթալով պահել-պահպանելու համար այն, ինչ որ մնացած է։

Յաւերժական պայքարներու, խօսոյթներու տարբերութեան եւ ներքին պայքարներու մէջ մկրտուելու համար չի գրեր Շահնուր, այլ ըսելու համար, որ գրականութիւնը պարտաւոր է կապուած ըլլալ կեանքին։ 

Աւելին, եթէ կը խօսինք գրականութեան մը մասին, պարտաւոր ենք հաշուի նստիլ այն հանգամանքներուն հետ, որոնք կը գտնուին մեր շուրջ, նաեւ տեսնել այն վիճակները, որոնք կը շրջապատեն մեզ։ Մենք կրակողներ չենք ու գրականութիւնը կրակելու մասին չէ։ 

Այն կրակոցները, որոնց կ՚ակնարկեմ, գրեթէ սփիւռքի իւրաքանչիւր համայնքի մէջ ալ կան ու պիտի շարունակուին այնքան ժամանակ, երբ անոնց կարիքը կայ։ Այս կէտին, անշուշտ, տարբերութիւնը «Հաւաքական մենք»ին եւ միւս իսկական «Մենք»ին միջեւ է, որուն ակնարկած է Շահան Շահնուր։ Եւ այստեղ աշխարհագրութեան, տեղի, վայրի, տարածութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ այնքան ժամանակ, երբ մենք կը հոսինք ինքնութենէ մը, որ մերն է, բայց եւ այնպէս, խլուած է մեզմէ ամենատարբեր հանգամանքներու բերումով։ 

Որո՞ւ դէմ կռուեցանք ի վերջոյ եւ ի՞նչ շահեցանք մենք այդ կռիւներէն։

Իմ սերունդը, որ Պուրճ Համուտի թաց մայթերէն կը հասնէր, այսօր սփռուած է աշխարհով մէկ։ Մեզմէ շատերը, որոնք հրապարակ ելան գրականութիւն մը հասցնելու երազով, այսօր արդէն լռած ու սմքած են։ Ուրիշներ, որոնք գիշեր ցերեկ «Դէպի երկիր» կը պոռային, լաւագոյն պարագային նախընտրեցին գրասեղանի մը ետեւ նստիլ, սիկառէթ մը վառել եւ մտածել, թէ յառաջիկայ տարուան ամավերջի հանդէսին ո՛ր աթոռը պիտի գրաւեն, որո՛ւ պիտի բարեւեն եւ ինչպէ՛ս պիտի հեռանան լուսաւոր սրահէն։ «Դէպի երկիր»ը դարձաւ պատէն կախուած լուսանկար մը եւ պարզապէս աւելցաւ մեր օրագրութեան վրայ՝ որպէս յիշատակելի օր, որուն համար ամէն տարի մենք պարտաւոր էինք հոգեհանգիստ մը ընել։ Յար եւ նման «Մահ կամ ազատութիւն» լոզունգին, որուն մէջ շաղախուեցաւ երկար տարիներով արիւն-քրտինք կտրածներու մաքուր արիւնը։

Փուլը, որ անցած է, փաստօրէն կը պատկանի անցեալին, սակայն մեծ խնդիր է, որ մենք չսորվեցանք այդ անցեալի դասերէն ու այսօր ալ կը շարունակենք թիավարել հոսանքն ի վեր։ 

Հոսանքը խորքին մէջ մեր կողմէ հրապարակ նետուած բառ մըն է, որովհետեւ իսկութեան մէջ մենք է, որ տակաւին կը հաւատանք, թէ ինչ-որ հոսանք մը կայ եւ պարտաւոր ենք պայքարիլ այդ հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ։ Մոռցած ենք, որ պայքար պէտք չէ, պէտք է իրողապէս լողալ, մտնել ջուրերուն խորունկը ու հասկնալ այդ ջուրերուն խորհուրդն ու մակարդակը։ Եթէ պահ մը պէտք է սուզուիլ, ապա սուզուիլ ու մնալ լռութեան մը մէջ, մինչեւ որ ջուրերը հանդարտին ու մենք դարձեալ կերպով մը հասնինք դէպի ապահով ափեր։

Ի հարկէ, վիպական չէ ըսածս, մեզմէ շատերուն համար անօդաչու սարքերու դէմ սուր ճօճելն է կարեւորը, որպէսզի վաղուան օրը վկայութիւն մը տանք, հերոսի մը մասին երկու խօսք ըսենք, երգ մը երգենք ու մեր դիմաց դրուած դագաղին վրայ մեխակ մը դնենք... Մենք վիպականութիւնը դարձուցած ենք ամէնօրեայ ապրում ու անոնք, որոնք մեզի այդ վիճակէն դուրս հանել կը փորձեն, զանոնք պիտի տեսնենք հակառակորդ ու թշնամի։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

•շար. 1

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 16, 2026