ԱՄԵՐԻԿԱՆ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՆ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մաքրամաքուր ազնուութեամբ, երազական աշխարհով գործել ու անոնցմով կշռադատել միջազգային յարաբերութիւններն ու պետութիւններու վարած քաղաքականութիւնը, բնականաբար, նուազագոյնը անարդար է։ Ո՛չ միայն համամարդկային ու հասարականութեան գերագոյն պայծառ նպատակին տեսանկիւնէն, այլ՝ ինքնին մարդկային կիրառուած ու գործնական կեանքի բերումով, որ չէ կրցած զարգանալ կամ նուազագոյնը հոլովուիլ առանց շահի հասկացողութեան: Եւրոպան ու Եւրոպական Միութիւնը աշխարհի ամենազարգացած կամ յետամնաց, արմատական կամ ազատական, թունդ կամ հանդուրժողական պետութիւններուն կամ անոնց վարչակարգերուն, կազմակերպութիւններուն եւ ամենակարեւորը՝ անհատներուն կողմէ ցարդ վատ, հրեշային, անպիտան ու փտած միութիւն չէ համարուած։ Այս մէկը չենք կրնար ըսել, օրինակ, Սովետական Միութեան, արաբական երկիրներու կազմակերպութեան կամ ափրիկեան միութենական կառոյցներուն համար:

Գալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, որ ինչպէս յայտնի է, կազմաւորուեցաւ 16-17-րդ դարէն սկսեալ եւ միջազգային բեմ իջաւ հիմաւորապէս Համաշխարհային առաջին պատերազմին, իսկ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն վերջ վերածուեցաւ գերուժի, ապա Սովետական Միութեան քայքայումէն ետք միաբեւեռօրէն կը տիրապետէ աշխարհին: ԱՄՆ-ի պատմութիւնը յարաբերաբար խեղճ է եւ բնաւ թատերաբեմ չէ հանդիսացած համամարդկային մեծ եղելութիւններու։ Բայց եւ այնպէս, միաժամանակ ԱՄՆ-ի կատարած արհեստագիտական նուաճումներու տարողութիւնը իրեն առիթն ու այսպէս ըսած իրաւականութիւնը պարգեւեց՝ նոյն իր պատմական ձեւով մը անվաւերականութիւնը հատուցելու: Ամերիկային իրականացուցած գիտական ու մանաւանդ արհեստագիտական մակարդակով մարդկային զարգացման կիրքն ու ծաւալը բարձրացուց՝ անգերազանցելի ու գերտարբերուող աստիճանի:

ԱՄՆ-ը իր քաղաքակրթական ու մշակութային պարունակով Եւրոպայի շարունակութիւնն է, իսկ անոր առաւելութիւնը ձեւով մը կը մարմնաւորուի այն իրողութեան մէջ, որ Ամերիկան կրցաւ Եւրոպական Միութեան քաղաքակրթական արժէքն ու դրսեւորումը բերել, մշակել ու հրամցնել մէկ ազգային միաւորի հովանոցով. որն է ամերիկեան ժողովուրդի կամ նոյնիսկ ազգութեան մշակոյթը: Ամերիկացիին մէջ ամենաշատը եւրոպականն էր ու է տիրականն ու ղեկավարողը՝ քան ասիականն ու ափրիկեանը (հակառակ անոր ձեւափոխումներուն ու իրաւաքաղաքական եւ ընկերաբանական վերակառուցումներուն): ԱՄՆ-ը կրնանք համարել եւրոպական ծրագիր ու այսպէս ձեւակերպած՝ եւրոպական տարբերակի ու տարբերակումի կատարելագործում (ո՛չ թէ միութենական Եւրոպայի իմաստով, որ աւելի պայծառ կրնայ համարուիլ Եւրոմիութեան օրինակով, այլ՝ զուտ ազգային պետութիւններու բովանդակութեամբ ու ուժականութեամբ): Կրնանք ըսել ԱՄՆ-ը Անգլիան է, Ֆրանսան է, Գերմանիան է՝ աւելի համաշխարհայնացած, ճիւղաւորուած ու զարգացած տեսքով։ Բայց եւ այնպէս, ան իրենց բոլորի միութիւնը չէ՛ եւ չի՛ կրնար ըլլալ, ինչքան ալ անունը ըլլալ Միացեալ Նահանգներ։ Ան ինքնին ունի տարբեր շերտաւորում ու քաղաքա-ընկերաբանութիւն կամ մշակութաբանութիւն:

Ամերիկան իր բազմազգութեան ու այլազանութեան առաւելութեամբ կը մնայ ազգ-պետութիւն: Ամերիկային հիմնադիր, տիպային տէրն ու ներկայացուցիչը ամերիկացին է, որ ինչքան ալ ասիացի կամ ափրիկեցի ըլլայ, իր մէջ գերակշռօրէն ծաղկած է եւրոպացին, որու կոփումով դարձած է ամերիկացի: Այս կէտին կը ծագի հարց մը. ինչո՞ւ յատկապէս ԱՄՆ դարձաւ ամերիկեան ցամաքամասի ամենազօրաւոր ու զարգացած երկիրը, ապա դարձաւ գերպետութիւն ու աշխարհը միահեծանօրէն ղեկավարող երկիր: Օրինակ՝ ինչո՞ւ Գանատան կամ Պրազիլը չկրցան այդ մէկը ընել: Անշուշտ, կան բազմաթիւ պատճառներ եւ այս կէտին չենք կրնար անտեսել միջազգային յարաբերութիւններու պատահականութեան ալ գործօնը, իսկ աւելի առարկայականօրէն ԱՄՆ-ի դիրքն ու անգլիական թեքումի կատարելագործումը եւ անգլիական պարարտ հողի տուած կայսերականութեան ակամայ կամ խելացի օգտագործումը եւ անոր համեմումը միջազգայինով։ Այս բոլորը ԱՄՆ-ին տուաւ առաւելութիւններ ու ան խելացիօրէն ժառանգեց, եթէ չըսենք սեփականացուց, անգլիական թողուած աւանդն ու «աւարը» Միջին Արեւելքի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, իսկ Իսրայէլի հետ հաստատած հաստատակամ ու ուժականացնող կապը իրեն տուաւ տարբեր ծալք մը:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 17, 2025